ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ
Գլուխ 18
Ասկէ յետոյ Պօղոս Աթէնքէն զատուելով՝ Կորնթոս գնաց,
2 Ուր Հրեայ մը գտաւ Ակիւղաս անունով, ծնունդով պոնտացի, որ իր Պրիսկիղա կնոջ հետ նոր եկեր էր Իտալիայէն, (Կղօդիոս հրամայած էր, որ բոլոր Հրեաները Հռովմէն հեռանան,) ու անոնց քով գնաց։
3 Որովհետեւ ինք արհեստակից էր, անոնց քով կեցաւ եւ կը գործէր, վասն զի արհեստով վրանագործ էին։
4 Ամէն շաբաթ օր ժողովարանին մէջ կը խօսէր եւ Հրեաներն ու Յոյները կը համոզէր։
5 Երբ Շիղան եւ Տիմոթէոսը Մակեդոնիայէն եկան, Պօղոսին հոգին եռանդով վառուած ըլլալով, վկայութիւնով Հրեաները կը համոզէր թէ՝ Յիսուսը Քրիստոսն է։
6 Անոնք ալ երբ դէմ կեցան ու կը հայհոյէին, ինք հանդերձները թօթուելով՝ ըսաւ անոնց. «Ձեր արիւնը՝ ձեր գլուխը, ես անպարտ եմ։ Ասկէ յետոյ հեթանոսներուն պիտի երթամ»։
7 Անկէ երթալով՝ մտաւ մէկուն տունը, որուն անունը Յուստոս էր, աստուածավախ մարդ մը, որուն տունը ժողովարանին կից էր։
8 Ժողովրդապետը՝ Կրիսպոս՝ իր բոլոր տունովը հաւատաց Տէրոջը։ Կորնթացիներէն շատեր ալ լսելով հաւատացին ու մկրտուեցան։
9 Գիշերը տեսիլքի մէջ Տէրը ըսաւ Պօղոսին. «Մի՛ վախնար, հապա խօսէ՛ եւ լուռ մի՛ կենար,
10 Վասն զի ես քեզի հետ եմ եւ մէ՛կը քեզի դէմ պիտի չելլէ՝ քեզի վնաս մը հասցնելու համար. քանզի այս քաղաքին մէջ ես շատ ժողովուրդ ունիմ»։
11 Հոն տարի մը ու վեց ամիս կեցաւ ու Աստուծոյ խօսքը անոնց կը սորվեցնէր։
12 Աքայիայի փոխանորդ բդեշխին՝ Գաղիոնին՝ օրերը Հրեաները միաբանելով՝ Պօղոսին դէմ ելան եւ զանիկա ատեանը տարին,
13 Ըսելով. «Ասիկա կը հրապուրէ մարդիկ օրէնքէն դուրս Աստուած պաշտելու»։
14 Երբ Պօղոս իր բերանը բանալու պատրաստ էր, Գաղիոն ըսաւ Հրեաներուն. «Եթէ անիրաւութեան մը կամ չար գործի մը համար ըլլար, ո՛վ Հրեաներ, կ’արժէր որ ձեզի մտիկ ընէի։
15 Բայց եթէ վէճը խօսքի ու անուններու եւ ձեր օրէնքին վրայով է՝ դուք ձեզմէ տեսէք դատը. վասն զի ես այդպիսի բաներու դատաւոր ըլլալ չեմ ուզեր»։
16 Զանոնք ատեանէն վռնտեց։
17 Այն ատեն բոլոր Յոյները Սոսթենէս ժողովրդապետը բռնեցին ու ատեանին առջեւ ծեծեցին։ Այս բաներուն համար Գաղիոն բնաւ հոգ չէր ըներ։
18 Պօղոս տակաւին շատ օրեր հոն մնալէ ետքը, եղբայրներէն բաժնուելով՝ նաւով դէպի Սուրիա գնաց Պրիսկիղային եւ Ակիւղասին հետ, առաջ Կենքրայի մէջ իր մազերը կտրելով, վասն զի ուխտաւոր էր։
19 Երբ Եփեսոս հասաւ, զանոնք հոն ձգեց եւ ինք ժողովարանը մտնելով՝ Հրեաներուն հետ կը խօսէր։
20 Անոնք իրեն կ’աղաչէին որ աւելի երկար ժամանակ իրենց քով մնայ, բայց յանձնառու չեղաւ.
21 Հապա հեռացաւ անոնցմէ՝ ըսելով. «Պէտք է անպատճառ այս յառաջիկայ տօնը Երուսաղէմի մէջ ընեմ, բայց Աստուծոյ կամքովը նորէն ձեզի պիտի դառնամ»։ Եփեսոսէն նաւով ճամբայ ելաւ
22 Եւ Կեսարիա հասնելով՝ Երուսաղէմ գնաց ու եկեղեցիին բարեւ տուաւ ու ետքը գնաց Անտիոք։
23 Ատեն մը հոն կենալէ յետոյ կարգաւ Գաղատացիներու երկիրը ու Փռիւգիա կը պտըտէր ու բոլոր աշակերտները կը հաստատէր։
24 Ապօղոս անունով Հրեայ մը, ծնունդով Աղեքսանդրացի, ճարտասան մարդ մը, եկաւ հասաւ Եփեսոս։
25 Ան զօրաւոր էր սուրբ գրքերով եւ Տէրոջը ճամբուն մէջ վարժուած էր։ Ջերմեռանդ հոգի ունենալով՝ կը խօսէր ու կը սորվեցնէր ճշդութեամբ Տէրոջը վրայով. բայց ինք միայն Յովհաննէսին մկրտութիւնը գիտէր։
26 Ասիկա սկսաւ ժողովարանին մէջ համարձակ խօսիլ։ Երբ Ակիւղաս ու Պրիսկիղա լսեցին, զանիկա ալ իրենց քով առին եւ աւելի ճիշդ Աստուծոյ ճամբան անոր հասկցուցին։
27 Անիկա ուզեց Աքայիա երթալ։ Եղբայրները քաջալերեցին զանիկա ու գիր գրեցին այն տեղի աշակերտներուն, որ զանիկա ընդունին։ Հոն հասնելով՝ շատ օգտակար եղաւ հաւատացեալներուն՝ Աստուծոյ շնորհքով։
28 Քանզի հրապարակաւ սաստիկ կը յանդիմանէր Հրեաները, սուրբ գրքերէն ցուցնելով թէ՝ Յիսուսը Քրիստոսն է։