Բ. ՕՐԻՆԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34


Գլուխ 32

«Ո՛վ երկինք, ականջ դրէք որ խօսիմ Ու երկիրը բերնիս խօսքերուն թող մտիկ ընէ։
2 Իմ խրատս անձրեւի պէս պիտի կաթի, Իմ խօսքս ցօղի պէս պիտի իջնէ, Անձրեւի պէս կանանչեղէնի վրայ Ու առատ անձրեւներու պէս՝ խոտի վրայ,
3 Քանզի Տէրոջը անունը պիտի կանչեմ։ Մեր Աստուծոյն պատիւ տուէք
4 Աստուծոյ գործը կատարեալ է Քանզի անոր բոլոր ճամբաները արդար են. Աստուած հաւատարիմ է ու անիրաւութիւն չունի. Անիկա արդար եւ ուղիղ է։
5 Ասոնք ապականեցան, իրենց արատը անոր որդիներուն չէ. Ասիկա խոտորած ու ծռած ազգ մըն է։
6 Տէրոջը ըրած հատուցումնիդ ասիկա՞ է, Ո՛վ յիմար ու անմիտ ժողովուրդ, Անիկա քու Հայրդ չէ՞, որ քեզ ստացաւ, Քեզ ստեղծեց ու քեզ հաստատեց։
7 Հին օրերը միտքդ բեր, Անցած դարերուն տարիները յիշէ՛, Քու հօրդ հարցուր ու թող քեզի պատմէ։ Քու ծերերուդ հարցուր ու թող քեզի ըսեն։
8 Երբ Բարձրեալը ազգերուն ժառանգութիւնը բաժնեց Ու Ադամի որդիները տարածեց, Ազգերուն սահմանները Իսրայէլի որդիներուն թիւովը դրաւ։
9 Քանզի Տէրոջը բաժինը իր ժողովուրդն է Ու իր ժառանգութեան վիճակը Յակոբն է։
10 Զանիկա ամայի երկրի մէջ, Անկոխ ու ահագին անապատի մէջ գտաւ. Զանիկա պաշտպանեց, խրատեց Ու իր աչքին բիբին պէս պահեց։
11 Ինչպէս արծիւը իր բոյնը կը խառնէ, Կը շարժի իր ձագերուն վրայ, Իր թեւերը կը տարածէ, զանոնք վրան կ’առնէ Ու թեւերովը կը վերցնէ,
12 Այնպէս ալ Տէրը միայն զանիկա պտըտցուց Ու անոր հետ օտար աստուած չկար։
13 Զանիկա երկրի բարձր տեղերուն վրայ հանեց, Որպէս զի արտերուն պտուղը ուտէ Ու անոր վէմէն՝ մեղր Ու ապառաժ վէմէն իւղ ծծել տուաւ։
14 Անոր կովերուն իւղ ու ոչխարներուն կաթ կերցուց, Գառներու ու Բասանի խոյերու եւ նոխազներու ճարպով Ու ցորենի ընտիր ալիւրով՝ ՝ Եւ խաղողին արիւնով՝ գինի խմեցիր։
15 Ու Իսրայէլ գիրնալով աքացեց (Գիրցար, հաստըցար, իւղ կապեցիր.) Ու իր Արարիչ Աստուածը թողուց Եւ իր փրկութեան Վէմը արհամարհեց։
16 Օտար աստուածներով անոր նախանձը գրգռեցին Ու գարշելի բաներով զանիկա սրդողեցուցին։
17 Դեւերուն զոհ մատուցանեցին, բայց ո՛չ Աստուծոյ Իրենց չգիտցած աստուածներուն, Նոր ու մօտերս եղողներուն, Որոնցմէ ձեր հայրերը չվախցան։
18 Դուն քեզ ծնանող Վէմը մոռցար Ու քեզ ստեղծող Աստուածը մտքէդ հանեցիր։
19 Տէրը տեսնելով զզուեցաւ Որովհետեւ իր տղաքներն ու աղջիկները զինք սրդողցուցին։
20 Ուստի ըսաւ. ‘Անոնցմէ երեսս պիտի ծածկեմ Ու տեսնեմ թէ անոնց վերջը ի՛նչ պիտի ըլլայ. Վասն զի անոնք ծուռ ազգ մըն են, Անհաւատարիմ որդիներ են։
21 Անոնք չաստուածներով իմ նախանձս գրգռեցին Ու իրենց սնոտի բաներովը զիս սրդողցուցին. Ես ալ անպիտան ժողովուրդով մը անոնց նախանձը պիտի գրգռեմ Ու անմիտ ազգով մը զանոնք պիտի սրդողցնեմ։
22 Քանզի իմ բարկութենէս կրակ վառեցաւ Եւ դժոխքէն մինչեւ ներքին տեղերը պիտի այրէ, Երկիրը եւ անոր արմտիքը պիտի ուտէ Ու լեռներուն հիմերը պիտի բռնկեցնէ։
23 Անոնց վրայ չարիք պիտի դիզեմ, Իմ նետերս անոնց վրայ նետելով պիտի հատցնեմ։
24 Անօթութեամբ պիտի մաշին Ու հրատագնապ տենդով՝ ՝ եւ դառն ժանտախտով պիտի հատնին Ու անոնց վրայ գազաններուն ակռաները Ու գետնին վրայ սողացողներուն թոյնը պիտի ղրկեմ։
25 Դուրսէն սուրը ու ներսէն վախը՝ Երիտասարդներն ու կոյս աղջիկները, Կաթնկեր տղաքները Ու ալեւոր ծերերը պիտի ջարդեն։
26 Ըսի թէ զանոնք երկրի ամէն կողմը պիտի ցրուեմ, Անոնց յիշատակը մարդոց մէջէն պիտի վերցնեմ,
27 Ոչ թէ թշնամիին բարկութենէն վախցայ, այլ Չըլլայ որ անոնց հակառակորդները ուրանան, Չըլլայ որ ըսեն թէ ‘Այս բոլոր բանը ընողը Մեր բարձր ձեռքն է եւ ոչ թէ Տէրը’։
28 Քանզի անոնք անխորհուրդ ազգ մըն են Ու անոնց մէջ իմաստութիւն չկայ։
29 Երանի՜ թէ իմաստուն ըլլային ու այս բանը հասկնային Եւ իրենց վախճանին վրայ մտածէին։
30 Մարդ մը հազարը ի՞նչպէս կը հալածէր Ու երկու մարդ տասը հազարը ի՞նչպէս կրնային փախցնել, Եթէ անոնց Վէմը զանոնք չծախէր Ու Տէրը զանոնք չմատնէր։
31 Քանզի անոնց վէմը մեր Վէմին պէս չէ Եթէ նոյնիսկ մեր թշնամիները այս բանին դատաւոր ըլլան.
32 Վասն զի անոնց որթատունկը Սոդոմի որթատունկէն է Ու Գոմորի արտէն է. Անոնց խաղողները թունաւոր խաղողներ են Ու անոնց ողկոյզները դառն են.
33 Անոնց գինին վիշապներուն ժանտութիւնը Ու իժերուն մահառիթ թոյնն է։
34 Ասիկա իմ քովս պահուած Ու իմ շտեմարաններուս մէջ կնքուած չէ՞ արդեօք։
35 Իմս է վրէժխնդրութիւնը ու հատուցումը։ Անոնց ոտքը սահմանուած ժամանակին պիտի գլորի. Վասն զի անոնց կորստեան օրը մօտ է Ու անոնց գլխուն գալիքները կ’արտորան։
36 Քանզի Տէրը իր ժողովուրդը պիտի դատէ Ու իր ծառաներուն վրայ պիտի գթայ, Որովհետեւ պիտի տեսնէ անոնց տկարութիւնը, Երբ բանտարկուած կամ ազատ չըլլայ։
37 Եւ պիտի ըսէ. ‘Ո՞ւր են անոնց աստուածները, Այն վէմը՝ որուն վրայ իրենց յոյսը դրեր էին,
38 Անոնց զոհերուն ճարպը ուտողները Ու ըմպելի նուէրներուն գինին խմողները։ Թող ելլեն ու ձեզի օգնեն Եւ ձեզի պաշտպան ըլլան»։
39 «Հիմա նայեցէք, որ միայն ԵՍ ԵՄ՝ ՝ Ու ինծմէ ուրիշ Աստուած չկայ. Ես կը մեռցնեմ ու ես կ’ապրեցնեմ. Ես կը զարնեմ ու ես կը բժշկեմ Ու իմ ձեռքէս ազատող մը չկայ։
40 Քանզի ձեռքս երկինք վերցնելով կ’ըսեմ. ‘Ես յաւիտեան կենդանի եմ’։
41 Եթէ փայլակի պէս սուրս սրեմ Ու ձեռքս դատաստանի երկնցնեմ, Իմ թշնամիներուս վրէժխնդրութիւն պիտի ընեմ Եւ զիս ատողներուն հատուցում պիտի ընեմ։
42 Սպաննուածներուն ու գերիներուն արիւնէն, Թշնամիներու իշխաններուն գլխէն Իմ նետերս արիւնով պիտի արբեցնեմ Ու իմ սուրս միս պիտի ուտէ։
43 Ո՛վ ազգեր, անոր ժողովուրդին հետ ուրախացէ՛ք, Քանզի իր ծառաներուն արեան վրէժը պիտի խնդրէ. Իր թշնամիներէն վրէժ պիտի առնէ Եւ իր երկրին ու ժողովուրդին քաւութիւն պիտի ընէ»։
44 Ուստի Մովսէս Նաւեան Յեսուին հետ եկաւ ու այս երգին բոլոր խօսքերը ժողովուրդին ականջներուն լսցուց։
45 Երբ Մովսէս այս ամէն խօսքերը լմնցուց,
46 Անոնց ըսաւ. «Ձեր սրտին մէջ դրէք այն ամէն խօսքերը, որ այսօր ձեզի իբր վկայութիւն բերի, որպէս զի ձեր տղոց պատուիրէք, որ այս օրէնքին ամէն խօսքերը պահեն ու կատարեն։
47 Քանզի ասիկա ձեզի պարապ բան մը չէ, այլ ձեր կեանքն է ու այս բանով երկայնակեաց պիտի ըլլաք այն երկրին մէջ, որուն համար Յորդանանէն կ’անցնիք զանիկա ժառանգելու»։
48 Տէրը նոյն օրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
49 «Աբարիմ լեռը ելիր, Մովաբի երկրին մէջ եղող Երիքովին դիմացի Նաբաւ լեռը ու տես Քանանի երկիրը որ Իսրայէլի որդիներուն իբր կալուածք պիտի տամ։
50 Սակայն այդ լերան վրայ պիտի մեռնիս ու քու ժողովուրդիդ խառնուիս, ինչպէս քու եղբայրդ Ահարոն Հովր լերան վրայ մեռաւ ու իր ժողովուրդին խառնուեցաւ.
51 Որովհետեւ Իսրայէլի որդիներուն մէջ, Սին անապատը, Կադէսի վիճաբանութեան ջուրերուն վրայ ինծի անհնազանդ եղաք. քանզի Իսրայէլի որդիներուն մէջ զիս չփառաւորեցիք։
52 Ուստի այն երկիրը հեռուէն պիտի տեսնես, բայց դուն հոն պիտի չմտնես, այն երկիրը՝ որ ես Իսրայէլի որդիներուն կու տամ»։