ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ
Գլուխ 4
Երբ անոնք ժողովուրդին կը խօսէին, քահանաները ու տաճարին իշխանը եւ Սադուկեցիները անոնց վրայ հասան,
2 Նեղուելով որ անոնք ժողովուրդին կը սորվեցնէին, Յիսուսին միջոցով մեռելներէն յարութիւն առնելը կը քարոզէին.
3 Ձերբակալեցին եւ բանտ դրին զանոնք մինչեւ հետեւեալ օրը, վասն զի ալ իրիկուն էր։
4 Բայց այն խօսքը լսողներէն շատեր հաւատացին։ Անոնց թիւը հինգ հազարի հասաւ։
5 Հետեւեալ օրը մէկտեղ հաւաքուեցան անոնց իշխանները եւ ծերերն ու դպիրները Երուսաղէմի մէջ,
6 Նաեւ Աննա Քահանայապետն ու Կայիափան եւ Յովհաննէսն ու Աղեքսանդրոսը եւ այն ամէնքը, որ քահանայապետի ցեղէ էին։
7 Զանոնք մէջտեղը կայնեցուցած՝ կը հարցնէին. «Ի՞նչ զօրութիւնով կամ ի՞նչ անունով ըրիք դուք այս բանը»։
8 Այն ատեն Պետրոս՝ Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ ըսաւ անոնց. «Ո՜վ ժողովուրդի իշխաններ եւ ծերեր,
9 Եթէ մենք այսօր տկար մարդու մը եղած բարիքին համար կը քննուինք, թէ ի՞նչ միջոցով անիկա բժշկուեցաւ,
10 Յայտնի ըլլայ ձեզի ամենուդ ու բոլոր Իսրայէլի ժողովուրդին, որ Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսին անունովը, որ դուք խաչեցիք եւ որ Աստուած մեռելներէն յարուցանեց, ահա անով ասիկա ձեր առջեւ բժշկուած կեցեր է։
11 Անիկա է այն քարը, որ ձեզմէ՝ շինողներէդ՝ անարգուած, անկիւնի գլուխ եղաւ։
12 Ուրիշ մէկո՛վ փրկութիւն չկայ. վասն զի անկէ զատ ուրիշ անուն մը չկայ երկնքի տակ՝ մարդոց մէջ տրուած, որով կարող ըլլանք փրկուիլ»։
13 Իսկ անոնք Պետրոսին եւ Յովհաննէսին համարձակութեանը նայելով եւ հասկնալով որ տգէտ ու առանց ուսման մարդիկ են, զարմացան եւ իմացան որ անոնք Յիսուսին հետ էին
14 Այն բժշկուած մարդը տեսնելով, որ անոնց հետ կայներ էր, չէին կրնար անոնց դէմ բան մը խօսիլ։
15 Հրամայելով անոնց, որ ատեանէն դուրս ելլեն, իրարու հետ խորհուրդ ըրին
16 Եւ ըսին. «Ի՞նչ ընենք այս մարդոց. վասն զի Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներուն յայտնի է թէ ասոնց ձեռքով երեւելի հրաշք մը եղաւ ու մենք չենք կրնար ուրանալ։
17 Միայն թէ ժողովուրդին մէջ ա՛լ աւելի չտարածուելու համար՝ սաստիկ սպառնալիք ընենք անոնց, որ այն անունով անգամ մըն ալ չըլլայ որ մարդու բան խօսին»։
18 Զանոնք կանչելով՝ պատուիրեցին անոնց որ ամենեւին չխօսին եւ չսորվեցնեն Յիսուսին անունով։
19 Բայց Պետրոս ու Յովհաննէս պատասխան տուին անոնց ու ըսին. «Աստուծոյ առջեւ ուղի՞ղ է, որ Աստուծմէ աւելի ձեզի մտիկ ընենք, դո՛ւք դատեցէք։
20 Վասն զի մենք զայն որ տեսանք ու լսեցինք՝ չենք կրնար չխօսիլ»։
21 Իսկ անոնք նորէն սպառնալիք ընելէ յետոյ՝ արձակեցին զանոնք, քանի որ պատճառ մը չգտան, որ պատժեն զանոնք եւ ժողովուրդին պատճառով, քանզի ամէնքն ալ Աստուած կը փառաւորէին եղած բանին համար։
22 Վասն զի այն մարդը քառասուն տարեկանէն աւելի էր, որուն վրայ այս բժշկութեան հրաշքը կատարուեցաւ։
23 Եւ անկէ արձակուելով՝ իրենց խումբին քով գացին ու պատմեցին ինչ որ քահանայապետները եւ ծերերը իրենց ըսած էին։
24 Անոնք ալ երբ լսեցին, միաբանութեամբ ձայներնին Աստուծոյ վերցուցին՝ ըսելով. «Ո՛վ Տէր, դուն ես Աստուածը, որ երկինքը ու երկիրը եւ ծովը ու բոլոր անոնց մէջ եղածները ստեղծեցիր,
25 Որ քու ծառայիդ Դաւիթին բերնով խօսեցար. ‘Ինչո՞ւ հեթանոսները խռովութիւն ըրին ու ժողովուրդները պարապ բաներ մտածեցին.
26 Երկրի թագաւորները պատրաստ կայնեցան եւ իշխանները մէկտեղ ժողվուեցան Տէրոջը դէմ եւ անոր Օծեալին դէմ’։
27 Քանզի արդարեւ [այս քաղաքին մէջ] հաւաքուեցան քու սուրբ Որդիիդ Յիսուսին վրայ, որ դուն օծեցիր, Հերովդէս եւ Պոնտացի Պիղատոս, ազգերուն հետ ու Իսրայէլի ժողովուրդներուն հետ,
28 Ըրին ինչ որ քու ձեռքդ եւ խորհուրդդ սահմանեց առաջուընէ, որ ըլլայ։
29 Եւ հիմա, ո՛վ Տէր, նայէ անոնց սպառնալիքներուն ու շնորհէ քու ծառաներուդ, որպէս զի բոլոր համարձակութիւնով քու խօսքդ խօսինք,
30 Քու ձեռքդ երկնցնելով բժշկելու եւ քու սուրբ Որդիիդ Յիսուսին անունովը նշաններ ու հրաշքներ կատարուին»։
31 Երբ անոնք աղօթք ըրին, շարժեցաւ այն տեղը՝ ուր հաւաքուած էին եւ ամէնքը Սուրբ Հոգիով լեցուեցան ու Աստուծոյ խօսքը համարձակ կը խօսէին։
32 Եւ հաւատացեալներուն բազմութիւնը մէկ սիրտ ու մէկ հոգի էին։ Անոնցմէ մէ՛կը չէր ըսեր իր ստացուածքներէն մէկուն համար, թէ՝ ‘իրն է’, հապա իրենց ամէն բաները հասարակաց կը սեպէին։
33 Առաքեալները մեծ զօրութիւնով վկայ էին Տէր Յիսուսին յարութեանը։ Անոնց ամենուն վրայ մեծ շնորհք կար։
34 Անոնց մէջ կարօտութիւն քաշող մը չկար, վասն զի անոնք որ ագարակներու կամ տուներու տէր էին, կը ծախէին եւ ծախուածներուն գիները կը բերէին
35 Ու առաքեալներուն ոտքը կը դնէին եւ ամէն մէկուն իր կարօտութեանը նայելով կը բաժնուէր։
36 Եւ Յովսէս, որ առաքեալներէն Բառնաբաս մականուանուեցաւ, (որ կը թարգմանուի Մխիթարութեան որդի,) Ղեւտացի, ծնունդով Կիպրացի,
37 Ագարակ մը ունենալով, ծախեց ու ստակը բերաւ՝ առաքեալներուն ոտքը դրաւ։