ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28


Գլուխ 14

Պօղոս եւ Բառնաբաս մէկտեղ Իկոնիոնի մէջ Հրեաներուն ժողովարանը մտան եւ այնպէս խօսեցան, որ խիստ շատ Հրեաներ եւ Յոյներ հաւատացին։
2 Բայց չհաւատացող Հրեաները դրդեցին ու չարութեան գրգռեցին հեթանոսներուն սիրտը եղբայրներուն դէմ։
3 Անոնք շատ ժամանակ հոն կենալով՝ համարձակ կը քարոզէին Տէրոջմով որ իր շնորհաց խօսքին կը վկայէր եւ նշաններ ու հրաշքներ ընել կու տար անոնց ձեռքով։
4 Քաղաքին ժողովուրդին մէջ երկպառակութիւն մը եղաւ. ոմանք Հրեաներուն կողմէն եղան, ոմանք ալ՝ առաքեալներուն։
5 Երբ հեթանոսները եւ Հրեաները իրենց իշխաններովը անոնց վրայ յարձակեցան՝ զանոնք նախատելու ու քարկոծելու,
6 Իրենք իմանալով Լիկայոնացիներուն քաղաքները փախան՝ Լիւստրա եւ Դերբէ եւ շրջակայ տեղերը՝ ու հոն աւետարանը կը քարոզէին։
7 Լիւստրայի մէջ մարդ մը նստեր էր ոտքերովը տկար՝ իր մօրը որովայնէն կաղ ծնած, որ բնաւ քալած չէր։
8 Ասիկա Պօղոսին մտիկ կ’ընէր։ Ան ալ աչքը անոր տնկելով եւ տեսնելով թէ բժշուելու հաւատք ունի,
9 Բարձր ձայնով մը ըսաւ. «Ելի՛ր, ոտքերուդ վրայ շիտա՛կ կայնէ»։ Ան ալ ցատկելով՝ կը քալէր։
10 Ժողովուրդը, երբ Պօղոսին ըրածը տեսաւ, ձայներնին վերցնելով՝ Լիկայոնարէն ըսին. «Աստուածները մարդոց նմանութիւնով մեզի իջեր են»։
11 Բառնաբասը Դիոս կը կոչէին եւ Պօղոսը՝ Հերմէս, վասն զի անիկա էր գլխաւոր խօսողը։
12 Իսկ քաղաքին առջեւ եղած Դիոսին քուրմը ցուլեր եւ պսակներ բերելով դռներուն առջեւ, բազմութեանը հետ մէկտեղ կ’ուզէր որ զոհ ընէ։
13 Բայց Բառնաբաս ու Պօղոս առաքեալները երբ լսեցին, իրենց հանդերձները պատռելով՝ դուրս ցատկեցին բազմութեանը մէջ, աղաղակելով ու ըսելով.
14 «Մարդի՛կ, ինչո՞ւ համար այդ բաները կ’ընէք։ Մենք ալ ձեզի պէս կիրք ունեցող մարդիկ ենք ու կը քարոզենք ձեզի, որ այդ փուճ բաներէն կենդանի Աստուծոյ դառնաք, որ ստեղծեց երկինքը ու երկիրը եւ ծովը ու բոլոր անոնց մէջ եղածները,
15 Որ անցած դարերուն թող տուաւ բոլոր ազգերուն, որ իրենց ճամբաները երթան։
16 Սակայն ինքզինք առանց վկայութեան չթողուց, բարերարութիւնով երկնքէն մեզի անձրեւներ ու պտղաբեր եղանակներ տալով, կերակուրներով եւ ուրախութիւնով մեր սրտերը լեցնելով»։
17 Այս բաները ըսելով՝ հազիւ կրցան ժողովուրդը զսպել, որ իրենց զոհ չմատուցանեն։
18 Սակայն Անտիոքէն ու Իկոնիոնէն Հրեաներ հասան ու ժողովուրդը համոզեցին եւ Պօղոսը քարկոծեցին ու քաղաքէն դուրս քաշեցին՝ կարծելով թէ մեռած է։
19 Բայց աշակերտները, երբ անոր բոլորտիքը պատեցին, ելաւ քաղաքը մտաւ ու հետեւեալ օրը Բառնաբասին հետ մէկտեղ Դերբէ գնաց։
20 Անոնք այն քաղաքին մէջ աւետարանը քարոզելով ու շատերը աշակերտ ընելով՝ Լիւստրա եւ Իկոնիոն եւ Անտիոք դարձան,
21 Աշակերտներուն սրտերը հաստատելով եւ յորդորելով, որ հաստատ մնան հաւատքի մէջ եւ կ’ըսէին թէ՝ «Շատ նեղութիւն կրելով կրնաք Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել»։
22 Անոնք իւրաքանչիւր եկեղեցիի երէցներ ձեռնադրեցին, ծոմապահութեամբ աղօթք ընելով զանոնք յանձնեցին Տէրոջը՝ որուն հաւատացեր էին։
23 Պիսիդիայի մէջէն պտըտելով՝ գացին Պամփիւլիա։
24 Պերգէի մէջ Տէրոջը խօսքը խօսելէ ետք, Ատալիա իջան։
25 Անկէ ալ նաւով Անտիոք գացին, ուրկէ Աստուծոյ շնորհքին յանձնուած էին այն գործին համար որ կատարեցին։
26 Ու երբ եկան, եկեղեցին մէկտեղ ժողվելով՝ պատմեցին ինչ որ Աստուած ըրեր էր իրենց միջոցով եւ որ հեթանոսներուն հաւատքի դուռ բացեր էր։
27 Հոն երկար ժամանակ աշակերտներուն քով կեցան։