ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ
Գլուխ 7
Այն ատեն քահանայապետը ըսաւ. «Իրաւցընէ այդ բաները այդպէ՞ս են»։
2 Եւ անիկա ըսաւ. «Մարդի՛կ եղբայրներ ու հայրե՛ր, մտի՛կ ըրէք. Փառաց Աստուածը մեր Հօրը Աբրահամին երեւցաւ, քանի որ Միջագետքի մէջ էր, դեռ Խառանի մէջ չբնակած եւ ըսաւ անոր.
3 ‘Ելի՛ր քու երկրէդ եւ քու ազգականներէդ ու գնա՛ այն երկիրը, որ ես քեզի պիտի ցուցնեմ’։
4 Այն ատեն Քաղդէացիներու երկրէն ելլելով՝ Խառանի մէջ բնակեցաւ եւ անոր հօրը մեռնելէն յետոյ անկէ փոխադրեց զանիկա այս երկիրը, ուր դուք հիմա կը բնակիք։
5 Ասոր մէջ անոր ժառանգութիւն չտուաւ, ոչ ալ ոտքի քայլ մը տեղ, բայց խոստացաւ որ ասիկա իրեն տայ իբրեւ կալուածք եւ իրմէ յետոյ իր սերունդին, երբ դեռ ինք որդին չունէր։
6 Աստուած այսպէս խօսեցաւ. ‘Քու սերունդդ օտար երկրի մէջ պանդուխտ պիտի ըլլայ ու պիտի ծառայեցնեն զանիկա եւ չարչարեն չորս հարիւր տարի։
7 Այն ազգը, որուն պիտի ծառայեն, ես պիտի դատեմ’, ըսաւ Աստուած ‘եւ անկէ յետոյ պիտի ելլեն ու այստեղ զիս պիտի պաշտեն’։
8 Անոր թլփատութեան ուխտը տուաւ ու ետքը Աբրահամ Իսահակը ծնաւ։ Թլփատեց զանիկա ութերորդ օրը։ Իսահակ ալ Յակոբը ծնաւ, Յակոբն ալ՝ տասներկու նահապետները։
9 Եւ նահապետները Յովսէփին նախանձելով՝ Եգիպտոս տարուելու ծախեցին. բայց Աստուած անոր հետ էր
10 Ու փրկեց զանիկա իր բոլոր նեղութիւններէն, անոր շնորհք ու իմաստութիւն տուաւ Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին առջեւ։ Ան ալ զանիկա իշխան դրաւ Եգիպտոսին ու իր բոլոր տանը վրայ։
11 Երբ Եգիպտոսի եւ Քանանի բոլոր երկրին վրայ սով մը տիրեց ու մեծ նեղութիւն, մեր հայրերը ուտելիք չէին գտներ։
12 Յակոբ՝ երբ լսեց թէ Եգիպտոսի մէջ ցորեն կը գտնուի՝ առաջին անգամ մեր հայրերը ղրկեց։
13 Երկրորդ անգամ Յովսէփ իր եղբայրներուն ճանչցուց ինքզինք ու Յովսէփին ազգը Փարաւոնին յայտնի եղաւ։
14 Յովսէփ ղրկեց ու կանչեց իր հայրը Յակոբը ու բոլոր ազգատոհմը, եօթանասունըհինգ հոգի։
15 Յակոբ Եգիպտոս գնաց, ուր մեռան ինք ու մեր հայրերը։
16 Սիւքէմ տարուելով՝ այն գերեզմանին մէջ դրուեցան, որ Աբրահամ արծաթով ծախու առեր էր Սիւքէմի հօրը Եմովրի որդիներէն։
17 Երբ մօտեցաւ խոստումին ատենը, որ Աստուած երդումով խոստացեր էր Աբրահամին, ժողովուրդը աճեցաւ ու շատցաւ Եգիպտոսի մէջ
18 Մինչեւ որ ուրիշ թագաւոր մը ելաւ, որ Յովսէփը չէր ճանչնար։
19 Անիկա միջոցներ բանեցուց մեր ազգին դէմ ու չարչարեց մեր հայրերը, մինչեւ անգամ անոնց տղաքը դուրս ձգել տալով, որպէս զի չապրին։
20 Այն ժամանակ Մովսէսը ծնաւ, որ Աստուծոյ առջեւ գեղեցիկ էր եւ իր հօրը տունը մեծցաւ երեք ամիս։
21 Երբ անիկա դուրս ձգուեցաւ, Փարաւոնին աղջիկը զանիկա վերցուց եւ իբրեւ իր որդին մեծցուց։
22 Մովսէս Եգիպտացիներուն բոլոր իմաստութիւնովը վարժուեցաւ եւ զօրաւոր էր իր խօսքերովը ու գործերովը։
23 Ու երբ քառասուն տարեկան եղաւ, իր սիրտը ուզեց իր եղբայրներուն, Իսրայէլի որդիներուն այցելել։
24 Իսրայէլացիներէն մէկը հարստահարուած տեսնելով՝ պաշտպանեց եւ զրկուածին վրէժը առաւ՝ Եգիպտացին սպաննելով։
25 Կը կարծէր թէ իր եղբայրները պիտի իմանային թէ Աստուած իր ձեռքով իրենց ազատութիւն պիտի տար. բայց անոնք չիմացան։
26 Հետեւեալ օրը երկու Իսրայէլացիներու դէմ ելաւ, որոնք կը կռուէին։ Խաղաղութիւն հաստատել ուզելով՝ ըսաւ. «Մարդի՛կ, դուք եղբայրներ էք, ինչո՞ւ մէկզմէկ կը զրկէք»։
27 Բայց ան որ ընկերը կը զրկէր, մէկդի քշեց զանիկա ու ըսաւ. «Ո՞վ քեզ մեր վրայ իշխան ու դատաւոր դրաւ.
28 Զի՞ս ալ սպաննել կ’ուզես, ինչպէս երէկ Եգիպտացին սպաննեցիր»։
29 Մովսէս այս խօսքին վրայ փախաւ ու Մադիամի երկրին մէջ պանդուխտ եղաւ, ուր երկու որդի ծնաւ։
30 Քառասուն տարի անցնելէն յետոյ Սինա լերանը անապատին մէջ Տէրոջը հրեշտակը երեւցաւ անոր մորենիի կրակի բոցով։
31 Մովսէսն ալ երբ տեսաւ, զարմացաւ այն տեսիլքին վրայ ու երբ մօտեցաւ զննելու, Տէրոջը ձայնը եկաւ անոր, որ կ’ըսէր.
32 «Ես եմ քու հայրերուդ Աստուածը, Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին Աստուածը»։ Մովսէսն ալ վախէն դողալով՝ չէր համարձակեր նայիլ։
33 Եւ Տէրը ըսաւ անոր. «Ոտքերուդ կօշիկները հանէ՛, վասն զի այդ տեղը, ուր դուն կայներ ես՝ սուրբ երկիր է։
34 Յիրաւի Եգիպտոսի մէջ եղող ժողովուրդիս չարչարանքը տեսայ ու լսեցի անոնց հառաչանքը եւ իջայ զանոնք ազատելու. եւ հիմա եկո՛ւր քեզ Եգիպտոս ղրկեմ»։
35 Այն Մովսէսը որ մերժեցին ու կ’ըսէին. ‘Ո՞վ քեզ իշխան ու դատաւոր դրաւ՝, Աստուած զանիկա իշխան եւ փրկիչ ղրկեց այն հրեշտակին ձեռքով, որ մորենիին մէջ անոր երեւցաւ։
36 Անիկա հանեց զանոնք, հրաշքներ ու նշաններ ընելով Եգիպտոսի երկրին ու Կարմիր ծովուն մէջ եւ անապատին մէջ քառասուն տարի։
37 Այս Մովսէսն է, որ ըսաւ Իսրայէլի որդիներուն. ‘Ձեր Տէր Աստուածը ձեր եղբայրներէն ինծի պէս մարգարէ մը պիտի հանէ ձեզի, անոր մտիկ ըրէք’։
38 Ասիկա ան է որ անապատի ժողովին մէջ էր՝ Սինա լերան վրայ իրեն խօսող հրեշտակին ու մեր հայրերուն հետ, որ կենդանի պատգամներ առաւ մեզի տալու.
39 Որուն մեր հայրերը չուզեցին հնազանդիլ, հապա մերժեցին եւ իրենց սրտերովը Եգիպտոս դարձան
40 Եւ ըսին Ահարոնին. ‘Մեզի աստուածներ շինէ, որպէս զի մեր առջեւէն երթան. քանզի այն Մովսէսը, որ մեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեց, չենք գիտեր թէ ի՞նչ եղաւ’։
41 Այն օրերը հորթ մը շինեցին ու անոր զոհ մատուցանեցին եւ իրենց ձեռքերուն գործերովը կը զուարճանային։
42 Աստուած ալ երես դարձուց ու թողուց զանոնք որ երկնքի աստղերը պաշտեն. ինչպէս գրուած է մարգարէներուն գրքին մէջ. ‘Միթէ անապատին մէջ քառասուն տարի զոհեր ու պատարա՞գ մատուցանեցիք ինծի, ո՛վ Իսրայէլի տուն։
43 Մողոքին վրանը առիք ու ձեր Հռեմփա աստուծոյն աստղը, այն պատկերները որոնք շինեցիք անոնց երկրպագութիւն ընելու։ Ես ալ ձեզ Բաբելոնէն անդին պիտի փոխադրեմ’։
44 Վկայութեան խորանը անապատին մէջ մեր հայրերուն հետ էր, ինչպէս Մովսէսին հետ խօսողը հրաման ըրաւ, որ տեսած օրինակին պէս շինէ զանիկա.
45 Որ մեր հայրերն ալ յաջորդաբար առնելով՝ Յեսուին հետ բերին զանիկա այն ազգերուն կալուածը, որոնք Աստուած վռնտեց մեր հայրերուն առջեւէն՝ մինչեւ Դաւիթին օրերը,
46 Որ Աստուծոյ առջեւ շնորհք գտաւ եւ ուզեց որ Յակոբին Աստուծոյն բնակարան մը շինէ։
47 Բայց Սողոմոն շինեց տունը։
48 Սակայն Բարձրեալը ձեռքով շինուած տաճարներու մէջ չի բնակիր, ինչպէս մարգարէն կ’ըսէ.
49 ‘Երկինք իմ աթոռս է ու երկիրը իմ ոտքերուս պատուանդանն է. որպիսի՞ տուն պիտի շինէք ինծի’, կ’ըսէ Տէրը, ‘կամ ո՞ւր պիտի ըլլայ իմ հանգստութեանս տեղը.
50 Չէ՞ որ այս ամէնքը իմ ձեռքս շիներ է’։
51 ‘Ով խստապարանոցներ ու սրտով եւ ականջով չթլփատուածներ, դուք ամէն ատեն Սուրբ Հոգիին հակառակ կը կենաք, ինչպէս ձեր հայրերը՝ այնպէս ալ դուք։
52 Մարգարէներէն ո՞րը չհալածեցին ձեր հայրերը ու չսպաննեցին զանոնք, որ նախապէս պատմեցին այն Արդարին գալուն համար, որը դուք հիմա մատնեցիք եւ սպաննեցիք.
53 Դուք որ օրէնքը առիք հրեշտակներուն մատակարարութիւնովը ու չպահեցիք’»։
54 Անոնք այս բաները լսելով՝ սրտերնուն մէջ կը կատղէին եւ ակռանին անոր վրայ կը կրճտէին։
55 Բայց անիկա Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ երկինք նայեցաւ եւ տեսաւ Աստուծոյ փառքը ու Յիսուսն ալ, որ Աստուծոյ աջ կողմը նստեր էր եւ ըսաւ. «Ահա կը տեսնեմ երկինքը բացուած ու Որդին մարդոյ Աստուծոյ աջ կողմը կայնած»։
56 Իսկ անոնք մեծաձայն աղաղակելով՝ ականջնին գոցեցին եւ ամէնքը մէկէն վազեցին անոր վրայ.
57 Ու քաղաքէն դուրս հանելով՝ քարկոծեցին զանիկա եւ վկաները իրենց հանդերձները պահ դրին երիտասարդի մը ոտքերուն քով, որ Սօղոս կ’ըսուէր։
58 Եւ կը քարկոծէին Ստեփանոսը, որ աղօթք կ’ընէր ու կ’ըսէր. «Տէ՛ր Յիսուս, ընդունէ իմ հոգիս»։
59 Ու ծունկի վրայ գալով բարձրաձայն աղաղակեց. «Տէ՛ր, այս մեղքը մի սեպեր ատոնց». այս ըսելով ննջեց։ Սօղոս ալ կամակից էր անոր սպաննուելուն։