Բ. ՕՐԻՆԱՑ
Գլուխ 12
«Ասոնք են այն կանոններն ու օրէնքները, որոնք դուք պահելու եւ ընելու էք այն երկրին մէջ որ ձեր հայրերուն Տէր Աստուածը ձեզի պիտի տայ իբր ժառանգութիւն, որչափ ժամանակ որ երկրի վրայ ապրիք։
2 Այն բոլոր տեղերը, ուր պարտուած ազգերը՝ բարձր լեռներու վրայ, բլուրներու վրայ ու ամէն տերեւալից ծառերու տակ՝ իրենց աստուածները պաշտեր են, բոլորովին պէտք է կործանէք,
3 Նաեւ անոնց սեղանները փլցնէք եւ անոնց արձանները կոտրտէք, անոնց Աստարովթները կրակով այրէք ու անոնց աստուածներուն կուռքերը կտոր կտոր ընէք եւ անոնց անունները այն տեղէն ոչնչացնէք։
4 «Իսկ ձեր Տէր Աստուծոյն այսպէս մի՛ ընէք։
5 Բայց դուք պիտի փնտռէք այն տեղը, որ ձեր Տէր Աստուածը բոլոր ցեղերուն մէջէն պիտի ընտրէ իր անուանը բնակութեան համար։ Հոն պիտի երթաք,
6 Ձեր ողջակէզները, ձեր զոհերը, ձեր տասանորդները, ձեր բարձրացնելու ընծաները, ձեր ուխտերը, ձեր կամաւոր ընծաներն ու ձեր արջառներուն ու ոչխարներուն անդրանիկները հոն պիտի տանիք
7 Եւ հոն ձեր Տէր Աստուծոյն առջեւ պիտի ուտէք եւ ձեր Տէր Աստուածը ձեզ օրհնելուն համար՝ ձեր ամէն ձեռք զարկած բաներուն մէջ պիտի ուրախանաք, թէ՛ դուք եւ թէ՛ ձեր ընտանիքը։
8 «Մի՛ ընէք այն ամենուն համեմատ, որ մենք այսօր այստեղ կ’ընենք, այսինքն ամէն մարդ իր աչքերուն հաճոյ եղածին պէս
9 Քանզի մինչեւ հիմա չհասաք այն հանգստութեանն ու ժառանգութեանը, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի պիտի տայ։
10 Բայց դուք Յորդանանէն պիտի անցնիք ու պիտի բնակիք այն երկրին մէջ, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի ժառանգութիւն պիտի տայ ու ձեր բոլոր շրջակայ թշնամիներէն ձեզ պիտի հանգստացնէ ու ապահովութեամբ պիտի բնակիք։
11 Այն տեղը, որ ձեր Տէր Աստուածը պիտի ընտրէ իր անուանը բնակութեանը համար, բոլոր ձեզի պատուիրածներս պիտի տանիք՝ ձեր ողջակէզները, ձեր զոհերը, ձեր տասանորդները, ձեր բարձրացնելու ընծաներն ու ձեր բոլոր ուխտերուն ընտիր ընծաները, որոնք Տէրոջը պիտի նուիրէք
12 Եւ ձեր Տէր Աստուծոյն առջեւ ուրախութիւն պիտի ընէք, թէ՛ դուք, թէ՛ ձեր տղաքներն ու աղջիկները, ձեր ծառաներն ու աղախինները եւ թէ՛ ձեր դռները եղող Ղեւտացին, վասն զի անիկա ձեզի հետ բաժին ու ժառանգութիւն չունի։
13 «Ուշադիր եղիր, չըլլայ թէ ամէն տեսած տեղդ քու ողջակէզներդ մատուցանես.
14 Այլ քու ողջակէզներդ ա՛յն տեղը պիտի մատուցանես, որ Տէրը քու ցեղերէդ մէկուն մէջ պիտի ընտրէ։ Հոն իմ բոլոր պատուիրած բաներս պիտի կատարես։
15 Սակայն բոլոր քաղաքներուդ մէջ սրտիդ ուզածին պէս անասուններ կրնաս մորթել ու միսը ուտել, որչափ որ քու Տէր Աստուածդ քեզի օրհնութիւն տուեր է ու զանիկա անմաքուր ու մաքուր մարդը այծեամի ու եղջերուի պէս կրնան ուտել։
16 Բայց արիւնը մի՛ ուտէք. զանիկա ջուրի պէս գետինը թափեցէք։
17 «Ցորենիդ, գինիիդ ու իւղիդ տասանորդները, արջառներուդ ու հօտերուդ անդրանիկները, բոլոր ուխտի նուէրներդ եւ կամաւոր ու բարձրացնելու ընծաներդ քու դռներուդ մէջ մի՛ ուտեր.
18 Այլ զանոնք քու Տէր Աստուծոյդ ընտրած տեղը կեր, թէ՛ դուն, թէ՛ քու տղադ ու աղջիկդ, թէ՛ ծառադ ու աղախինդ եւ թէ՛ քու դռներդ եղող Ղեւտացին եւ քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ քու բոլոր ձեռնարկներուդ վրայ պիտի ուրախանաս։
19 Զգոյշ կեցիր, չըլլայ թէ Ղեւտացին անտես ընես, քանի որ ողջ ես քու երկրիդ վրայ։
20 «Երբ քու Տէր Աստուածդ քեզի ըսածին պէս քու սահմանդ ընդարձակէ ու սիրտդ միս ուտել ուզէ՝ ‘Միս ուտեմ’ ըսես, սրտիդ բոլոր ցանկութեանը պէս կեր։
21 Եթէ քեզմէ հեռու ըլլայ այն տեղը, որ քու Տէր Աստուածդ պիտի ընտրէ իր անունը հոն դնելու համար, քեզի պատուիրածիս պէս քու արջառներէդ ու ոչխարներէդ մորթէ՛, որոնք Տէրը քեզի պիտի տայ ու քու սրտիդ բոլոր ցանկութեանը պէս քու քաղաքներուդ մէջ կեր։
22 Այծեամն ու եղջերուն ի՛նչպէս կ’ուտուի, զանոնք ալ այնպէս կեր։ Անմաքուր ու մաքուր մարդը անխտիր թող ուտեն։
23 Բայց զգուշացիր, որ արիւնը չուտես. վասն զի արիւնը ոգին է ու ոգին միսին հետ մի՛ ուտեր։
24 Զանիկա մի՛ ուտեր, այլ ջուրի պէս գետինը թափէ։
25 Զանիկա մի՛ ուտեր, որպէս զի քեզի ու քեզմէ ետքը քու որդիներուդ աղէկ ըլլայ՝ Տէրոջը առջեւ ուղիղ սեպուածը ընելովդ։
26 Բայց քու նուէրներդ եւ ուխտերդ ա՛ռ ու Տէրոջը ընտրած տեղը գնա՛։
27 Քու ողջակէզներուդ միսն ու արիւնը, քու զոհերուդ արիւնը քու Տէր Աստուծոյդ սեղանին վրայ թափէ՛, բայց միսը կե՛ր։
28 «Ուշադրութեամբ հնազանդիր այս բոլոր խօսքերուն, որոնք քեզի պատուիրեցի, որպէս զի քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ աղէկ ու հաճոյ եղածը ընելովդ՝ քեզի ու քեզմէ յետոյ քու որդիներուդ յաւիտեան աղէկ ըլլայ։
29 «Երբ քու Տէր Աստուածդ քու առջեւէդ ջարդէ այն ազգերը, որոնց երկիրը դուն պիտի ժառանգես ու երբ զանոնք ժառանգես ու անոնց երկրին մէջ բնակիս,
30 Զգոյշ կեցի՛ր, չըլլա՛յ որ անոնց քու առջեւէդ բնաջինջ ըլլալէն ետքը անոնց հետեւելով՝ որոգայթի մէջ իյնաս եւ չըլլա՛յ որ անոնց աստուածներուն վրայով հարցուփորձես՝ ըսելով. ‘Այս ազգերը ի՞նչպէս իրենց աստուածները կը պաշտէին. ես ալ այնպէ՛ս ընեմ’։
31 Դուն քու Տէր Աստուծոյդ այնպէս մի՛ ըներ, քանզի անոնք Տէրոջը ատելի եղած բոլոր գարշելի բաները իրենց աստուածներուն կ’ընէին. որովհետեւ անոնք իրենց աստուածներուն պատիւ ընելու համար մինչեւ անգամ իրենց տղաքներն ու աղջիկները կրակով կ’այրէին։
32 Ես քեզի ինչ որ կը պատուիրեմ, ուշադրութեամբ կատարէ. անոր վրայ բան մը մի՛ աւելցներ ու անկէ բան մը մի՛ պակսեցներ»։