Բ. ՕՐԻՆԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34


Գլուխ 9

«Ո՛վ Իսրայէլ, մտիկ ըրէ՛. Դուն այսօր Յորդանանէն կ’անցնիս, որպէս զի երթաս քեզմէ մեծ ու զօրաւոր ազգերու, մինչեւ երկինք բարձրացող պարսպապատ մեծ քաղաքները ժառանգես։
2 Այն մեծ ու երկայնահասակ ազգը՝ Ենակիմներուն որդիները՝ որոնք դուն կը ճանչնաս ու որոնց համար լսեր ես՝ ‘Ենակին որդիներուն ո՞վ կրնայ դէմ դնել’։
3 Արդ՝ այսօր գիտցիր թէ քու Տէր Աստուածդ ինք քու առջեւէդ կ’երթայ իբրեւ մաշող կրակ ու զանոնք պիտի կորսնցնէ եւ քու առջեւէդ զանոնք պիտի նուաճէ եւ դուն զանոնք պիտի հալածես ու շուտով կորսնցնես, ինչպէս Տէրը քեզի ըսաւ։
4 Երբ քու Տէր Աստուածդ զանոնք քու առջեւէդ հալածէ, սրտիդ մէջ չըսես թէ Տէրը իմ արդարութեանս համար զիս այս երկիրը բերաւ, որպէս զի ժառանգեմ. քանզի Տէրը այս ազգերը իրենց անօրէնութեանը համար քու առջեւէդ կը վռնտէ։
5 Ո՛չ թէ քու արդարութեանդ ու սրտիդ ուղղութեանը համար կը մտնես անոնց երկիրը ժառանգելու, այլ քու Տէր Աստուածդ այն ազգերուն անօրէնութեանը համար զանոնք քու առջեւէդ կը վռնտէ եւ որպէս զի հաստատէ այն խօսքը՝ որուն համար քու հայրերուդ՝ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին՝ երդում ըրաւ։
6 Ուստի գիտցիր թէ քու արդարութեանդ համար չէ, որ քու Տէր Աստուածդ այս աղէկ երկիրը քեզի ժառանգել կու տայ. քանզի դուն խստապարանոց ժողովուրդ մըն ես։
7 Միտքդ պահէ՛ ու մի՛ մոռնար, թէ դուն քու Տէր Աստուածդ անապատին մէջ բարկացուցիր. Եգիպտոսի երկրէն ելած օրէդ մինչեւ հոս եկած օրդ Տէրոջը անհնազանդ եղաք։
8 Քորէբի մէջ ալ Տէրը բարկացուցիք եւ Տէրը ձեզ կորսնցնելու համար ձեզի բարկացաւ։
9 Երբ ես լեռը ելայ, որպէս զի քարեղէն տախտակները առնեմ, այսինքն Տէրոջը ձեզի հետ ըրած ուխտին տախտակները, քառասուն օր ու քառասուն գիշեր լեռը կեցայ. ո՛չ հաց կերայ եւ ո՛չ ջուր խմեցի.
10 Այն ատեն Տէրը տուաւ ինծի Աստուծոյ մատովը գրուած երկու քարեղէն տախտակները, որոնց վրայ գրուած էին բոլոր այն խօսքերը, որոնք ժողովին օրը լերանը վրայ կրակին մէջէն Տէրը ձեզի խօսեցաւ։
11 Արդ՝ քառասուն օրէն ու քառասուն գիշերէն ետքը Տէրը երկու քարեղէն տախտակները, այսինքն ուխտին տախտակները, ինծի տուաւ։
12 Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Ելի՛ր ու շուտով ասկէ վա՛ր իջի՛ր, քանզի ապականեցաւ քու ժողովուրդդ, որ Եգիպտոսի երկրէն հանեցիր. իմ պատուիրած ճամբայէս շուտով խոտորեցան, իրենց ձուլածոյ կուռք շինեցին’։
13 Նաեւ Տէրը ինծի հետ խօսելով ըսաւ. ‘Ես այս ժողովուրդին նայեցայ եւ ահա խստապարանոց ժողովուրդ մըն է ան.
14 Թող տուր որ զանոնք կորսնցնեմ ու անոնց անունը երկնքի տակէն բնաջինջ ընեմ եւ քեզ անոնցմէ զօրաւոր ու բազմաթիւ ազգ մը պիտի ընեմ’։
15 Այն ատեն ես դարձայ, լեռնէն վար իջայ ու լեռը կրակով կ’այրէր եւ ուխտին երկու տախտակները երկու ձեռքերուս մէջ էին։
16 Ետքը նայեցայ տեսայ, որ ձեր Տէր Աստուծոյն դէմ մեղք գործելով ձեզի ձուլածոյ հորթ շիներ էիք, Տէրոջը ձեզի պատուիրած ճամբայէն շուտով խոտորեր էիք։
17 Այն ատեն երկու տախտակները բռնեցի ու իմ երկու ձեռքերուս վրայէն վար նետեցի եւ ձեր աչքերուն առջեւ զանոնք կոտրտեցի։
18 Ետքը առաջուան պէս Տէրոջը առջեւ աղաչեցի քառասուն օր ու քառասուն գիշեր. ո՛չ հաց կերայ, ո՛չ ալ ջուր խմեցի, ձեր գործած բոլոր մեղքին համար, վասն զի Տէրոջը առջեւ չարութիւն ընելով զանիկա բարկացուցեր էիք.
19 Քանզի վախցայ այն սոսկալի բարկութենէն, որով Տէրը ձեր վրայ բարկացաւ ձեզ կորսնցնելու համար։ Սակայն Տէրը այն անգամին ալ ինծի լսեց
20 Եւ Տէրը Ահարոնին խիստ բարկացաւ, այնպէս որ զանիկա պիտի կորսնցնէր։ Նոյն ատեն Ահարոնին համար ալ աղօթք ըրի։
21 Ձեր ըրած մեղքը, այսինքն հորթը, առի ու զանիկա կրակով այրեցի։ Ետքը զանիկա ծեծելով լաւ մը փշրեցի, մինչեւ որ մանր փոշի եղաւ եւ այն փոշին լեռնէն իջնող առուին մէջ նետեցի։
22 Նաեւ Տաբերայի, Մասսայի ու Կիբրօթ-Հաթթավայի մէջ Տէրը բարկացուցիք։
23 Երբ Տէրը ձեզ Կադէս-Բառնեայէն ղրկեց եւ ձեզի ըսաւ՝ ‘Ելէ՛ք ու իմ ձեզի տուած երկիրս ժառանգեցէ՛ք’, այն ատեն ձեր Տէր Աստուծոյն հրամանին անհնազանդութիւն ըրիք ու անոր չհաւատալով՝ անոր խօսքին մտիկ չըրիք։
24 Ձեզ ճանչցած օրէս ի վեր Տէրոջը անհնազանդ էք։
25 Ուստի ես քառասուն օր ու քառասուն գիշեր որ աղաչեցի, Տէրոջը առջեւ աղաչեցի, որովհետեւ Տէրը որոշեց որ ձեզ կորսնցնէ։
26 Ես Տէրոջը աղաչելով ըսի. ‘Ո՛վ Տէր Եհովա, մի՛ կորսնցներ քու ժողովուրդդ ու ժառանգութիւնդ, որ քու մեծութիւնովդ ազատեցիր ու զօրաւոր ձեռքով Եգիպտոսէն հանեցիր։
27 Քու ծառաներդ՝ Աբրահամը, Իսահակն ու Յակոբը՝ յիշէ եւ այս ժողովուրդին խստութեանը, անօրէնութեանն ու մեղքին մի՛ նայիր.
28 Չըլլայ որ այն երկրին, ուրկէ մեզ հանեցիր, բնակիչները ըսեն թէ՝ «Տէրը կարող չըլլալով զանոնք տանելու այն երկիրը, որ անոնց խոստացեր էր կամ զանոնք ատելով, հանեց զանոնք որպէս զի անապատին մէջ մեռցնէ»։
29 Որովհետեւ անոնք քու ժողովուրդդ ու ժառանգութիւնդ են, որոնք դուն քու մեծ զօրութիւնովդ ու բարձր բազուկովդ Եգիպտոսէն հանեցիր’։