ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28


Գլուխ 22

«Մարդի՛կ եղբայրներ եւ հա՛յրեր, ինծի մտի՛կ ըրէք որ հիմա ձեզի պատասխան տամ։
2 (Երբ լսեցին որ Եբրայական լեզուով կը խօսէր իրենց, ա՛լ աւելի լուռ կեցան)
3 Եւ անիկա ըսաւ. «Ես Հրեայ մարդ մըն եմ Կիլիկիոյ Տարսոնի մէջ ծնած եւ այս քաղաքին մէջ Գամաղիէլի ոտքը մեծցած ու մեր հայրենի օրէնքին ճշդութեանը մէջ կրթուած, նախանձաւոր էի Աստուծոյ, ինչպէս այսօր դուք ամէնքդ էք։
4 Որ այրեր ու կիներ կապելով ու բանտերու մատնելով հալածեցի մինչեւ մահ։
5 Քահանայապետն ալ կը վկայէ ինծի համար եւ բոլոր ծերակոյտը, որոնցմէ թուղթեր ալ առնելով Դամասկոս կ’երթայի, որպէս զի հոն եղածներն ալ կապուած Երուսաղէմ բերեմ որ պատժուին»։
6 «Բայց երբ կ’երթայի ու Դամասկոսի մօտեցայ, կէսօրուան դէմ յանկարծակի երկնքէն մեծ լոյս մը փայլատակեց իմ բոլորտիքս
7 Եւ գետինը ինկայ ու ձայն մը լսեցի, որ ինծի կ’ըսէր. «Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ զիս կը հալածես»։
8 Ես ալ պատասխան տուի թէ՝ «Դուն ո՞վ ես, Տէ՛ր»։ Ան ալ ինծի ըսաւ. «Ես Յիսուս Նազովրեցին եմ որ դուն կը հալածես»։
9 Անոնք որ ինծի հետ էին, լոյսը տեսան ու վախով լեցուեցան, սակայն ինծի խօսողին ձայնը չլսեցին։
10 Ես ըսի. «Ի՞նչ ընեմ, Տէր»։ Տէրը ինծի ըսաւ. «Ելի՛ր, գնա՛ Դամասկոս ու հոն քեզի պիտի խօսուի այն ամէն բաներուն վրայ, որ սահմանուած է որ ընես»։
11 Քանի որ չէի տեսներ այն լոյսին փառաւորութենէն, ինծի հետ եղողները ձեռքէս բռնած՝ Դամասկոս տարին։
12 Անանիա անուն մարդ մը, օրէնքին համեմատ աստուածավախ ու Դամասկոս բնակող բոլոր Հրեաներէն բարի վկայուած,
13 Ինծի եկաւ ու քովս կայնելով՝ ըսաւ. «Սաւո՛ւղ եղբայր, վե՛ր նայէ»։
14 Ես ալ նոյն ժամուն վեր նայեցայ իրեն եւ անիկա ըսաւ. «Մեր հայրերուն Աստուածը առաջուընէ քեզ ընտրեց, որպէս զի իր կամքը ճանչնաս ու այն Արդարը տեսնես եւ անոր բերնէն ձայն լսես։
15 Քանզի բոլոր մարդոց առջեւ անոր վկայ պիտի ըլլաս այն բաներուն համար, որոնք տեսար ու լսեցիր։
16 Հիմա, ալ ի՞նչ կ’ուշանաս. ելի՛ր, մկրտուէ՛ ու մեղքերդ լուա՛յ անոր անունը կանչելով»։
17 Երբ Երուսաղէմ դարձայ ու տաճարին մէջ աղօթք կ’ընէի, մտքի յափշտակութիւն մը եկաւ վրաս.
18 Եւ զինք տեսայ, որ ինծի կ’ըսէր. «Արտորցի՛ր, շուտով Երուսաղէմէն ելի՛ր, վասն զի քու ինծի համար ըրած վկայութիւնդ պիտի չընդունին»։
19 Ես ալ ըսի. «Տէ՛ր, իրենք աղէկ գիտեն թէ ես էի որ քեզի հաւատացողները բանտը կը դնէի եւ ժողովարաններուն մէջ կը ծեծէի
20 Ու երբ քու Ստեփանոս վկայիդ արիւնը կը թափուէր՝ ես ինքս ալ ներկայ էի եւ կամակից էի անոր սպաննուելուն՝ ՝ ու զանիկա սպաննողներուն հանդերձները ե՛ս կը պահէի»։
21 Բայց ինծի ըսաւ. «Գնա՛, վասն զի ես քեզ հեռաւոր հեթանոսներուն պիտի ղրկեմ»։
22 Հոն եղողները՝ մինչեւ այս խօսքը ականջ դրին իրեն՝ ետքը ձայներնին վերցուցին ու ըսին. «Վերցո՛ւր աշխարհէն այդ մարդը, քանզի չի վայլեր ատոր ողջ մնալ»։
23 Երբ կը կանչուըռտէին ու հանդերձնին կը նետէին եւ փոշին դէպի օդը կը ցանէին,
24 Հազարապետը հրաման ըրաւ, որ զանիկա բերդը մտցնեն ու ըսաւ որ ծեծով հարցուփորձ ընեն, որպէս զի գիտնայ թէ ի՞նչ յանցանքի համար անոր դէմ այնպէս կը կանչուըռտէին։
25 Երբ կաշի կապերով զինք կապեցին, Պօղոս վերակացու հարիւրապետին ըսաւ. «Օրինաւո՞ր է Հռովմայեցի ու չդատապարտուած մարդ մը ծեծելը»։
26 Հարիւրապետը, երբ ասիկա լսեց, գնաց հազարապետին պատմեց ու ըսաւ. «Ի՞նչ պիտի ընես, վասն զի այս մարդը Հռովմայեցի է»։
27 Հազարապետն ալ քովը գնաց ու ըսաւ անոր. «Ըսէ՛ ինծի, դուն Հռովմայեցի՞ ես»։ Ան ալ ըսաւ. «Այո՛»։
28 Հազարապետը պատասխան տուաւ. «Ես շատ ստակով ձեռք բերի այս քաղաքացիութեան իրաւունքը»։ Պօղոս ըսաւ. «Ես բուն ատոր մէջ ծնած եմ»։
29 Անոնք որ զինք պիտի հարցուփորձէին, շուտ մը հեռացան իրմէ եւ հազարապետն ալ վախցաւ, երբ իմացաւ թէ Հռովմայեցի է, որովհետեւ զանիկա կապեր էր։ ՊՕՂՈՍ ԱՏԵԱՆԻՆ ԱՌՋԵՒ
30 Հետեւեալ օրը, ուզելով որ շիտակը գիտնայ, թէ ի՞նչ է Հրեաներուն ըրած ամբաստանութիւնը անոր դէմ, արձակեց զանիկա եւ հրաման ըրաւ որ քահանայապետներն ու բոլոր ժողովը մէկտեղ գան եւ Պօղոսը բերելով՝ անոնց առջեւ կայնեցուց։