Բ. ՕՐԻՆԱՑ
Գլուխ 13
«Եթէ ձեր մէջէն մարգարէ մը կամ երազատես մը ելլէ ու ձեզի նշան մը կամ հրաշք մը ընէ
2 Եւ ձեզի ըրած նշանը կամ հրաշքը կատարուի ու ձեզի ըսէ թէ երթանք օտար աստուածներ պաշտենք, որոնք դուք չէք ճանչցած,
3 Այն մարգարէին կամ երազատեսին խօսքին մտիկ մի՛ ընէք. քանզի ձեր Տէր Աստուածը ձեզ կը փորձէ, որպէս զի հասկնայ թէ արդեօք դուք ձեր Տէր Աստուածը ձեր բոլոր սրտովը ու բոլոր հոգիովը կը սիրէ՞ք։
4 Ձեր Տէր Աստուծոյն հետեւեցէք ու անկէ վախցէք, անոր պատուիրանքները պահեցէք ու անոր խօսքին հնազանդեցէք, զանիկա պաշտեցէք ու անոր յարեցէք։
5 Այն մարգարէն կամ երազատեսը պէտք է մեռցուի, վասն զի ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանող ու ձեզ ծառայութեան տունէն ազատող ձեր Տէր Աստուծոյն դէմ ապստամբութիւն հանելու աշխատեցաւ, որպէս զի ձեզ խոտորեցնէ այն ճամբայէն, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի պատուիրեց, որ անոր մէջէն քալէք. այս տեսակ չարութիւնը ձեր մէջէն վերցուցէք։
6 «Եթէ քու մօրդ տղան՝ քու եղբայրդ, կամ քու տղադ, կամ՝ աղջիկդ, կամ ծոցիդ կինը եւ կամ քու բարեկամդ, որ քու անձիդ պէս կը սիրես, քեզ մոլորեցնել ուզելով ծածկաբար ըսէ՝ ‘Երթանք եւ օտար աստուածներ պաշտենք’, որոնք ո՛չ դուն ճանչցար, ոչ ալ քու հայրերդ
7 Ձեր բոլորտիքը եղող ազգերուն աստուածներէն, ձեզի մօտ ըլլան կամ ձեզմէ հեռու, երկրի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը,
8 Անոր հաւանութիւն մի՛ տար, ոչ ալ անոր մտիկ ըրէ։ Քու աչքդ անոր թող չխնայէ, ո՛չ ալ անոր վրայ գութ ունենալով պահես զանիկա,
9 Այլ անշուշտ պէտք է մեռցնես ու զանիկա մեռցնելու համար նախ քու ձեռքդ անոր վրայ ըլլայ ու ետքը բոլոր ժողովուրդին ձեռքը.
10 Քարերով քարկոծես զանիկա, որպէս զի մեռնի. քանզի ուզեց քեզ ապստամբեցնել քու Տէր Աստուծոյդ դէմ, որ քեզ Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն, հանեց։
11 Որպէս զի բոլոր Իսրայէլ լսելով վախնայ ու անգամ մըն ալ ձեր մէջ ասոր պէս չարութիւն մը չընեն։
12 «Եթէ քու Տէր Աստուծոյդ՝ բնակութեան համար քեզի տուած քաղաքներէն մէկուն վրայով լսես, որ կ’ըսէր թէ
13 Ձեր մէջէն քանի մը չար մարդիկ՝ ՝ ելան ու իրենց քաղաքին բնակիչները ապստամբեցուցին, ըսելով. ‘Երթանք ձեր չճանչցած օտար աստուածները պաշտենք’,
14 Այն ատեն աղէկ մը քննէ՛ ու հարցուփորձէ՛ ու երբ տեսնես որ ըսուած բանը ճշմարիտ ու ստոյգ է եւ այն գարշելի բանը ձեր մէջ եղած է,
15 Այն քաղաքին բնակիչները անպատճառ սուրի բերնէ պէտք է անցընես, թէ՛ զայն եւ թէ՛ անոր մէջ եղած բոլոր բաները նզովելով. անասուններն ալ սուրի բերնէ պէտք է անցընես։
16 Անոր բոլոր աւարը անոր հրապարակին մէջ հաւաքէ ու այն քաղաքը եւ անոր բոլոր աւարը քու Տէր Աստուծոյդ համար ամբողջութեամբ կրակով այրէ՛, որ անիկա յաւիտեան աւերակ մնայ ու անգամ մըն ալ չշինուի։
17 Այն նզովուածէն ձեռքիդ մէջ բան մը թող չփակչի։ Որպէս զի Տէրը իր սաստիկ բարկութենէն դառնայ, քեզի ողորմութիւն ու գթութիւն ընէ եւ քեզ շատցնէ, ինչպէս քու հայրերուդ երդում ըրաւ։
18 Դուն քու Տէր Աստուծոյդ ձայնին հնազանդելով անոր բոլոր պատուիրանքները պահէ՛, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ ու Տէր Աստուծոյդ առջեւ ուղիղ եղածը ըրէ՛։