ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28


Գլուխ 20

Աղմուկը դադարելէ յետոյ Պօղոս աշակերտները իրեն կանչեց ու հրաժարական ողջոյն տալով՝ ելաւ որ Մակեդոնիա երթայ։
2 Եւ այն կողմերը պտըտելէ ու շատ խօսքերով զանոնք յորդորելէ ետքը Ելլադա գնաց։
3 Հոն երեք ամիս կենալէ ետքը, Հրեաները իրեն դէմ նենգութեան խորհուրդ ըրին, երբ կ’ուզէր Սուրիա երթալ. անոր համար որոշեց Մակեդոնիայի վրայէն դառնալ։
4 Մինչեւ Ասիա իրեն հետ կ’երթային Բերիացի [Պիռոսի որդին] Սոպատրոսը եւ Թեսաղոնիկեցիներէն Արիստարքոսն ու Սեկունդոսը եւ Գայիոս Դերբացին ու Տիմոթէոսը եւ Ասիացի՝ Տիւքիկոսն ու Տրոփիմոսը։
5 Ասոնք առաջ գացին ու Տրովադայի մէջ մեզի կ’սպասէին։
6 Մենք ալ Բաղարջակերացի օրերէն յետոյ Փիլիպպէէն նաւեցինք եւ հինգ օրուան մէջ Տրովադա հասանք անոնց քով ու հոն եօթը օր կեցանք։
7 Մէկշաբթի օրը երբ հաւաքուեր էինք՝ ՝ հաց կտրելու, Պօղոս անոնց կը քարոզէր, վասն զի հետեւեալ օրը ճամբայ պիտի ելլէր եւ խօսքը երկնցուց մինչեւ կէս գիշեր։
8 Շատ լապտերներ կային այն վերի սենեակը՝ ուր մենք հաւաքուած էինք։
9 Երիտասարդ մը, Եւտիքոս անուն, պատուհանին վրայ նստած՝ խորունկ քունի մէջ մտեր էր։ Երբ Պօղոս խօսքը երկնցուց, անիկա խորունկ քնով բռնուած՝ երրորդ դստիկոնէն վար ինկաւ ու զանիկա մեռած վերցուցին։
10 Պօղոս վար իջնելով՝ անոր վրայ ինկաւ ու գրկեց զանիկա ու ըսաւ. «Մի՛ խռովիք, վասն զի ասոր հոգին իր մէջն է»։
11 Եւ վեր ելլելով՝ հացը կտրեց ու կերաւ։ Երկար խօսեցաւ մինչեւ առտու, ետքը ելաւ գնաց։
12 Այն պատանին ողջ բերին ու մեծապէս մխիթարուեցան։
13 Իսկ մենք նաւը մտնելով՝ ճամբայ ելանք դէպի Ասոն, ուրկէ Պօղոսը պիտի առնէինք, վասն զի այնպէս ապսպրեր էր, որովհետեւ ինք ցամաքով պիտի երթար։
14 Երբ Ասոնի մէջ մեզի հանդիպեցաւ, առինք զանիկա եւ Միտիլինէ գացինք։
15 Անկէ ալ նաւով հետեւեալ օրը Քիոսի դէմը հասանք։ Միւս օրը Սամոս հասանք ու գիշերը Տրոգիլիոն կենալով՝ միւս օրը Մելիտոս գացինք,
16 Վասն զի Պօղոս միտքը դրեր էր որ նաւով անցնի Եփեսոսի քովէն, որ չըլլայ թէ Ասիայի մէջ ժամանակ անցընէ, որովհետեւ կ’արտորար որ եթէ կարելի է, Պէնտէկոստէին Երուսաղէմ ըլլայ։
17 Մելիտոսէն մարդ ղրկեց Եփեսոս ու եկեղեցիին երէցները կանչեց։
18 Երբ եկան, ըսաւ անոնց. «Դուք գիտէք թէ՝ առաջին օրէն ի վեր երբ ես Ասիա եկայ, ի՛նչպէս ձեզի հետ վարուեցայ բոլոր ժամանակը։
19 Ամենայն խոնարհութեամբ Տէրոջը ծառայելով եւ շատ արցունքով ու փորձութիւններով որ Հրեաներու նենգութիւնով ինծի պատահեցան.
20 Ի՛նչպէս վախնալով բնաւ ետ չկեցայ օգտակար բաներ ձեզի ըսելէ ու ձեզի՝ հրապարակաւ եւ տան մէջ՝ սորվեցնելէ.
21 Վկայութիւն տալով Հրեաներուն եւ Յոյներուն առջեւ՝ դէպի Աստուած ապաշխարութեան համար, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին վրայ եղած հաւատքին համար։
22 Եւ հիմա՝ ահա՛ ես հոգիով կապուած՝ Երուսաղէմ կ’երթամ եւ հոն ինծի ի՞նչ պիտի պատահի՝ չեմ գիտեր.
23 Միայն թէ Սուրբ Հոգին ամէն քաղաքի մէջ ինծի կը վկայէ թէ՝ կապեր ու նեղութիւններ ինծի կը սպասեն։
24 Բայց ես բանի մը համար հոգ չեմ ըներ եւ իմ անձս պատուական չեմ սեպեր, միայն թէ իմ ընթացքս ուրախութեամբ կատարեմ եւ այն պաշտօնը՝ զոր Տէր Յիսուսէն առի Աստուծոյ շնորհքներու աւետարանին վկայ ըլլալու։
25 Եւ հիմա ահա ես գիտեմ որ ա՛լ իմ երեսս պիտի չտեսնէք դուք ամէնքդ, որոնց մէջ պտըտեցայ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզելով։
26 Ուստի այսօր կ’իմացնեմ ձեզի, թէ ես անպարտ եմ ամենուն արիւնէն։
27 Վասն զի ետ չկեցայ Աստուծոյ բոլոր կամքը ձեզի յայտնելէ։
28 Ուրեմն զգուշացէ՛ք ձեր անձերուն եւ բոլոր հօտին համար, որուն վրայ Սուրբ Հոգին ձեզ տեսուչ դրաւ Աստուծոյ եկեղեցին հովուելու զոր իր արիւնովը ստացաւ։
29 Քանզի գիտեմ թէ իմ զատուելէս ետքը ձեր մէջ յափշտակող գայլեր պիտի մտնեն, որոնք պիտի չխնայեն հօտին։
30 Եւ ձեզմէ ալ այնպիսի՛ մարդիկ պիտի ելլեն, որոնք ծուռ բաներ պիտի խօսին՝ աշակերտները իրենց ետեւէն քաշելու համար։
31 Ուստի արթո՛ւն կեցէք եւ մտքերնիդ բերէք՝ թէ երեք տարի գիշեր ու ցորեկ չդադարեցայ ամէն մէկը արցունքով խրատելէ։
32 Եւ հիմա, եղբա՛յրներ, կը յանձնեմ ձեզ Աստուծոյ ու անոր շնորհքներու խօսքին, որ կարող է շինելու եւ բոլոր սրբուածներուն հետ ձեզի ժառանգութիւն տալու։
33 Մէկո՛ւն արծաթին կամ ոսկիին կամ հագուստին չցանկացի։
34 Դուք ձեզմէ գիտէք թէ ինծի եւ ինծի հետ եղողներուն պէտքերը այս ձեռքերս հոգացին։
35 Ամէն բան ձեզի ցուցուցի, թէ այսպէ՛ս պէտք է աշխատիլ ու տկարներուն օգնութիւն ընել եւ միտք բերել Տէր Յիսուսին խօսքը՝ որ ինք ըսաւ. ‘Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը’»։
36 Երբ ասիկա ըսաւ, անոնց ամենուն հետ ծունկի վրայ գալով՝ աղօթք ըրաւ։
37 Ամէնքն ալ սաստիկ կու լային ու Պօղոսին պարանոցին վրայ իյնալով՝ զանիկա կը համբուրէին։
38 Սրտերնին կը ցաւէր մանաւանդ այն խօսքին համար՝ որ կ’ըսէր թէ՝ ա՛լ պիտի չտեսնեն իր երեսը եւ զանիկա ճամբու դրին, մինչեւ նաւը երթալով։