Բ. ՕՐԻՆԱՑ
Գլուխ 33
Այս է այն օրհնութիւնը, որով Աստուծոյ մարդը՝ Մովսէս՝ իր մեռնելէն առաջ Իսրայէլի որդիները օրհնեց
2 Ու ըսաւ. «Տէրը Սինայէն եկաւ Ու Սէիրէ անոնց երեւցաւ Եւ Փառան լեռնէն փայլեցաւ Ու բիւրաւոր սուրբերով եկաւ. Անոր աջ ձեռքէն օրէնքին կրակը ելաւ անոնց։
3 Այո՛, անիկա ժողովուրդները կը սիրէ։ Բոլոր սուրբերը քու ձեռքդ են։ Անոնք քու խօսքերդ ընդունելու համար Քու ոտքերուդ քով կը նստին։
4 Մովսէս մեզի տուաւ օրէնքը, Յակոբին ժողովուրդին ժառանգութիւնը։
5 Երբ ժողովուրդին գլխաւորները Իսրայէլի ցեղերուն հետ մէկտեղ հաւաքուեցան, Ինք Իսրայէլի մէջ իշխան՝ ՝ եղաւ։
6 Ռուբէն թող ապրի ու չմեռնի Եւ անոր ժողովուրդը թող շատնայ»։
7 Եւ Յուդային համար այս բանը ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, Յուդային ձայնը լսէ Ու զանիկա իր ժողովուրդին բեր. Անոր ձեռքերը իրեն թող բաւականանան Եւ անոր թշնամիներուն դէմ օգնական եղիր»։
8 Ու Ղեւիին համար ըսաւ. «Քու Թումիմդ եւ Ուրիմդ թող քու սուրբ մարդուդ ըլլան, Որ Մասսայի մէջ փորձեցիր Ու Մերիպայի ջուրին վրայ անոր հետ վիճեցար։
9 Ան որ իր հօրն ու մօրը համար ‘Զանիկա չտեսայ’ ըսաւ Եւ իր եղբայրները չճանչցաւ Ու իր որդիները չգիտցաւ. Քանզի անոնք քու խօսքիդ զգուշութիւն ըրին Ու քու ուխտդ պահեցին։
10 Անոնք պիտի սորվեցնեն քու պատուիրանքներդ Յակոբին Ու քու օրէնքդ՝ Իսրայէլին. Քու առջեւդ խունկ պիտի մատուցանեն Ու քու սեղանիդ վրայ՝ ողջակէզ։
11 Ո՛վ Տէր, անոր զօրութիւնը օրհնէ Ու անոր ձեռքին գործը ընդունէ. Անոր վրայ ելլողներուն ու անոր թշնամիներուն մէջքը կոտրէ, Որպէս զի անգամ մըն ալ չելլեն»։
12 Բենիամինին համար ըսաւ. «Տէրոջը սիրելին անոր քով թող ապահովութեամբ բնակի. Աստուած միշտ զանիկա պաշտպանէ Ու անոր ուսերուն մէջ բնակի»։
13 Ու Յովսէփին համար ըսաւ. «Անոր երկիրը թող Տէրոջմէն օրհնուի, Երկնքի ընտիր պարգեւներովը, ցօղովը Ու վարը պառկող անդունդներովը
14 Եւ արեգակէն յառաջ եկած ընտիր բերքերովը Ու ամիսներուն ընտիր արդիւնքներովը
15 Եւ հին լեռներու ընտիր պտուղներովը՝ ՝ Ու մշտնջենաւոր բլուրներուն ընտիր պարգեւներովը
16 Եւ երկրի ու անոր առատութեանը ընտիր պարգեւներովը Ու մորենիին մէջ բնակողին բարեհաճութիւնովը։ Ասոնք Յովսէփին գլխուն վրայ, Իր եղբայրներուն մէջ երեւելի եղողին գագաթին վրայ թող գան։
17 Անիկա իր ցուլին անդրանիկին պէս գեղեցիկ է Ու իր եղջիւրները միեղջերուի եղջիւրներուն կը նմանին։ Անոնցմով պիտի զարնէ ժողովուրդները Մինչեւ երկրին ծայրերը։ Ասոնք են Եփրեմին բիւրաւորները Ու Մանասէին հազարաւորները»։
18 Եւ Զաբուղոնին համար ըսաւ. «Ուրախացի՛ր, ո՛վ Զաբուղոն, քու ելած ատենդ Ու դո՛ւն, ո՛վ Իսաքար՝ քու վրաններուդ մէջ։
19 Ժողովուրդները լեռը հրաւիրելով՝ Հոն արդարութեան զոհեր պիտի մատուցանեն. Քանզի անոնք ծովերուն առատութիւնը Ու աւազին ծածուկ գանձերը պիտի ծծեն»։
20 Ու Գադին համար ըսաւ. «Գադը ընդարձակողը թող օրհնեալ ըլլայ։ Մատակ առիւծի պէս կը նստի Ու թեւեր ու գլուխներ կը գիշատէ։
21 Եւ անիկա երկրին առաջին մասը իրեն յարմար տեսաւ, Քանզի հոն օրէնսդիրին տուած բաժինին մէջ պահուեցաւ Եւ ժողովուրդին գլխաւորներովը գալով՝ Տէրոջը արդարութիւնն ու անոր օրէնքները Իսրայէլին հետ գործադրեց»։
22 Եւ Դանին համար ըսաւ. «Դան առիւծի ձագ է, Անիկա Բասանէն պիտի ցատկէ»։
23 Ու Նեփթաղիմին համար ըսաւ. «Նեփթաղիմ, Աստուծոյ շնորհքովը կշտացած Եւ Տէրոջը օրհնութիւնովը լեցուած, Արեւմուտքը ու հարաւը պիտի ժառանգէ»։
24 Ու Ասերին համար ըսաւ. «Ասերը որդիներէ օրհնուի. Իր եղբայրներուն հաճոյ ըլլայ, Ու ոտքը իւղի մէջ թաթխէ։
25 Քու կօշիկներդ երկաթէ ու պղնձէ ըլլան Եւ քու ոյժդ քու օրերուդ չափ ըլլայ։
26 Իսրայէլի Աստուծոյն պէս չկայ, Անիկա քեզի օգնութիւն ընելու համար Իր մեծավայելչութիւնովը երկինքներու Եւ ամպերու վրայ կը նստի։
27 Յաւիտենական Աստուածը քեզի ապաւէն է Ու անոր յաւիտենական բազուկները քեզի պաշտպան են՝ ՝. Քանզի թշնամիները քու առջեւէդ պիտի վռնտէ Ու ‘Զանոնք կոտրէ’ պիտի ըսէ։
28 Եւ Իսրայէլը ապահովութեամբ առանձին պիտի բնակի. Յակոբին աղբիւրը ցորենի ու գինիի երկրին մէջ պիտի ըլլայ Ու անոր երկնքէն ցօղ պիտի կաթի։
29 Երանի՜ քեզի, ո՛վ Իսրայէլ. ո՞ր ժողովուրդը քեզի պէս Տէրոջը ձեռքով փրկուած է. Վասն զի քու օգնութեանդ ասպարը Ու յաղթութեանդ սուրը անիկա է. Քու թշնամիներդ քու առջեւդ պիտի խոնարհին Ու անոնց բարձր տեղերուն վրայ պիտի կոխես»։