ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28


Գլուխ 12

Այն ատենները Հերովդէս թագաւորը սկսաւ եկեղեցիէն մէկ քանիները չարչարել։
2 Յովհաննէսին եղբայրը՝ Յակոբոսը սրով սպաննեց։
3 Տեսնելով որ Հրեաներուն հաճելի է, Պետրոսն ալ բռնեց։ Բաղարջակերացի օրերն էին։
4 Երբ զանիկա բռնեց, բանտը դրաւ եւ չորս կարգ չորսական զինուորներու յանձնեց, որպէս զի պահեն եւ կ’ուզէր զատկէն յետոյ ժողովուրդին հանել զանիկա։
5 Պետրոս բանտին մէջ պահուած էր, բայց եկեղեցին անդադար աղօթք կ’ընէր Աստուծոյ՝ անոր համար։
6 Հերովդէս կ’ուզէր զանիկա յաջորդ օրը դուրս բերել, բայց այն գիշերը Պետրոս երկու զինուորներու մէջտեղ կը քնանար կրկին շղթաներով կապուած։ Պահապանները դրանը առջեւ բանտին կը հսկէին։
7 Յանկարծ Տէրոջը հրեշտակը եկաւ քովը կայնեցաւ։ Տանը մէջ լոյս մը ծագեցաւ։ Հրեշտակը Պետրոսին կողը խթելով՝ արթնցուց զանիկա ու ըսաւ. «Շուտով ելի՛ր»։ Շղթաները անոր ձեռքերէն վար ինկան։
8 Հրեշտակը ըսաւ անոր. «Գօտիդ կապէ՛ ու հողաթափներդ հագիր»։ Անիկա ալ այնպէս ըրաւ։ Հրեշտակը ըսաւ անոր. «Հանդերձդ վրադ ա՛ռ ու եկո՛ւր իմ ետեւէս»։
9 Ան ալ ելլելով անոր ետեւէն կ’երթար, բայց չէր գիտեր թէ այն հրեշտակին ըրածը իրակա՞ն է, հապա կը կարծէր թէ տեսիլք կը տեսնէ։
10 Երբ անոնք առաջին ու երկրորդ պահապաններէն անցան, եկան մինչեւ երկաթէ դուռը, որ քաղաքին մէջ կը հանէր, ինքնիրմէ բացուեցաւ։ Անկէ ելլելով՝ փողոց մը անցան, հրեշտակն ալ իսկոյն անկէ զատուեցաւ։
11 Պետրոս ինքզինքին գալով՝ ըսաւ. «Հիմա ճշմարտապէս գիտեմ, թէ Տէրը իր հրեշտակը ղրկեց եւ ազատեց զիս Հերովդէսին ձեռքէն ու Հրէից ժողովուրդին բոլոր ակնկալութենէն»։
12 Այսպէս մտածելով՝ գնաց Մարկոս ըսուած Յովհաննէսին մօրը Մարիամին տունը, ուր շատեր հաւաքուած աղօթք կ’ընէին։
13 Երբ տանը դուրսի դուռը զարկաւ, Հռովդէ անունով աղախին մը գնաց ականջ դնելու.
14 Պետրոսին ձայնը ճանչցաւ, ուրախութենէն դուռը չբացաւ, հապա ներս վազելով յայտնեց. «Պետրոս դրանը առջեւ կայներ է»։
15 Իսկ անոնք ըսին անոր. «Խենդեցե՞ր ես»։ Բայց ինք կը պնդէր։ Անոնք ալ կ’ըսէին. «Անոր հրեշտակը պիտի ըլլայ»։
16 Սակայն Պետրոս անդադար կը զարնէր ու երբ բացին, զինք տեսնելով ապշեցան։
17 Բայց անիկա ձեռքով նշան ըրաւ անոնց՝ որ լուռ կենան ու պատմեց անոնց թէ ի՛նչպէս Տէրը զինք բանտէն հանեց եւ ըսաւ. «Ասիկա Յակոբոսին ու եղբայրներուն պատմեցէք»։ Ինք ելաւ ուրիշ տեղ գնաց։
18 Առտուն, մեծ խռովութիւն ծագեցաւ զինուորներուն մէջ՝ թէ արդեօք ի՞նչ եղաւ Պետրոս։
19 Հերովդէս ալ երբ ուզեց զանիկա ու չգտաւ, պահապանները հարցուփորձ ընելով՝ հրաման ըրաւ որ սպաննուին։ Պետրոս Հրէաստանէն Կեսարիա գնաց ու հոն կեցաւ։
20 Հերովդէս խիստ թշնամացած էր Տիւրացիներուն ու Սիդոնացիներուն։ Անոնք ալ միաբանութեամբ եկան ու թագաւորին Բղաստոս սենեկապետը համոզելով՝ հաշտութիւն խնդրեցին. վասն զի իրենց երկիրը թագաւորին երկրէն ապրուստ կ’առնէր։
21 Եւ որոշուած օր մը Հերովդէս թագաւորական հանդերձը հագած ու ատեանը նստած՝ անոնց ատենաբանութիւն կ’ընէր։
22 Ժողովուրդն ալ կ՛աղաղակէր թէ ‘Ատիկա Աստուծոյ ձայն է, ո՛չ թէ մարդու’։
23 Իսկոյն Տէրոջը հրեշտակը զանիկա զարկաւ, Աստուծոյ փառք չտալուն համար եւ որդնալից ըլլալով՝ մեռաւ։
24 Աստուծոյ խօսքը կ’աճէր ու կը շատնար։
25 Բառնաբաս ու Սօղոս երբ իրենց յանձնուած պաշտօնը լմնցուցին, Երուսաղէմէն դարձան, Մարկոս ըսուած Յովհաննէսն ալ իրենց հետ առնելով։