Բ. ՕՐԻՆԱՑ
Գլուխ 30
«Երբ այս քեզի յայտնած բաներս, թէ՛ անէծքը եւ թէ՛ օրհնութիւնը, քու վրադ գան ու դուն զանոնք քու սրտիդ մէջ նորէն յիշես այն բոլոր ազգերուն մէջ, ուր քու Տէր Աստուածդ քեզ պիտի քշէ
2 Եւ դուն քու Տէր Աստուծոյդ դառնաս եւ բոլոր սրտովդ ու բոլոր հոգիովդ անոր խօսքին հնազանդիս, թէ՛ դուն եւ թէ՛ քու որդիներդ, ինչպէս ես այսօր քեզի յայտնեցի,
3 Քու Տէր Աստուածդ ալ քեզ գերութենէ դարձնելով պիտի ողորմի քեզի ու նորէն պիտի հաւաքէ քեզ այն բոլոր ազգերէն, որոնց մէջ քու Տէր Աստուածդ քեզ ցրուեր էր։
4 Եթէ մինչեւ երկնքին ծայրը քշուած ալ ըլլաս, քու Տէր Աստուածդ քեզ անկէ պիտի հաւաքէ ու անկէ պիտի առնէ քեզ
5 Եւ քու Տէր Աստուածդ քու հայրերուդ ժառանգած երկիրը պիտի դարձնէ քեզ ու զանիկա պիտի ժառանգես եւ քեզի յաջողութիւն տալով քու հայրերէդ աւելի պիտի շատցնէ քեզ։
6 Քու Տէր Աստուածդ քու սիրտդ եւ քու որդիներուդ սիրտը պիտի թլփատէ, որպէս զի քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ ու բոլոր հոգիովդ սիրես, որպէս զի ապրիս։
7 Քու Տէր Աստուածդ այն բոլոր անէծքները քու թշնամիներուդ վրայ, քեզ ատողներուն ու հալածողներուն վրայ պիտի դարձնէ։
8 Եթէ դուն դառնաս ու Տէրոջը խօսքին հնազանդիս ու կատարես անոր բոլոր պատուիրանքները, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ։
9 Քու Տէր Աստուածդ քու ձեռքերուդ բոլոր գործերը, որովայնիդ պտուղը, անասուններուդ պտուղը ու երկրիդ պտուղը շատցնելով քեզի յաջողութիւն պիտի տայ. քանզի Տէրը աղէկութիւն ընելով նորէն պիտի ուրախանայ քեզի համար, ինչպէս քու հայրերուդ համար ուրախացաւ,
10 Երբ դուն քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին հնազանդիս ու այս օրէնքներու գրքին մէջ գրուած անոր պատուիրանքներն ու կանոնները պահես եւ բոլոր սրտովդ ու բոլոր հոգիովդ քու Տէր Աստուծոյդ դառնաս։
11 «Քանզի այս պատուիրանքը որ ես այսօր քեզի կը յայտնեմ, քեզի անիմանալի չէ ու քեզմէ հեռու ալ չէ։
12 Անիկա երկինքը չէ, որ ըսես. ‘Մեզի համար ո՞վ պիտի ելլէ երկինքը եւ զանիկա մեզի պիտի բերէ, որպէս զի լսենք ու ընենք’
13 Եւ անիկա ծովուն անդիի կողմն ալ չէ, որ ըսես. ‘Մեզի համար ծովուն անդիի կողմը ո՞վ պիտի անցնի ու զանիկա մեզի պիտի բերէ, որպէս զի լսենք ու ընենք’.
14 Քանզի այս խօսքը քեզի շատ մօտ է, քու բերնիդ ու սրտիդ մէջ է, որպէս զի դուն զանիկա կատարես։
15 «Նայէ՛, ես այսօր կեանքն ու բարին, մահն ու չարը քու առջեւդ դրի։
16 Ես այսօր քեզի կը պատուիրեմ, որ քու Տէր Աստուածդ սիրես, անոր ճամբաներուն մէջ քալես ու անոր պատուիրանքները, կանոններն ու օրէնքները պահես, որպէս զի ապրիս ու շատնաս եւ քու Տէր Աստուածդ քեզ օրհնէ այն երկրին մէջ, ուր պիտի երթաս ժառանգելու համար։
17 Բայց եթէ քու սիրտդ դառնայ ու չհնազանդիս, հապա մոլորելով ուրիշ աստուածներու երկրպագութիւն ընես ու զանոնք պաշտես,
18 Ձեզի այսօր կը ծանուցանեմ, թէ անշուշտ պիտի կորսուիք ու երկար կեանք պիտի չունենաք այն երկրին մէջ, ուր մտնելու եւ զանիկա ժառանգելու համար Յորդանանէն կ’անցնիք։
19 Այսօր երկինքն ու երկիրը վկայ կը բռնեմ ձեզի, որ կեանքն ու մահը, օրհնութիւնն ու անէծքը ձեր առջեւ դրի։ Ուրեմն կեանքը ընտրէ որպէս զի ապրիք՝ դուն եւ քու սերունդդ.
20 Քու Տէր Աստուածդ սիրելով՝ անոր խօսքին հնազանդութիւն ըրէ՛ ու անոր յարէ՛, (վասն զի քու կեանքդ ու օրերուդ երկայնութիւնը այն է,) որպէս զի դուն բնակիս այն երկրին մէջ, որ Տէրը քու հայրերուդ՝ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին՝ երդում ըրաւ անոնց տալու»։