ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28


Գլուխ 28

Երբ ազատեցան, հասկցան թէ այն կղզիին անունը Մելիտէ էր։ Եւ բնիկները քիչ մարդասիրութիւն չցուցուցին մեզի.
2 Վասն զի կրակ վառեցին եւ մեզ ամէնքս ալ ընդունեցին՝ մեր վրայ հասած անձրեւին ու ցուրտին համար։
3 Երբ Պօղոս շատ մը խռիւ ժողվեց եւ կրակին վրայ դրաւ, տաքութենէն իժ մը ելաւ, անոր ձեռքը բռնեց։
4 Բնիկներն ալ, երբ այն գազանը տեսան անոր ձեռքէն կախուած՝ իրարու ըսին. «Անշուշտ ասիկա մարդասպան մըն է, որ թէպէտ ծովէն ազատեցաւ, բայց արդարութիւնը թող չտուաւ որ ապրի»։
5 Իսկ անիկա գազանը կրակին մէջ թօթուելով՝ իրեն վնաս մը չեղաւ։
6 Բնիկները կը սպասէին որ անիկա ուռենայ, կամ յանկարծակի մեռած իյնայ. բայց շատ սպասեցին ու տեսան որ անոր վնաս մը չեղաւ, կարծիքնին փոխելով՝ ըսին թէ՝ ‘աստուած մըն է’։
7 Այն տեղին բոլորտիքը կղզիին գլխաւոր մարդուն ագարակները կը գտնուէին, որուն անունը Պոպղիոս էր։ Ան մեզ ընդունեց եւ երեք օր հիւրասիրութեամբ մեզ իրեն քով պահեց։
8 Պոպղիոսի հայրը ջերմով եւ թանչքով հիւանդացած պառկած էր։ Պօղոս անոր քով մտաւ եւ աղօթք ընելով ձեռքերը անոր վրայ դրաւ ու բժշկեց զանիկա։
9 Ու երբ ասիկա եղաւ, ուրիշ հիւանդներ, որոնք այն կղզիին մէջ էին, կու գային եւ կը բժշկուէին։
10 Անոնք շատ պատիւներով ալ մեզ պատուեցին ու մեր երթալու ատենը պէտք եղած բաները տուին։
11 Երեք ամիս յետոյ Աղեքսանդրիական նաւով մը ճամբայ ելանք, որ ձմեռը այն կղզին անցուցեր էր ու Դիոսկուրացիներու նշանը ունէր։
12 Սիրակուսա հասնելով՝ երեք օր հոն կեցանք։
13 Անկէ ալ պտոյտ մը ընելով՝ Հռեգիոն հասանք։ Մէկ օր յետոյ երբ հարաւ սկսաւ փչել, երկու օրէն Պատիողոս հասանք։
14 Հոն եղբայրներ գտանք, որոնք աղաչեցին որ եօթը օր իրենց քով մնանք ու ետքը Հռովմ ելլենք։
15 Եղբայրները, երբ մեր վրայով լսեցին, մեզ դիմաւորելու ելան մինչեւ Ապփիոսի վաճառանոցը ու Երեք պանդոկները։ Պօղոս զանոնք տեսնելով՝ գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ եւ սիրտ առաւ։
16 Երբ Հռովմ մտանք, հարիւրապետը կապուածները զօրապետին յանձնեց. իսկ Պօղոսին հրաման եղաւ, որ իր պահապան զինուորին քով կենայ։
17 Երեք օր յետոյ ան Հրեաներուն գլխաւորները կանչեց ու երբ մէկտեղ եկան, ըսաւ անոնց. «Մարդի՛կ եղբայրներ, ես ժողովուրդին կամ հայրենական սովորութիւններու դէմ բան մը չըրած, Երուսաղէմէն կապուած՝ Հռովմայեցիներուն մատնուեցայ,
18 Որոնք երբ զիս քննեցին, ուզեցին որ արձակեն, վասն զի իմ վրաս մեռնելու յանցանք մը չկար։
19 Բայց երբ Հրեաները հակառակ կեցան, պէտք եղաւ որ Կայսրին բողոքեմ, ո՛չ թէ իմ ազգիս դէմ ամբաստանութիւն մը ունեցողի պէս։
20 Ուստի այս պատճառաւ աղաչեցի որ ձեզ տեսնեմ ու ձեզի խօսիմ. վասն զի Իսրայէլի յոյսին համար ես այս շղթան վրաս կը կրեմ»։
21 Անոնք ալ ըսին իրեն. «Մենք քու վրայովդ Հրէաստանէն ո՛չ թուղթեր առինք եւ ո՛չ եղբայրներէն մէկը հոս գալով՝ քու վրայովդ չարութիւն մը պատմեց կամ խօսեցաւ։
22 Բայց կ’աղաչենք, որ քեզմէ լսենք թէ դուն ի՞նչ մտքի վրայ ես. վասն զի մենք այդ աղանդին վրայով տեղեկացած ենք, որ ամէն տեղ ատոր դէմ կը խօսին»։
23 Օր մը որոշելով, շատեր գացին իր բնակած տեղը, որոնց Աստուծոյ թագաւորութիւնը կը ծանուցանէր վկայութիւնով եւ կը համոզէր զանոնք Յիսուսին վրայով Մովսէսին օրէնքին ու մարգարէներէն սորվիլ, առաւօտէն մինչեւ իրիկուն։
24 Ոմանք հաւատացին ըսածներուն, ոմանք չհաւատացին։
25 Եւ իրարու հետ չմիաբանած՝ գացին, երբ Պօղոս խօսք մը ըսաւ. «Սուրբ Հոգին աղէկ խօսեցաւ մեր հայրերուն, Եսայի մարգարէին միջոցով
26 Եւ ըսաւ. «Գնա՛ այս ժողովուրդին եւ ըսէ՝ ‘Լսելով պիտի լսէք՝ ու պիտի չիմանաք եւ տեսնելով պիտի տեսնէք՝ ու պիտի չտեսնէք.
27 Վասն զի այս ժողովուրդին սիրտը թանձրացաւ եւ իրենց ականջներովը ծանր լսեցին ու աչքերնին գոցեցին, որ չըլլայ թէ իրենց աչքերովը տեսնեն ու ականջներովը լսեն եւ սրտերովը իմանան ու դարձի գան եւ ես բժշկեմ զանոնք’։
28 Ուստի յայտնի ըլլայ ձեզի թէ Աստուծոյ փրկութիւնը հեթանոսներուն ղրկուեցաւ եւ անոնք մտիկ պիտի ընեն»։
29 Ու երբ ասիկա ըսաւ, Հրեաները դուրս ելան, իրարու հետ վիճելով։
30 Պօղոս լման երկու տարի իր վարձքով բռնած տունը կեցաւ։
31 Բոլոր եկողները կ’ընդունէր։
32 Կը քարոզէր Աստուծոյ թագաւորութիւնը։ Տէր Յիսուս Քրիստոսին վրայով՝ առանց արգիլուելու՝ կը սորվեցնէր կատարեալ համարձակութեամբ։