Բ. ՕՐԻՆԱՑ
Գլուխ 14
«Դուք ձեր Տէր Աստուծոյն որդիներն էք, մեռելի համար ձեր մարմնին վրայ կտրածներ պէտք չէ ընէք ու ձեր ճակատին մէջտեղի մազերը պէտք չէ փետտէք.
2 Քանզի դուն քու Տէր Աստուծոյդ սուրբ ժողովուրդն ես։ Տէրը երկրի բոլոր ժողովուրդներուն մէջէն քեզ ընտրեց, որպէս զի իրեն սեփական ժողովուրդ ըլլաս։
3 «Բնաւ պիղծ բան մի՛ ուտեր։
4 Ասոնք են ձեր ուտելու անասունները՝ արջառը, ոչխարն ու այծը,
5 Եղջերուն, այծեամը, վիթը, խարբուզը, այծքաղը, յամոյրն ու անալութը։
6 Մնացեալ կենդանիներէն բոլոր կճղակաբաշխ (այսինքն կճղակը երկուքի բաժնուած) ու որոճացող անասունները կրնաք ուտել.
7 Բայց որոճացողներէն կամ կճղակաբաշխ եղողներէն հետեւեալները մի՛ ուտէք՝ ուղտը, նապաստակն ու ճագարը. քանզի ասոնք թէպէտեւ կ’որոճան, բայց կճղակաբաշխ չեն։ Անոնք անմաքուր են։
8 Եւ խոզը, որ թէեւ կճղակաբաշխ է, բայց չորոճար, անիկա անմաքուր է։ Ասոնց միսը մի՛ ուտէք ու ասոնց դիակներուն մի՛ դպչիք։
9 «Ջուրերուն մէջ բոլոր եղածներէն հետեւեալները կերէ՛ք՝ ամէն թեւ ու թեփ ունեցողը,
10 Բայց ոեւէ թեւ ու թեփ չունեցող մի՛ ուտէք։ Անոնք անմաքուր են։
11 «Ամէն մաքուր թռչուն կերէք։
12 Բայց մի՛ ուտէք հետեւեալ թռչունները՝ արծիւը եւ պասկուճն ու գետարծիւը,
13 Ցինն ու անգղը եւ ուրուրը իր տեսակներով
14 Ու ագռաւը իր տեսակներով
15 Եւ ջայլամն ու բուն եւ կկուն ու բազէն իր տեսակներով
16 Եւ հաւպատիրն ու քաջահաւը եւ կարապը
17 Եւ հաւալուսն ու սեւ անգղը եւ հողամաղը
18 Եւ արագիլն ու քարադրը իր տեսակներով եւ յոպոպն ու չիղջը։
19 Բոլոր թռչող զեռունները անմաքուր են. անոնք պէտք չէ ուտուին։
20 Ամէն մաքուր թռչուն կերէ՛ք։
21 «Ինքնիրմէ մեռածը բնաւ մի՛ ուտէք։ Զանիկա քու դռներդ եղող պանդուխտին տուր որպէս զի ուտէ, կամ օտարազգիի մը ծախէ. քանզի դուն քու Տէր Աստուծոյդ սուրբ ժողովուրդն ես։ «Ուլը իր մօրը կաթին մէջ մի՛ եփեր։
22 «Ամէն տարի քու ցանած սերմիդ արդիւնքէն, արտէն ելած ամէն արմտիքներէն, անպատճառ տասանորդ պէտք է տաս։
23 Քու ցորենիդ, գինիիդ ու իւղիդ տասանորդը ու արջառներուդ եւ ոչխարներուդ անդրանիկները քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ կե՛ր, այն տեղը, որ ինք իր անուանը բնակութեանը համար պիտի ընտրէ, որպէս զի միշտ քու Տէր Աստուծմէդ վախնալ սորվիս։
24 Եթէ քու Տէր Աստուծոյդ քեզ օրհնելուն համար ճամբան քեզի հեռու ըլլայ եւ այն տեղը՝ որ քու Տէր Աստուածդ պիտի ընտրէ իր անունը հոն դնելու համար, քեզմէ հեռու ըլլալով չկրնաս տասանորդը հոն տանիլ,
25 Այն ատեն զանոնք ծախէ ու ստակը ծրարելով ձեռքդ ա՛ռ եւ քու Տէր Աստուծոյդ ընտրած տեղը գնա։
26 Այն ստակը սրտիդ բոլոր ցանկացած բաներուն, արջառներու կամ ոչխարներու, գինիի կամ օղիի ու սրտիդ ուզածներուն փոխարէն տուր։ Հոն քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ կե՛ր եւ ուրախացի՛ր դուն եւ քու ընտանիքդ։
27 Քու դռներդ եղող Ղեւտացին ալ զանց մի՛ ըներ, քանզի անիկա քեզի հետ բաժին ու ժառանգութիւն չունի։
28 «Ամէն երրորդ տարուան վերջաւորութեան նոյն տարուան արմտիքներուն բոլոր տասանորդը հանէ՛ եւ զանիկա քու քաղաքներուդ մէջ պահէ՛.
29 Որպէս զի երբ Ղեւտացին (որ քեզի հետ բաժին ու ժառանգութիւն չունի) եւ դռներդ եղող օտարականը, որբն ու որբեւարին գան՝ ուտեն, կշտանան, որպէս զի քու Տէր Աստուածդ քեզ եւ քու ձեռքերուդ կատարած բոլոր գործերը օրհնէ։