Բ. ՕՐԻՆԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34


Գլուխ 17

«Արատ մը կամ ոեւէ պակասութիւն ունեցող արջառ կամ ոչխար քու Տէր Աստուծոյդ զոհ մի՛ մատուցաներ, վասն զի այս բանը քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ պիղծ է։
2 «Եթէ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած քաղաքներէն մէկուն մէջ այնպիսի մարդ մը կամ կին մը գտնուի, որ քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ չարութիւն ընելով ու անոր ուխտը չպահելով
3 Իմ հրամանիս հակառակ՝ երթայ ուրիշ աստուածներու, արեգակին կամ լուսնին եւ կամ երկնքի ոեւէ զարդի ծառայութիւն ու երկրպագութիւն ընէ
4 Եւ այս բանը քեզի պատմուի, դուն լսելէդ ետքը աղէկ մը քննութիւն ըրէ՛ եւ եթէ ճշմարիտ ու ստոյգ ըլլայ, որ Իսրայէլի մէջ այնպիսի պղծութիւն մը եղած է,
5 Այն ատեն այս չարութիւնը ընող մարդը կամ կինը քաղաքէն հանէ՛ եւ քարկոծելով մեռցուր։
6 Այն մահապարտը երկու կամ երեք վկայութեամբ կրնայ մեռցուիլ, մէկ վկայութեամբ պէտք չէ մեռցուի։
7 Զանիկա մեռցնելու համար, առաջ վկաներուն ձեռքը անոր վրայ թող ըլլայ ու անկէ ետքը՝ բոլոր ժողովուրդին ձեռքը։ Այս կերպով չարութիւնը ձեր մէջէն վերցո՛ւր։
8 «Երբ զանազան տեսակ արիւնահեղութիւններու, դատերու կամ վէրքերու վրայով՝ ՝ քու քաղաքներուդ մէջ եղած վէճերուն վճիռ արձակելը խիստ դժուար երեւնայ քեզի, այն ատեն ելիր եւ քու Տէր Աստուծոյդ ընտրած տեղը գնա՛
9 Ու Ղեւտացի քահանաներուն եւ այն ժամանակի դատաւորներուն մօտենալով խորհուրդ հարցուր։ Անոնք դատարանին վճիռը քեզի թող ըսեն։
10 Այն ատեն այն վճիռին համեմատ Տէրոջը ընտրած տեղը եւ ինչ որ քեզմէ կը պահանջեն պէտք է կատարես եւ զգուշութեամբ գործադրես։
11 Անոնց քեզի սորվեցուցած օրէնքն ու յայտնած վճիռը պէտք է ընդունիս։ Անոնց յայտնած խօսքէն մի՛ խոտորիր, ո՛չ աջ դին եւ ո՛չ ձախ դին։
12 Բայց եթէ մէկը յանդգնի ու քու Տէր Աստուծոյդ պաշտամունքին կեցող քահանային կամ դատաւորին խօսքը մտիկ չընէ, այն մարդը պէտք է մեռնի ու չարութիւնը Իսրայէլէն վերցուի։
13 Որպէս զի բոլոր ժողովուրդը լսելով վախնայ ու անգամ մըն ալ յանդգնուիթւն չունենայ։
14 «Երբ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած երկիրը մտնես ու անոր տիրելով հոն բնակիս ու ըսես՝ ‘Իմ բոլորտիքս եղող ազգերուն պէս ես ալ իմ վրաս թագաւոր մը կ’ուզեմ դնել’,
15 Անպատճառ քու Տէր Աստուծոյդ ընտրած մարդը վրադ թագաւոր դի՛ր. քու եղբայրներէդ մէկը թող թագաւոր ըլլայ. քու եղբայրդ չեղող օտարականը թագաւոր մի՛ ըներ։
16 Սակայն թագաւորը իրեն համար ձիեր թող չշատցնէ, ո՛չ ալ շատ ձիեր հաւաքելու համար ժողովուրդը Եգիպտոս դարձնէ. որովհետեւ Տէրը ձեզի ըսաւ. ‘Անգամ մըն ալ այն ճամբան մի՛ դառնաք’։
17 Նաեւ անիկա իր կիները թող չշատցնէ, որպէս զի սիրտը չխոտորի ու իրեն համար խիստ շատ արծաթ ու ոսկի չհաւաքէ։
18 Երբ իր թագաւորութեան աթոռը նստի, այս օրէնքներու գրքին մէկ օրինակը Ղեւտացի քահանաներուն քով եղած օրինակէն՝ հատ մը թող գրքի մը մէջ գրէ։
19 Օրինակը իր քով թող պահէ ու իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ կարդայ. որպէս զի իր Տէր Աստուծմէն վախնալ սորվի եւ օրէնքին բոլոր խօսքերն ու կանոնները զգուշութեամբ գործադրէ.
20 Որպէս զի իր սիրտը իր եղբայրներուն վրայ չհպարտանայ ու այս պատուիրանքներէն աջ կամ ձախ դին չխոտորի. որպէս զի իր թագաւորութեանը վրայ երկար կեանք մը վայելէ Իսրայէլի մէջ՝ թէ՛ ինք եւ թէ՛ իր որդիները։