Բ. ՕՐԻՆԱՑ
Գլուխ 34
Մովսէս Մովաբի դաշտերէն Նաբաւ լերանը վրայ Երիքովի դիմացի Փասգայի գագաթը ելաւ եւ Տէրը անոր ցուցուց բոլոր Գաղաադի երկիրը մինչեւ Դան,
2 Նաեւ բոլոր Նեփթաղիմը ու Եփրեմի եւ Մանասէի երկիրը ու Յուդայի բոլոր երկիրը մինչեւ արեւմտեան ծովը
3 Եւ հարաւային կողմն ու Երիքովի հովիտին դաշտը ու Արմաւենիներու քաղաքը մինչեւ Սեգովր։
4 Եւ Տէրը անոր ըսաւ. «Այս է այն երկիրը, որուն համար Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին երդում ըրի՝ ըսելով. ‘Քու սերունդիդ պիտի տամ զանիկա’։ Ահա քու աչքերուդ ցուցուցի, բայց դուն հոն պիտի չանցնիս»։
5 Այսպէս Տէրոջը ծառան՝ Մովսէս՝ հոն Մովաբի երկրին մէջ, Տէրոջը ըսածին պէս մեռաւ։
6 Տէրը զայն Բեթփեգովրի դէմ, Մովաբի երկիրը ձորի մը մէջ թաղեց ու մինչեւ այսօր ոեւէ մարդ անոր գերեզմանին տեղը չգիտցաւ։
7 Եւ Մովսէս իր մեռած ատենը հարիւր քսան տարեկան էր. անոր աչքերը չտկարացան ու անոր ոյժը չգնաց։
8 Իսրայէլի որդիները Մովաբի դաշտերուն մէջ Մովսէսին համար երեսուն օր լացին ու Մովսէսին համար սուգի եւ լացի օրերը լմնցան։
9 Եւ Նաւէին որդին Յեսու իմաստութեան հոգիով լեցուեցաւ, որովհետեւ Մովսէս իր ձեռքերը անոր վրայ դրեր էր ու Իսրայէլի որդիները անոր հնազանդեցան եւ ինչ որ Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր, այնպէս ըրին։
10 Անկէ յետոյ Իսրայէլի մէջ ուրիշ մարգարէ մը չեղաւ Մովսէսին պէս, որը Տէրը երես առ երես ճանչցաւ
11 Եւ Տէրոջ կողմէ Եգիպտոս ղրկուեցաւ նշաններով ու հրաշքներով Փարաւոնին, ծառաներուն եւ ամբողջ երկրին առջեւ ընելու
12 Եւ որը զօրաւոր ձեռքով եւ մեծ սոսկումով ըրաւ Իսրայելացիներուն աչքին առջեւ։