Բ. ՕՐԻՆԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34


Գլուխ 20

«Երբ քու թշնամիներուդ դէմ պատերազմելու ելլես ու ձիեր եւ կառքեր ու քեզմէ շատուոր ժողովուրդ տեսնես, անոնցմէ մի՛ վախնար. վասն զի քեզ Եգիպտացիներուն երկրէն հանող քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ է։
2 Երբ ստիպուիս պատերազմիլ, քահանան ներկայանալով՝ ժողովուրդին պիտի խօսի
3 Ու անոնց ըսէ. ‘Ո՛վ Իսրայէլ, մտիկ ըրէ։ Այսօր դուք ձեր թշնամիներուն դէմ պատերազմելու կը ստիպուիք։ Սրտերնիդ թող չթուլնայ։ Մի՛ վախնաք, մի՛ զարհուրիք ու անոնց երեսէն մի՛ դողաք.
4 Վասն զի ձեր Տէր Աստուածը ձեզի հետ պիտի երթայ, ձեզի համար՝ ձեր թշնամիներուն դէմ պատերազմելու եւ ձեզ ազատելու’։
5 «Այն ատեն ոստիկանները ժողովուրդին խօսելով՝ պիտի ըսեն. ‘Ով որ նոր տուն շիներ է ու անոր նաւակատիքը չէ ըրեր, թող իր տունը դառնայ, չըլլայ թէ պատերազմին մէջ մեռնի եւ ուրիշ մէկը նաւակատիքը ընէ։
6 Ով որ այգի տնկեր է ու անոր պտուղէն դեռ չէ կերած, թող իր տունը դառնայ. չըլլայ թէ պատերազմին մէջ մեռնի ու անոր առաջին պտուղը ուրիշ մը ուտէ։
7 Եւ ով որ կնոջ մը նշանուած է ու զանիկա չէ առած, թող իր տունը դառնայ, չըլլայ թէ պատերազմին մէջ մեռնի ու զանիկա ուրիշ մարդ մը առնէ’։
8 Ոստիկանները իրենց խօսքը շարունակելով պիտի ըսեն ժողովուրդին. ‘Ով որ վախկոտ ու թուլասիրտ է, թող իր տունը դառնայ. չըլլայ որ իր եղբայրներուն սիրտն ալ իր սրտին պէս թուլցնէ’։
9 Երբ ոստիկանները ժողովուրդին առջեւ իրենց խօսքը լմնցնեն, ժողովուրդին վրայ զօրապետներ թող կարգեն՝ ՝։
10 «Երբ քաղաքի մը մօտենաս անոր հետ պատերազմելու համար, անոր խաղաղութիւն առաջարկէ։
11 Եթէ խաղաղութիւնը ընդունի ու դռները քեզի բանայ, մէջը գտնուած բոլոր ժողովուրդը քեզի հարկատու ըլլան ու քեզի ծառայութիւն ընեն։
12 Բայց եթէ քեզի հետ խաղաղութիւն ընել չուզէ ու պատերազմ ընէ, այն ատեն զանիկա պաշարէ՛
13 Ու երբ քու Տէր Աստուածդ քու ձեռքդ մատնէ զանիկա, անոր բոլոր արուները սուրի բերնէ անցո՛ւր։
14 Բայց կիները, տղաքներն ու անասունները եւ ինչ որ կայ այն քաղաքին մէջ, անոր բոլոր աւարը, քեզի համար ա՛ռ եւ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի մատնած քու թշնամիներուդ աւարը կե՛ր։
15 Այսպէս ըրէ՛ քեզմէ խիստ հեռու եղող ամէն քաղաքի, որոնք այս ազգերուն քաղաքներէն չեն։
16 Սակայն քու Տէր Աստուծոյդ քեզի ժառանգութիւն տուած ազգերուն քաղաքներուն մէջ՝ բնաւ շունչ ունեցող մը ողջ մի՛ թողուր.
17 Քետացիները, Ամօրհացիները, Քանանացիները, Փերեզացիները, Խեւացիներն ու Յեբուսացիները բոլորովին կորսնցո՛ւր, ինչպէս քու Տէր Աստուածդ քեզի պատուիրեց.
18 Որպէս զի ձեզի չսորվեցնեն իրենց բոլոր գարշելի գործերը, ինչպէս անոնք իրենց աստուածներուն կ’ընեն ու դուք Տէրոջը ձեր Աստուծոյն առջեւ մեղք չգործէք։
19 «Երբ քաղաքի մը հետ պատերազմիս ու զանիկա առնելու համար երկար ժամանակ պաշարելու ըլլաս, անոր ծառերուն տապար մի՛ զարներ ու զանոնք մի՛ կտրեր, վասն զի անոնցմէ պիտի ուտես, ուրեմն զանոնք մի՛ կտրեր. քանզի դաշտին ծառը մա՞րդ է, որ քեզ պաշարէ՝ ՝։
20 Բայց այն ծառերը, որոնք գիտես թէ ուտուելու պտուղ չեն բերեր, զանոնք աւերէ ու կտրէ եւ քեզի հետ պատերազմող քաղաքին առջեւ անոնցմով պատնէշներ շինէ՛, մինչեւ որ զայն նուաճես»։