ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28


Գլուխ 10

Կեսարիայի մէջ մարդ մը կար Կոռնելիոս անունով, հարիւրապետ՝ Իտալացի կոչուած գունդէն.
2 Բարեպաշտ ու աստուածավախ իր բոլոր տունովը, որ ժողովուրդին շատ ողորմութիւններ կու տար եւ ամէն ատեն Աստուծոյ աղօթք կ’ընէր։
3 Անիկա օրուան ժամը իննին ատենները տեսիլքի մէջ Աստուծոյ հրեշտակը յայտնի տեսաւ, որ իր քով մտաւ եւ իրեն ըսաւ. «Կո՛ռնելիոս»։
4 Ան ալ անոր նայելով ու խիստ վախնալով՝ ըսաւ. «Ի՞նչ է, Տէ՛ր»։ Հրեշտակը ըսաւ անոր. «Քու աղօթքներդ եւ ողորմութիւններդ Աստուծոյ առջեւ ելան յիշատակի համար։
5 Հիմա Յոպպէ մարդիկ ղրկէ ու կանչէ Սիմոն անունով մէկը, որ Պետրոս մականուանեալ է։
6 Անիկա իբրեւ հիւր կը կենայ Սիմոն անունով կաշի բանողի մը քով, որուն տունը ծովուն մօտ է»։
7 Ու երբ այն հրեշտակը, որ իրեն հետ կը խօսէր գնաց, Կոռնելիոս ծառաներէն երկուքը կանչեց ու իր քով սպասողներէն ալ բարեպաշտ զինուոր մը
8 Եւ ամէն բան պատմելով՝ Յոպպէ ղրկեց զանոնք։
9 Ու հետեւեալ օրը, երբ անոնք ճամբայ երթալով՝ քաղաքին մօտեցան, Պետրոս ժամը վեցին ատենները տանիքը ելաւ աղօթք ընելու։
10 Խիստ անօթեցած ըլլալով՝ կ’ուզէր ճաշ ընել ու կերակուրի պատրաստութիւն կը տեսնէին, իր վրայ մտքի յափշտակութիւն մը եկաւ.
11 Եւ տեսաւ երկինքը բացուած ու չորս ծայրէն կապուած աման մը մեծ կտաւի մը պէս, որ իջաւ երկրի վրայ,
12 Որուն մէջ կային ամէն տեսակ չորքոտանիներ ու գազաններ եւ սողուններ ու երկնքի թռչուններ։
13 Եւ ձայն մը եկաւ իրեն. «Ելի՛ր, Պետրոս, մորթէ ու կեր»։
14 Բայց Պետրոս ըսաւ. «Քա՛ւ լիցի, Տէ՛ր, վասն զի ես ամենեւին պիղծ կամ անմաքուր բան մը կերած չեմ»։
15 Նորէն ձայնը եկաւ իրեն. «Զայն որ Աստուած մաքրեց, դուն պիղծ մի՛ սեպեր»։
16 Ասիկա երեք անգամ կրկնուեցաւ եւ ամանը երկինք վերցաւ։
17 Պետրոս, երբ իր մտքին մէջ կը զարմանար թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ այն իր տեսած տեսիլքը, ահա Կոռնելիոսէն ղրկուած մարդիկը Սիմոնին տունը հարցուցին ու դրանը առջեւ կայնեցան
18 Եւ կանչելով՝ կը հարցնէին թէ՝ «Սիմոնը, որ Պետրոս կ’ըսուի, հո՞ս կը կենայ»։
19 Երբ Պետրոս այն տեսիլքին վրայով կը մտածէր, Սուրբ Հոգին ըսաւ անոր. «Ահա երեք մարդիկ քեզ կը փնտռեն։
20 Ուստի ելի՛ր, իջի՛ր եւ անոնց հետ գնա առանց խղճահարութեան, վասն զի ես ղրկեցի զանոնք»։
21 Պետրոս ալ այն մարդոց քով իջնելով՝ ըսաւ. «Ահա ե՛ս եմ անիկա, որ կը փնտռէք. ի՞նչ բանի համար եկած էք»։
22 Անոնք ալ ըսին. «Կոռնելիոս հարիւրապետը, արդար եւ աստուածավախ մարդ, բոլոր Հրեաներու ազգէն վկայուած, սուրբ հրեշտակէ մը հրաման առաւ, որ քեզ իր տունը կանչէ եւ քու խօսքերդ լսէ»։
23 Այն ատեն ներս կանչեց զանոնք եւ իր քով վար դրաւ։ Հետեւեալ օրը Պետրոս ելաւ անոնց հետ գնաց եւ Յոպպէէն քանի մը եղբայրներ ալ իրեն հետ գացին։
24 Յաջորդ օրը Կեսարիա մտան։ Կոռնելիոս ալ իր ազգականները եւ մտերիմ բարեկամները կանչած՝ անոնց կը սպասէր։
25 Երբ Պետրոս ներս մտաւ, Կոռնելիոս անոր դէմ ելաւ ու անոր ոտքը իյնալով երկրպագութիւն կ’ընէր։
26 Բայց Պետրոս զանիկա կանգնեցուց ու ըսաւ. «Ելիր կայնէ՛, ես ինքս ալ մարդ եմ»։
27 Եւ անոր հետ խօսակցելով ներս մտաւ։ Հոն շատ մարդիկ հաւաքուած էին։
28 Եւ ըսաւ անոնց. «Դուք գիտէք թէ օրինաւոր բան չէ Հրեայ մարդու մը օտարազգիի մը հետ հաղորդակցութիւն ընելը կամ անոր մօտենալը. բայց Աստուած ինծի ցուցուց, որ ոեւէ մարդու պիղծ կամ անմաքուր չըսեմ։
29 Անոր համար երբ ես կանչուեցայ, առանց դէմ խօսելու եկայ. բայց հիմա կը հարցնեմ, ի՞նչ բանի համար զիս կանչեցիք»։
30 Կոռնելիոս ալ ըսաւ. «Չորս օր առաջ մինչեւ այս ժամը ծոմ կը պահէի ու ժամը իննին տանս մէջ աղօթք կ’ընէի եւ ահա փայլուն հանդերձներով մարդ մը կայնեցաւ առջեւս ու ըսաւ.
31 ‘Կո՛ռնելիոս, քու աղօթքդ լսուեցաւ եւ քու ողորմութիւններդ Աստուծոյ առջեւ յիշուեցան.
32 Ուստի մարդ ղրկէ Յոպպէ ու կանչէ Սիմոնը, որ Պետրոս ալ կ’ըսուի, անիկա ծովուն մօտ Սիմոն անունով կաշի բանողի մը տանը մէջ իբրեւ հիւր կը կենայ, երբ գայ, քեզի պիտի խօսի’։
33 Ուստի անմիջապէս մարդիկ ղրկեցի քեզի, դուն ալ աղէկ ըրիր որ եկար եւ հիմա մենք ամէնքս Աստուծոյ առջեւ կեցեր ենք՝ լսելու այն ամէն բաները, որոնք Աստուծմէ հրամայուած են քեզի»։
34 Պետրոս ալ իր բերանը բացաւ ու ըսաւ. «Ճշմարտութեամբ կը հասկնամ թէ Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։
35 Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է։
36 Այն խօսքը որ Իսրայէլի որդիներուն ղրկեց Աստուած խաղաղութիւն քարոզելու Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով. (անիկա է ամենուն Տէրը.)
37 Դուք ալ աղէկ գիտէք եւ գիտէք այն ամէն բաները, որ բոլոր Հրէաստանի մէջ պատահեցան Գալիլիայէն սկսած, այն վկայութենէն յետոյ, որ Յովհաննէս քարոզեց.
38 Յիսուսը որ Նազարէթէն էր, որ Աստուած օծեց Սուրբ Հոգիով եւ զօրութիւնով, որ պտըտեցաւ բարիք ընելով ու Սատանայէն բոլոր տանջուածները բժշկելով, քանզի Աստուած իրեն հետ էր։
39 Եւ մենք վկայ ենք այն ամէն բաներուն որոնք ըրաւ Հրէաստանի ու Երուսաղէմի մէջ, որ փայտէն կախուած սպաննեցին ալ։
40 Աստուած զանիկա երրորդ օրը յարուցանեց եւ յայտնի ըրաւ զանիկա,
41 Ո՛չ թէ բոլոր ժողովուրդին, հապա մեզի, նախապէս Աստուծմէ վկայ ըլլալու ընտրուածներուս, որ իրեն հետ կերանք ու խմեցինք ալ անոր մեռելներէն յարութիւն առնելէն ետքը։
42 Եւ ինք պատուիրեց մեզի, որ ժողովուրդին քարոզենք ու վկայութիւն տանք, թէ անիկա է Աստուծմէ սահմանուած՝ կենդանիներուն ու մեռելներուն Դատաւորը։
43 Անոր կը վկայեն բոլոր մարգարէները, թէ ամէն իրեն հաւատացողները իր անունով մեղքերու թողութիւն պիտի գտնեն։
44 Ու երբ Պետրոս այս խօսքերը կը խօսէր, Սուրբ Հոգին իջաւ ամենուն վրայ, որոնք խօսքը կը լսէին։
45 Թլփատուածներէն եղող հաւատացեալները, որոնք Պետրոսին հետ եկած էին, զարմացան որ հեթանոսներուն վրայ ալ Սուրբ Հոգիին պարգեւը կը լեցուէր
46 Եւ կը լսէին անոնց ուրիշ լեզուներով խօսիլը եւ Աստուած կը փառաւորէին։
47 Այն ատեն Պետրոս ըսաւ անոնց. «Կրնա՞յ մէկը արգիլել որ անոնք մկրտուին, որոնք Սուրբ Հոգին ալ ընդունեցին մեզի պէս»։
48 Ու հրաման ըրաւ, որ Տէրոջը անունովը մկրտուին։ Անոնք ալ իրեն աղաչեցին, որ քանի մը օր հոն մնայ։