ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28


Գլուխ 5

Բայց մարդ մը՝ Անանիա անունով՝ իր կնոջ Սափիրային հետ ստացուածք մը ծախեց,
2 Անոր գինէն խորեց, մինչ կինն ալ գիտէր որ միայն մէկ մասը բերաւ առաքեալներուն ոտքը դրաւ։
3 Եւ Պետրոս ըսաւ. «Անանիա՛, ինչո՞ւ Սատանան քու սիրտդ լեցուց, որ դուն Սուրբ Հոգիին սուտ խօսիս ու ագարակին գինէն խորես։
4 Չէ՞ որ քուկդ էր այն՝ քանի որ կեցեր էր ու ծախուած ալ՝ քու իշխանութեանդ տակ էր. ինչո՞ւ քու սրտիդ մէջ այս բանը դրիր։ Ո՛չ թէ մարդոց սուտ խօսեցար, հապա Աստուծոյ»։
5 Եւ Անանիա այս խօսքերը լսելով՝ ինկաւ ու հոգի տուաւ եւ մեծ վախ ինկաւ ամենուն վրայ, որոնք ասիկա լսեցին։
6 Ու երիտասարդները ելան ու պատանքով փաթթեցին զանիկա եւ դուրս հանելով թաղեցին։
7 Երեք ժամու չափ անցաւ, երբ կինը չգիտնալով ինչ որ եղեր էր՝ ներս մտաւ։
8 Պետրոս ըսաւ անոր. «Ըսէ՛ ինծի, ագարակը ա՞յնչափ գնով ծախեցիք»։ Ան ալ ըսաւ. «Այո՛, այնչափ»։
9 Պետրոս ըսաւ անոր. «Այդ ի՞նչ է որ դուք միաբանեցաք Տէրոջը Հոգին փորձելու. ահա քու այրդ թաղողներուն ոտքերը դրանը քով են, քեզ ալ դուրս պիտի հանեն»։
10 Եւ իսկոյն կինը անոր ոտքերուն քով ինկաւ ու հոգի տուաւ եւ երիտասարդները ներս մտնելով՝ զանիկա մեռած գտան ու հանեցին իր էրկանը քով թաղեցին։
11 Եւ մեծ վախ մը ինկաւ բոլոր եկեղեցիին վրայ ու ամենուն վրայ, որոնք այս բաները լսեցին։
12 Առաքեալներուն ձեռքով շատ նշաններ ու հրաշքներ կ’ըլլային ժողովուրդին մէջ եւ ամէնքը միաբանութեամբ Սողոմոնին Սրահին մէջ էին։
13 Ոեւէ մէկը չէր համարձակեր անոնց յարիլ, թէեւ ժողովուրդը կը մեծարէր զանոնք։
14 Տէրոջը հաւատացողները ա՛լ աւելի կը շատնային, այրեր եւ կիներ բազմութեամբ,
15 Այնպէս որ հիւանդները հրապարակները կը հանէին եւ պատգարակներով ու մահիճներով կը դնէին, որպէս զի Պետրոսին անցնելու ատենը՝ գոնէ անոր շուքը անոնց մէկուն վրայ իյնայ։
16 Շրջակայ քաղաքներուն բազմութիւնը Երուսաղէմ կը ժողվուէր, հիւանդներ եւ պիղծ ոգիներէ նեղութիւն կրողներ բերելով, որոնք ամէնքն ալ կը բժշկուէին։
17 Ոտքի ելաւ քահանայապետը եւ բոլոր իրեն հետ եղողները, որոնք Սադուկեցիներու աղանդէն էին, նախանձով լեցուած,
18 Ու առաքեալները ձերբակալեցին եւ հասարակաց բանտը դրին զանոնք։
19 Բայց Տէրոջը հրեշտակը գիշերով բանտին դռները բացաւ ու դուրս հանելով զանոնք՝ ըսաւ.
20 «Գացէ՛ք եւ տաճարին մէջ կայնելով ժողովուրդին յայտնեցէք այս կենաց պատգամը»
21 Ու երբ զայս լսեցին, տաճարը մտան առտուն եւ կը սորվեցնէին. իսկ քահանայապետը եկաւ ու իրեն հետ եղողները ու մէկտեղ կանչեցին ժողովը ու Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ծերակոյտը ժողով գումարեցին եւ մարդ ղրկեցին բանտը, որպէս զի զանոնք բերեն։
22 Երբ սպասաւորները գացին, զանոնք բանտին մէջ չգտնելով՝ ետ դարձան, պատմեցին
23 Եւ ըսին թէ «Բանտը ամէն զգուշութիւնով գոցուած գտանք ու պահապանները դռներուն առջեւ կայնած, բայց բանալով՝ ներսը մարդ չգտանք»։
24 Երբ մեծ քահանան եւ տաճարին իշխանը ու քահանայապետները լսեցին այս խօսքերը, կը զարմանային պատահածին վրայ։
25 Նոյն ատեն մէկը եկաւ ու ըսաւ անոնց. «Ահա այն մարդիկը որոնք բանտը դրած էիք, տաճարը կայներ են եւ ժողովուրդին կը սորվեցնեն»։
26 Այն ատեն իշխանը սպասաւորներովը մէկտեղ գնաց զանոնք բերաւ առանց բռնութեան, քանզի ժողովուրդէն կը վախնային, որ չքարկոծուին,
27 Ու զանոնք ատեանը կայնեցուցին։ Քահանայապետը անոնց հարցուց՝
28 Ըսելով «Չէ՞ որ սաստիկ պատուիրեցինք ձեզի, որ այս անունով չսորվեցնէք. բայց դուք Երուսաղէմը ձեր ուսմունքովը լեցուցիք եւ այն մարդուն արիւնը կ’ուզէք մեր վրայ բերել»։
29 Պատասխան տուին Պետրոսն ու միւս առաքեալները ու ըսին. «Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց։
30 Մեր հայրերուն Աստուածը Յիսուսը յարուցանեց, Ան որ դուք փայտէն կախելով սպաննեցիք։
31 Աստուած իր աջ ձեռքով զանիկա Առաջնորդ ու Փրկիչ ըլլալու բարձրացուց, Իսրայէլի ապաշխարութիւն եւ մեղքերու թողութիւն տալու։
32 Մենք այս բաներուն համար անոր վկաներն ենք ու Սուրբ Հոգին ալ՝ որ Աստուած իրեն հնազանդ եղողներուն տուաւ»։
33 Եւ անոնք ասիկա լսելով խիստ կատղեցան ու կը խորհէին զանոնք մեռցնել։
34 Ատեանին մէջ փարիսեցի մը ոտքի վրայ ելաւ, որուն անունը Գամաղիէլ էր, օրինաց վարդապետ մը, բոլոր ժողովուրդին առջեւ պատուաւոր մէկը ու հրաման ըրաւ, որ առաքեալները քիչ մը դուրս հանեն.
35 Ապա ըսաւ. «Ո՜վ Իսրայէլացի մարդիկ, զգուշացէ՛ք այս մարդոց հանդէպ ձեր ընելիքէն,
36 Քանզի ասկէ առաջ Թեւդաս ելաւ, իրեն համար ըսելով թէ երեւելի մէկն է ու թուով չորս հարիւրի չափ մարդիկ իրեն յարեցան. ինք սպաննուեցաւ եւ այն ամէնքը որ իրեն հնազանդեր էին, ցրուեցան ու ոչինչ եղան։
37 Անոր ետեւէն Յուդա Գալիլիացին ելաւ աշխարհագիր եղած օրերը եւ շատ ժողովուրդ իր կողմը քաշեց, բայց ինքն ալ կորսուեցաւ եւ այն ամէնքը, որոնք իրեն հնազանդեր էին՝ ցիրուցան եղան։
38 Հիմա ձեզի կ’ըսեմ, Այդ մարդոցմէ մէկդի՛ կեցէք ու թո՛ղ տուէք զանոնք, վասն զի եթէ այդ խորհուրդը կամ գործը մարդոցմէ է՝ պիտի քակուի,
39 Իսկ եթէ Աստուծմէ է՝ չէք կրնար ատիկա քակել. չըլլայ թէ Աստուծոյ դէմ մարտնչիք»։
40 Անոնք հաւանութիւն տուին անոր ու առաքեալները կանչելով ծեծեցին եւ պատուիրելով որ անգամ մըն ալ Յիսուսին անունով չխօսին, արձակեցին զանոնք։
41 Անոնք ալ ատեանէն գացին, ուրախանալով որ Տէրոջը անուանը համար արժանի եղան անարգուելու։
42 Եւ ամէն օր տաճարը ու տուներուն մէջ չէին դադարիր սորվեցնելէ ու Յիսուս Քրիստոսը քարոզելէ։