Բ. ՕՐԻՆԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34


Գլուխ 24

«Եթէ մէկը կին մը առնէ ու ամուսնանայ եւ անոր վրայ անարգութեան բան մը գտնելուն համար անիկա իր աչքին հաճոյ չըլլայ, այն ատեն անոր արձակման թուղթ մը թող գրէ ու անոր ձեռքը տայ եւ իր տունէն ճամբէ։
2 Երբ կինը անոր տունէն ելլելով երթայ ուրիշի մը հետ ամուսնանայ,
3 Եթէ երկրորդ այրն ալ զանիկա ատելով արձակման թուղթ մը գրէ ու անոր ձեռքը տալով՝ իր տունէն ճամբէ, կամ եթէ երկրորդ ամուսինը մեռնի,
4 Առաջին ամուսինը, որ զանիկա ճամբեր էր, պէտք չէ դարձեալ անոր հետ ամուսնանայ, անոր պղծուելէն ետքը. քանզի Տէրոջը առջեւ պղծութիւն է այս բանը։ Այսպէս դուն մեղքով մի՛ լեցներ այն երկիրը, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի ժառանգութիւն կու տայ։
5 «Նոր ամուսնացած մարդը պատերազմի պէտք չէ երթայ ու անոր ոեւէ պաշտօն պէտք չէ տրուի. տարի մը իր տանը մէջ ազատ թող նստի ու իր կինը ուրախացնէ։
6 «Չըլլայ որ մարդ մը աղօրիքը կամ անոր վերի քարը գրաւ առնէ. քանզի իր ընկերին կեանքը գրաւ առած կ’ըլլայ։
7 «Եթէ մարդ մը գտնուի, որ իր եղբայրներէն, այսինքն Իսրայէլի որդիներէն, մէկը գողնալով զանիկա ծառայ դարձնէ կամ ծախէ, այդ մարդը իբր գող թող մեռնի ու ձեր մէջէն չարութիւնը վերցուի։
8 «Բորոտութեան ախտին համար զգուշութիւն ըրէք, Ղեւտացի քահանաներուն բոլոր ձեզի սորվեցուցած բաները ճշդիւ պահեցէ՛ք եւ ըրէ՛ք. ինչ որ անոնց պատուիրեր եմ զգուշութեամբ գործադրեցէ՛ք։
9 Միտքդ բեր ինչ որ քու Տէր Աստուածդ Մարիամին ըրաւ ճամբուն մէջ՝ Եգիպտոսէն ելած ատեննիդ։
10 «Երբ քու դրացիիդ բան մը փոխ տաս, գրաւն առնելու համար անոր տունը մի՛ մտներ.
11 Դուրսը կայնէ ու փոխ առնող մարդը գրաւը թող դուրս բերէ։
12 Եթէ այն մարդը աղքատ է, անոր գրաւովը մի՛ պառկիր.
13 Արեւը մտածին պէս անպատճառ անոր գրաւը ետ դարձո՛ւր, որպէս զի անիկա իր հանդերձովը պառկի ու քեզ օրհնէ։ Քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ այս բանը քեզի արդարութիւն պիտի սեպուի։
14 «Աղքատ ու կարօտ վարձկանին զրկանք մի՛ ըներ, ան քու եղբայրներէդ եւ կամ քու երկրիդ օտարականներէն ալ ըլլայ։
15 Նոյն օրը արեւը չմտած անոր վարձքը հատուցանէ, քանզի անիկա աղքատ է ու անոր խելքը միտքը անոր վրայ է։ Չըլլայ թէ քեզի համար Տէրոջը բողոքէ ու մեղքի տեր ըլլաս։
16 «Տղոց յանցանքին համար հայրերը մի՛ մեռցնէք ու հայրերուն յանցանքին համար տղաքը մի՛ մեռցնէք։ Ամէն մարդ իր յանցանքին համար պէտք է մեռցուի։
17 «Օտարականին ու որբին իրաւունքը մի՛ ծռեր ու որբեւարիին հանդերձը գրաւ մի՛ առներ։
18 Միտքդ բեր թէ դուն ալ Եգիպտոսի մէջ ծառայ էիր ու քու Տէր Աստուածդ քեզ անկէ ազատեց։ Անոր համար ես քեզի այս պատուէրը կու տամ։
19 «Երբ քու արտդ հնձես ու արտին մէջ որայ մը մոռցած ըլլաս, զանիկա առնելու համար ետ մի՛ դառնար, անիկա օտարականին, որբին ու որբեւարիին թող մնայ. որպէս զի քու Աստուածդ քու ձեռքերուդ ամէն գործի մէջ քեզ օրհնէ։
20 Ձիթենիդ թօթուելէդ ետքը վրան մնացածները ոստէ ոստ մի՛ փնտռեր. անիկա օտարականին, որբին ու որբեւարիին թող մնայ։
21 Այգիիդ խաղողները քաղելէդ ետքը ճռաքաղ մի՛ ըներ, անիկա օատարականին, որբին ու որբեւարիին թող ըլլայ։
22 Միտքդ բեր թէ Եգիպտոսի երկրին մէջ ծառայ էիր։ Ատոր համար ես քեզի այս պատուէրը կու տամ»։