ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ
Գլուխ 19
Քանի որ Ապօղոս Կորնթոսի մէջ էր, Պօղոս վերի կողմերը պտըտելով Եփեսոս հասաւ եւ քանի մը աշակերտներ գտնելով՝
2 Ըսաւ անոնց. «Երբ հաւատացիք, Սուրբ Հոգին առի՞ք արդեօք»։ Անոնք ալ ըսին իրեն. «Բայց մենք լսած ալ չենք թէ Սուրբ Հոգին կայ»։
3 Ան ալ ըսաւ անոնց. «Հապա ինչո՞վ մկրտուեցաք»։ Անոնք ալ ըսին. «Յովհաննէսին մկրտութիւնովը»։
4 Պօղոս ալ ըսաւ. «Յովհաննէս ապաշխարութեան մկրտութիւնով մկրտեց ու ժողովուրդին ալ ըսաւ, որ հաւատան անոր, որ իրմէ յետոյ պիտի գայ, այսինքն՝ Քրիստոս Յիսուսին»։
5 Երբ ասիկա լսեցին, Տէր Յիսուսին անունովը մկրտուեցան։
6 Պօղոս, երբ անոնց վրայ ձեռք դրաւ, Սուրբ Հոգին անոնց վրայ եկաւ եւ լեզուներ կը խօսէին ու կը մարգարէանային։
7 Անոնք բոլորը տասներկու հոգի էին։
8 Ապա ժողովարանը մտնելով՝ երեք ամիս համարձակութեամբ Աստուծոյ թագաւորութեանը վրայով կը խօսէր ու կը համոզէր։
9 Երբ մէկ քանիները կը յամառէին ու դէմ կը դնէին՝ բազմութեան առջեւ կը վարկաբեկէին այն ճամբան, ինք անոնցմէ հեռացաւ եւ աշակերտներ զատեց ու ամէն օր Տիւրան անուն մէկուն դպրատանը մէջ կը խօսէր։
10 Ասիկա երկու տարի տեւեց, մինչեւ որ բոլոր Ասիայի մէջ բնակող Հրեաները ու Յոյները Տէրոջը խօսքը լսեցին։
11 Եւ Աստոած նշանաւոր հրաշքներ կ’ընէր Պօղոսին ձեռքով.
12 Այնպէս որ անոր մարմնէն թաշկինակներ ու գոգնոցներ կը տանէին հիւանդներուն եւ անոնք կը բժշկուէին ու չար ոգիները կ’ելլէին։
13 Բայց աստանդական Հրեաներէն մէկ քանիները, որոնք երդմնեցուցիչ էին, յանդգնեցան Տէր Յիսուսին անունը կանչել անոնց վրայ, որոնք չար ոգիներ ունէին եւ կ’ըսէին. «Ձեզ կ’երդմնցնենք այն Յիսուսով, որ Պօղոս կը քարոզէ»։
14 Այս բանը ընողները Սկեւա ըսուած Հրեայ քահանայապետի մը եօթը որդիներն էին։
15 Չար ոգի մը պատասխանեց անոնց. «Յիսուսը կը ճանչնամ ու Պօղոսը գիտեմ, բայց դուք ո՞վ էք»։
16 Այն մարդը, որուն ներսիդին էր չար ոգին, անոնց վրայ ցատկելով՝ բռնեց զանոնք ու տապալեց, այնպէս որ տունէն մերկ ու վիրաւորուած դուրս փախան։
17 Այս բանը Եփեսոսի մէջ բնակող բոլոր Հրեաներուն ու Յոյներուն յայտնի եղաւ եւ ամենուն վրայ վախ մը ինկաւ ու Տէր Յիսուսին անունը կը մեծարուէր։
18 Հաւատացեալներէն շատեր կու գային ու կը խոստովանէին ու կը պատմէին իրենց ըրածները։
19 Կախարդութեան հետեւողներէն շատեր գրքերնին մէկտեղ բերելով՝ ամենուն առջեւ կ’այրէին։ Անոնց գինը հաշուեցին, յիսուն հազար արծաթ դահեկան գտան։
20 Այսպէս Տէրոջը խօսքը մեծապէս կ’աճէր եւ կը զօրանար։
21 Երբ այս բաները լմնցան, Պօղոս միտքը դրաւ որ Մակեդոնիայէն ու Աքայիայէն պտըտելով՝ Երուսաղէմ երթայ ու կ’ըսէր. «Հոն երթալէս ետքը պէտք է որ Հռովմ ալ տեսնեմ»։
22 Իրեն սպասաւորութիւն ընողներէն երկուքը, Տիմոթէոսն ու Երաստոսը ղրկեց Մակեդոնիա ու ինք ատեն մըն ալ Ասիա կեցաւ։
23 Այն ատենները շատ խռովութիւն եղաւ Տէրոջը ճամբուն համար։
24 Քանզի Դեմետրիոս անունով արծաթագործ մը Արտեմիսի փոքրիկ տաճարներ կը շինէր արծաթէ, որը քիչ շահ չէր բերեր վարպետներուն։
25 Ինք մէկտեղ ժողվեց նոյն արհեստին բանուորները ու ըսաւ. «Մա՛րդիկ, դուք գիտէք թէ այս գործէն է մեր շահը
26 Եւ կը տեսնէք ու կը լսէք թէ այս Պօղոսը ո՛չ միայն Եփեսացիները հապա գրեթէ բոլոր Ասիացիները համոզելով՝ մտքերնին դարձուց, ըսելով թէ՝ ‘Ձեռքով շինուածները աստուածներ չեն’։
27 Ուստի վտանգ կայ որ՝ ո՛չ միայն այս մեր կողմը պիտի նախատուի, հապա մեծ աստուածուհիին՝ Արտեմիսին՝ տաճարն ալ ոչինչ պիտի սեպուի եւ անոր մեծափառութիւնը պիտի խափանուի, որ բոլոր Ասիա ու աշխարհ կը պաշտեն»։
28 Երբ ասիկա լսեցին, բարկութեամբ լեցուած կը կանչուըռտէին ու կ’ըսէին. «Մեծ է Եփեսացիներուն Արտեմիսը»։
29 Եւ բոլոր քաղաքը խռովութեամբ լեցուեցաւ եւ յափշտակելով Գայիոս ու Արիստարքոս Մակեդոնացիները՝ Պօղոսին ճանապարհորդակիցները՝ ամէնքը մէկէն թատրոնը վազեցին։
30 Իսկ Պօղոս, երբ ուզեց ժողովուրդին մէջ մտնել, աշակերտները թող չտուին։
31 Ասիապետներէն ոմանք ալ, որոնք իր բարեկամներն էին, մարդ ղրկելով իրեն՝ կ’աղաչէին որ չփորձէ թատրոնը երթալ։
32 Ուստի մէկը՝ մէկ կերպ ու միւսը՝ ուրիշ կերպ բան կը կանչուըռտէին, վասն զի ժողովուրդը շփոթութեան մէջ էր եւ շատեր չէին գիտեր թէ ի՞նչ բանի համար հաւաքուած են։
33 Բազմութեանը մէջէն յառաջ բերին Աղեքսանդրոսը, որ Հրեաները յառաջ քշեցին. Աղեքսանդրոս ալ ձեռքը շարժելով՝ կ’ուզէր որ ժողովուրդին պատասխան տայ։
34 Երբ գիտցան թէ անիկա Հրեայ է, ամէնքը մէկ բերան եղած՝ երկու ժամու չափ կը կանչուըռտէին թէ՝ «Մեծ է Եփեսացիներուն Արտեմիսը»։
35 Սակայն ատենադպիրը բազմութիւնը հանդարտեցնելով՝ ըսաւ. «Ո՛վ Եփեսացի մարդիկ, ո՞վ չի գիտեր թէ Եփեսացիներու քաղաքը մեծ Արտեմիսի ու Դիոսէ ինկած կուռքին տաճարն է։
36 Ուրեմն քանի որ անվիճելի բան մըն է, պէտք է հանդարտ կենաք եւ յանդգնութեամբ բան մը չընէք։
37 Դուք այդ մարդիկը հոս բերիք, որոնք ո՛չ տաճար կողոպտողներ են, ո՛չ ալ ձեր աստուածուհիին հայհոյանք ըրեր են։
38 Ուստի եթէ Դեմետրիոս եւ իրեն հետ եղած վարպետները մէկուն հետ բան մը ունին, դատի օրեր կան ու փոխանորդ բդեշխը կայ. թող անոր առջեւ ամբաստանութիւն ընեն.
39 Իսկ եթէ ուրիշ բաներու համար է ձեր պահանջը, օրինաւոր ժողովի մէջ թող որոշուի։
40 Վասն զի մենք ալ այսօրուան եղածին համար իբրեւ խռովայոյզ մարդիկ ամբաստանուելու վտանգին մէջ ենք, քանզի միջոց մը չկայ, որով կարող ըլլանք այս խառնամբոխ բազմութեանը համար պատասխան տալ»։ Եւ այսպէս ըսելով ժողովը արձակեց։