Բ. ՕՐԻՆԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34


Գլուխ 25

«Երբ մարդոց մէջ վէճ մը ըլլայ եւ դատարան երթան, դատաւորները անոնց դատը մտիկ ընելով իրաւունք ունեցողը պէտք է արդարացնեն ու յանցաւորը դատապարտեն։
2 Յանցաւորը եթէ ծեծի արժանի է, դատաւորը զանիկա պառկեցնէ ու անոր յանցանքին համեմատ իր առջեւ ծեծել տայ զանիկա, որոշուած թուով հարուած տալով։
3 Քառասունէ աւելի զարնել մի՛ տար. չըլլայ թէ ասկէ աւելի զարնելով՝ եղբայրդ քու աչքի առջեւ անարգուի։
4 «Կալի մէջ աշխատող եզին դունչը մի՛ կապեր։ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՄԵՌԱԾ ԵՂԲՕՐ ՄԸ ՀԱՆԴԷՊ
5 «Երբ եղբայրներ մէկտեղ բնակին ու անոնցմէ մէկը առանց զաւակի մեռնի, մեռնողին կինը դուրսը օտար մարդու հետ թող չկարգուի, այլ տագրը անոր հետ թող ամուսնանայ ու տագրութեան պարտաւորութիւնը անոր հատուցանէ։
6 Անոր ծնած անդրանիկ տղան թող մեռնող եղբօրը անունովը կոչուի, որ անոր անունը Իսրայէլէն չջնջուի։
7 Եթէ այն մարդը իր հարսը առնել չուզէ այն ատեն հարսը թող դիմէ ծերերուն ու ըսէ. «Իմ տագրս Իսրայէլի մէջ իր եղբօրը անունը հաստատելէն կը հրաժարի. տագրութեան պարտաւորութիւնը ինծի հատուցանել չուզեր»։
8 Այն ատեն անոր քաղաքին ծերերը զանիկա թող կանչեն ու անոր խօսին եւ եթէ անիկա հաստատ կենալով ըսէ՝ ‘Ասիկա չեմ ուզեր առնել’,
9 Այն ատեն հարսը անոր թող մօտենայ ծերերուն առջեւ եւ անոր ոտքէն կօշիկը հանէ ու անոր երեսը թքնէ եւ ըսէ. ‘Իր եղբօրը տունը շինել չուզող մարդուն այսպէս պէտք է ըլլայ’։
10 Անոր անունը՝ Իսրայէլի մէջ՝ ‘Կօշիկը հանուած մարդուն տունը’ թող կոչուի։ ՈՒՐԻՇ ՕՐԷՆՔՆԵՐ
11 «Երբ երկու մարդիկ իրարու հետ ծեծկուին եւ մէկուն կինը՝ զարնողին ձեռքէն իր այրը ազատելու համար մօտենայ ու ձեռքը երկնցնելով անոր ամօթոյքը բռնէ,
12 Այն ատեն անոր ձեռքը կտրէ եւ քու աչքդ բնաւ անոր չխնայէ։
13 «Մախաղիդ մէջ տեսակ տեսակ մեծ ու պզտիկ կշիռքի քարեր մի՛ պահեր։
14 Տանդ մէջ տեսակ տեսակ մեծ ու պզտիկ արդուներ մի՛ պահեր։
15 Քու կշիռքիդ քարը լման ու ճշգրիտ ըլլայ, քու արդուդ լման ու ճշգրիտ ըլլայ, որպէս զի քու օրերդ երկար ըլլան այն երկրին մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի կու տայ։
16 Քանզի այս բաները ընողը, կամ ոեւէ անիրաւութիւն ընողը քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ պիղծ է։ ԱՄԱՂԵԿԱՑԻՆԵՐԸ ՍՊԱՆՆԵԼՈՒ ՀՐԱՀԱՆԳ
17 «Եգիպտոսէն ելած ատենդ ճամբան Ամաղէկին քեզի ըրածը միտքդ բեր.
18 Ճամբուն մէջ ի՛նչպէս քեզ դիմաւորեց եւ քու ետեւէդ եկող բոլոր տկարները կոտորեց, երբ դուն նուաղեալ ու յոգնած էիր ու Աստուծմէ չվախցաւ,
19 Ուստի երբ քու Տէր Աստուածդ քու բոլոր շրջակայ թշնամիներէդ քեզ հանգստացնէ այն երկրին մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի ժառանգութիւն կու տայ, որպէս զի անոր տիրես, այն ատեն Ամաղէկի յիշատակը երկնքի տակէն բոլորովին վերցո՛ւր։ Չըլլայ որ մոռնաս»։