ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28


Գլուխ 13

Անտիոքի մէջ եղած եկեղեցիէն քանի մը մարգարէներ ու վարդապետներ կային, Բառնաբաս ու Շմաւոն, որ Նիւգէր կը կոչուէր եւ Ղուկիոս Կիւրենացին ու Մանայէն, Հերովդէս չորրորդապետին սննդակիցը եւ Սօղոս։
2 Երբ ասնոք Տէրոջը պաշտօնին մէջ էին եւ ծոմ կը պահէին, Սուրբ Հոգին ըսաւ. «Զատեցէ՛ք ինծի Բառնաբասը եւ Սօղոսը այն գործին համար, որուն ես կանչեր եմ անոնք»։
3 Այն ատեն ծոմ պահելով եւ աղօթք ընելով՝ ձեռք դրին անոնց վրայ ու ղրկեցին։
4 Անոնք ալ Սուրբ Հոգիէն ղրկուած՝ Սելեւկիա իջան ու անկէ անցան Կիպրոս։
5 Սաղամինա հասնելով՝ Հրեաներու ժողովարաններուն մէջ Աստուծոյ խօսքը կը քարոզէին ու Յովհաննէսն ալ իրենց սպասաւորութիւն կ’ընէր։
6 Անոնք պտըտելով այն [բոլոր] կղզին գացին մինչեւ Պափոս, հոն գտան սուտ մարգարէ՝ Հրեայ մոգ մը, որուն անունը Բարեյեսու էր,
7 Որ փոխանորդ բդեշխին հետ էր, որ կը կոչուէր Սերգիոս Պօղոս, խելացի մարդ մը։ Ասիկա Բառնաբասը եւ Սօղոսը հրաւիրելով՝ ուզեց Աստուծոյ խօսքը լսել։
8 Սակայն անոնց դէմ կեցաւ Եղիմաս մոգ, (քանզի այսպէս կը թարգմանուի անոր անունը,) որ կ’ուզէր փոխանորդ բդեշխը հաւատքէն դարձնել։
9 Բայց Սօղոս, որ Պօղոս ալ կը կոչուի, Սուրբ Հոգիով լեցուած, աչքերը անոր վրայ տնկեց
10 Ու ըսաւ. «Ո՜վ ամէն խաբեբայութիւնով եւ ամէն խորամանկութիւնով լեցուած Սատանայի որդի, թշնամի բոլոր արդարութեան, պիտի չդադրի՞ս Տէրոջը շիտակ ճամբաները ծռելէ։
11 Հիմա Տէրոջը ձեռքը ահա քու վրադ է ու կոյր պիտի ըլլաս՝ ատեն մը արեւը չտեսնելով»։ Իսկոյն անոր վրայ մէգ ու խաւար իջաւ ու պտըտելով առաջնորդ կը փնտռէր։
12 Այն ատեն փոխանորդ բդեշխը, երբ այս բաները տեսաւ՝ հաւատաց, մեծապէս զարմանալով Տէրոջը վարդապետութեանը վրայ։
13 Պօղոս ու իր ընկերները Պափոսէն ելան, գացին Պամփիւլիայի Պերգէն. բայց Յովհաննէս անոնցմէ զատուելով՝ Երուսաղէմ անցաւ։
14 Անոնք ալ Պերգէէն գացին ու հասան Պիսիդիայի Անտիոքը եւ շաբաթ օրը ժողովարան մտնելով՝ նստան։
15 Ու օրէնքին եւ մարգարէներուն կարդացուելէն յետոյ՝ ժողովրդապետները մարդ ղրկեցին իրենց ու ըսին. «Մարդի՛կ եղբայրներ, եթէ դուք ժողովուրդին խօսելու յորդորական խօսք մը ունիք՝ խօսեցէք»։
16 Այն ատեն Պօղոս ոտքի կայնելով՝ ձեռքը շարժեց ու ըսաւ. «Ո՛վ Իսրայէլացի մարդիկ եւ դուք որ Աստուծմէ կը վախնաք, մտի՛կ ըրէք։
17 Այս Իսրայէլ ժողովուրդին Աստուածը մեր հայրերը ընտրեց ու ժողովուրդը բարձրացուց Եգիպտոսի մէջ պանդխտութեան ատենը եւ զօրաւոր բազուկով զանոնք հանեց։
18 Քառասուն տարի անապատին մէջ կերակրեց զանոնք։
19 Քանանի երկրին մէջ եօթը ազգ կործանելով՝ անոնց երկիրը իրենց տուաւ որ ժառանգեն։
20 Անկէ յետոյ չորս հարիւր յիսուն տարիի չափ դատաւորներ տուաւ անոնց մինչեւ Սամուէլ մարգարէն։
21 Ետքը թագաւոր ուզեցին եւ Աստուած Կիսի որդին Սաւուղը տուաւ անոնց, Բենիամինին ցեղէն մարդ մը, քառասուն տարի։
22 Յետոյ զանիկա փոխեց, Դաւիթը տուաւ իրենց թագաւոր, որուն համար վկայութիւն տալով՝ ըսաւ. «Յեսսէի որդին Դաւիթը գտայ իմ սրտիս համեմատ մարդ, որ իմ բոլոր կամքս պիտի կատարէ»։
23 Ասոր սերունդէն Աստուած իր խոստումին պէս Իսրայէլին՝ Փրկիչ Յիսուսը հանեց.
24 Դեռ անիկա իր պաշտօնը չսկսած՝ Յովհաննէս նախապէս Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին ապաշխարութեան մկրտութիւնը քարոզեց։
25 Երբ Յովհաննէս իր ընթացքը կը կատարէր՝ ըսաւ. ‘Ո՞վ կը կարծէք թէ եմ. ես Քրիստոսը չեմ, հապա անիկա ահա՛ իմ ետեւէս կու գայ, որուն ոտքերուն կօշիկները քակելու արժանի չեմ’։
26 Մարդի՛կ եղբայրներ, Աբրահամին տոհմին որդիներ՝ անոնք որ ձեր մէջ աստուածավախ են՝ այս փրկութեան խօսքը ձեզի ղրկուեցաւ։
27 Քանզի Երուսաղէմ բնակողները եւ անոնց իշխանները ո՛չ զանիկա ճանչցան, ո՛չ ալ մարգարէներուն ձայները՝ որոնք ամէն շաբաթ օրերը կը կարդացուին, բայց գրուածները կատարեցին՝ զինք դատապարտելով
28 Եւ մահուան պատճառ մըն ալ չգտած, Պիղատոսէն խնդրեցին, որ անիկա սպաննուի։
29 Երբ անոր համար բոլոր գրուած բաները կատարեցին, փայտէն վար իջեցնելով՝ գերեզմանին մէջ դրին։
30 Բայց Աստուած զանիկա յարուցանեց մեռելներէն։ Յիսուս շատ օրեր երեւցաւ անոնց,
31 Որ իրեն հետ Գալիլիայէն Երուսաղէմ ելեր էին, որոնք հիմա անոր վկաներն են ժողովուրդին առջեւ։
32 Մենք ալ ձեզի կը քարոզենք այն խոստումը, որ հայրերուն ըրած էր,
33 Որ Աստուած կատարեց մեզի, որ անոնց զաւակներն ենք, Յիսուսը յարուցանելով, ինչպէս երկրորդ սաղմոսին մէջ ալ գրուած է. ‘Դուն իմ Որդիս ես, ես այսօր քեզ ծնայ’։
34 Եւ որ զանիկա մեռելներէն յարուցանեց, անգամ մըն ալ ապականութիւն պիտի չտեսնէ։ Այսպէս կ’ըսէ. ‘Ձեզի պիտի տամ Դաւիթին հաւատարիմ սուրբ խոստումները’։
35 Եւ ուրիշ սաղմոսի մը մէջ ալ կ’ըսէ. ‘Քու Սուրբիդ ապականութիւն տեսնել պիտի չտաս’։
36 Վասն զի Դաւիթ իր դարուն մէջ Աստուծոյ կամքին ծառայելով՝ մեռաւ ու իր հայրերուն քով դրուեցաւ եւ ապականութիւն տեսաւ։
37 Բայց ան, որ Աստուած յարուցանեց՝ ապականութիւն չտեսաւ։
38 Ուրեմն յայտնի ըլլայ ձեզի, մարդի՛կ եղբայրներ, որ Յիսուսի միջոցով ձեզի մեղքերու թողութիւն կը քարոզուի։
39 Այն ամէ՛ն բաներէն՝ որոնցմէ Մովսէսին օրէնքովը չկրցաք արդարանալ, բայց ամէն ով որ Յիսուսին հաւատայ, պիտի արդարանայ։
40 Արդ՝ զգուշացէ՛ք, որ չըլլայ թէ ձեր վրայ գայ այն որ մարգարէներուն մէջ ըսուած է.
41 ‘Նայեցէ՛ք, արհամարհողներ եւ զարմացէ՛ք ու ոչնչացէ՛ք. վասն զի գործ մը պիտի ընեմ ձեր օրերուն մէջ, այնպիսի գործ մը՝ որ եթէ մէկը ձեզի պատմէ, պիտի չհաւատաք’։
42 Երբ անկէ դուրս ելան, կ’աղաչէին որ հետեւեալ շաբաթ՝ ՝ ալ նոյն խօսքերը իրենց խօսին։
43 Երբ ժողովուրդը արձակուեցաւ, Հրեաներէն ու նորահաւատ բարեպաշտներէն շատեր Պօղոսին ու Բառնաբասին ետեւէն կ’երթային. որոնք կը խօսէին անոնց հետ ու կը յորդորէին զանոնք, որ միշտ Աստուծոյ շնորհքին մէջ հաստատ կենան։
44 Հետեւեալ շաբաթ օրը գրեթէ բոլոր քաղաքը հաւաքուեցաւ Աստուծոյ խօսքը լսելու։
45 Իսկ Հրեաները երբ տեսան այն բազմութիւնը, նախանձով լեցուեցան ու Պօղոսին ըսածներուն դէմ կը խօսէին՝ հակառակելով ու հայհոյութիւն ընելով։
46 Այն ատեն Պօղոս եւ Բառնաբաս համարձակեցան ու ըսին. «Պէտք էր առաջ ձեզի խօսուէր Աստուծոյ խօսքը, բայց որովհետեւ դուք զանիկա կը մերժէք ու ինքզինքնիդ յաւիտենական կեանքի արժանի չէք սեպեր, ահա մենք հեթանոսներուն կը դառնանք։
47 Վասն զի Տէրը այսպէս պատուիրած է մեզի. ‘Քեզ հեթանոսներուն լոյս դրի, որպէս զի դուն փրկութեան պատճառ ըլլաս մինչեւ երկրին ծայրերը’»։
48 Ասիկա լսելով՝ հեթանոսները կ’ուրախանային ու Աստուծոյ խօսքը կը փառաւորէին եւ որոնք որ յաւիտենական կեանքի սահմանուած էին, հաւատացին։
49 Տէրոջը խօսքը բոլոր գաւառը կը տարածուէր։
50 Բայց Հրեաները գրգռեցին բարեպաշտ եւ պատուաւոր կիները ու քաղաքին մեծերը եւ Պօղոսին ու Բառնաբասին դէմ հալածանք հանելով՝ զանոնք իրենց սահմաններէն դուրս ըրին։
51 Անոնք ալ իրենց ոտքերուն փոշին անոնց դէմ թօթուելով՝ Իկոնիոն գացին։
52 Աշակերտները ուրախութեամբ եւ Սուրբ Հոգիով կը լեցուէին։