Բ. ՕՐԻՆԱՑ
Գլուխ 28
«Եթէ քու Տէր Աստուծոյդ խօսքը ուշադրութեամբ մտիկ ընելով՝ զգուշութեամբ գործադրես անոր բոլոր պատուիրանքները, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ, քու Տէր Աստուածդ երկրի բոլոր ազգերէն աւելի պիտի բարձրացնէ քեզ։
2 Եւ եթէ քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին հնազանդիս, այս բոլոր օրհնութիւնները քու վրադ պիտի հասնին։
3 Քաղաքի մէջ օրհնեալ ու դաշտի մէջ օրհնեալ պիտի ըլլաս։
4 Քու որովայնիդ պտուղը, քու երկրիդ պտուղը, քու անասուններուդ պտուղը, կովերուդ ծնունդը ու ոչխարներուդ հօտերը օրհնեալ պիտի ըլլան։
5 Քու կողովդ ու տաշտդ օրհնեալ պիտի ըլլան։
6 Մտած ատենդ օրհնեալ ու ելած ատենդ օրհնեալ պիտի ըլլաս։
7 Տէրը քու առջեւէդ ջարդել պիտի տայ քու բոլոր թշնամիներդ։ Անոնք քեզի դէմ մէկ ճամբով պիտի ելլեն եւ քու առջեւէդ եօթը ճամբով պիտի փախչին։
8 Տէրը քու շտեմարաններուդ ու բոլոր ձեռքի գործերուդ մէջ օրհնութիւն պիտի ղրկէ քեզի եւ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած երկրին մէջ քեզ պիտի օրհնէ։
9 Եթէ քու Տէր Աստուծոյդ հրամանները պահելով՝ անոր ճամբաներուն մէջ քալես, Տէրը քեզ իրեն իբր սուրբ ժողովուրդ պիտի հաստատէ, ինչպէս երդում ըրաւ։
10 Երկրի բոլոր ժողովուրդները պիտի տեսնեն թէ Տէրոջը անունով կը կոչուիս ու քեզմէ պիտի վախնան։
11 Տէրը բարիքներով քեզ պիտի լեցնէ, քու որովայնիդ պտուղը, քու անասուններուդ պտուղը ու քու երկրիդ պտուղը շատցնելով այն երկրին մէջ, որ Տէրը քու հայրերուդ երդում ըրաւ քեզի տալու։
12 Տէրը իր բարութեան գանձը, այսինքն երկինքը, քեզի պիտի բանայ, որպէս զի քու երկրիդ անձրեւը ժամանակին տայ ու քու ձեռքիդ բոլոր գործերը օրհնէ եւ դուն շատ ազգերու փոխ պիտի տաս, բայց դուն փոխ պիտի չառնես։
13 Տէրը ժողովուրդներու գլուխ պիտի ընէ քեզ եւ ո՛չ թէ՝ պոչ։ Դուն միշտ պիտի բարձրանաս ու բնաւ վար պիտի չիջնես, եթէ քու Տէր Աստուծոյդ պատուիրանքները մտիկ ընելով պահես ու կատարես, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ։
14 Օտար աստուածներու ետեւէն երթալու համար ու անոնց ծառայութիւն ընելու համար՝ աջ կողմը կամ ձախ կողմը մի՛ խոտորիր այն բոլոր խօսքերէն, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ։
15 «Բայց եթէ քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին չհնազանդիս ու չպահես ու չընես անոր բոլոր պատուիրանքներն ու կանոնները, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ, այն ատեն հետեւեալ անէծքները քու վրադ պիտի հասնին։
16 Քաղաքի մէջ անիծեալ ու դաշտի մէջ անիծեալ պիտի ըլլաս։
17 Քու կողովդ ու տաշտդ անիծեալ պիտի ըլլան։
18 Քու որովայնիդ պտուղը, երկրիդ պտուղը, կովերուդ ծնունդը ու ոչխարներուդ հօտերը անիծեալ պիտի ըլլան։
19 Քու մտած ատենդ անիծեալ ու քու ելած ատենդ անիծեալ պիտի ըլլաս։
20 Տէրը քու բոլոր գործերուդ մէջ անէծք, տառապանք ու յանդիմանութիւն պիտի ղրկէ քեզի՝ քու չար գործերուդ ու զիս ձգելուդ համար, մինչեւ որ շուտով բնաջինջ ըլլաս ու կորսուիս։
21 Տէրը քեզի ժանտախտ պիտի ղրկէ, մինչեւ որ քեզ հատցնէ այն երկրին վրայէն, ուր դուն պիտի մտնես զանիկա ժառանգելու համար։
22 Տէրը քեզ պիտի զարնէ ծիւրական ախտով, հրատագնապ տենդով, ջերմով ու այրող տաքութիւնով, երաշտութեամբ, խորշակահարութեամբ ու արմտեաց դալուկով եւ ասոնք պիտի հալածեն քեզ, մինչեւ որ կորսուիս։
23 Գլխուդ վրայի երկինքը պղնձէ ու տակդ եղած երկիրը երկաթէ պիտի ըլլայ։
24 Տէրը անձրեւի տեղ հող ու փոշի պիտի տայ քու երկրիդ ու անոնք երկնքէն քու վրադ պիտի իջնեն, մինչեւ որ դուն բնաջինջ ըլլաս։
25 Տէրը քու թշնամիներուդ առջեւ քեզ ջարդել պիտի տայ. անոնց դէմ մէկ ճամբով պիտի ելլես եւ երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ թափառական պիտի ըլլաս։
26 Քու մարմինդ երկնքի բոլոր թռչուններուն ու երկրի գազաններուն կերակուր պիտի ըլլայ եւ զանոնք վռնտող մը պիտի չըլլայ։
27 Տէրը Եգիպտոսի պալարներով, թանչով, քոսոտութեամբ ու եռքով պիտի զարնէ քեզ, այնքան սաստիկ որ չկարենաս բժշկուիլ։
28 Տէրը ապշութիւնով, կուրութիւնով ու սրտադողով պիտի զարնէ քեզ։
29 Ինչպէս կոյրը խաւարի մէջ ձեռքով կը խարխափէ, դուն ալ կէս օրուան ատեն այնպէս պիտի խարխափես ու գործերուդ մէջ բարեբաղդութիւն պիտի չունենաս։ Միշտ զրկանք ու յափշտակութիւն պիտի կրես, բայց քեզ ազատող պիտի չըլլայ։
30 Դուն կնոջ մը պիտի նշանուիս բայց անոր հետ ուրիշը պիտի պառկի։ Տուն պիտի շինես բայց անոր մէջ դուն պիտի չբնակիս։ Այգի պիտի տնկես բայց անոր խաղողը պիտի չհաւաքես.
31 Քու եզդ քու աչքիդ առջեւ պիտի մորթուի բայց դուն անկէ պիտի չուտես։ Քու էշդ քու առջեւէդ պիտի յափշտակուի բայց քեզի ետ պիտի չտրուի։ Հօտերդ քու թշնամիներուդ պիտի մատնուին բայց զանոնք ազատող պիտի չըլլայ։
32 Քու տղաքներդ ու աղջիկներդ ուրիշ ժողովուրդին պիտի տրուին եւ աչքերդ պիտի տեսնեն ու բոլոր օրը անոնց համար ունեցած կարօտովդ պիտի նուաղիս բայց ձեռքդ պիտի չկրնայ օգնել։
33 Քու երկրիդ արդիւնքը ու քու բոլոր աշխատութիւնդ քեզի անծանօթ ժողովուրդ մը պիտի ուտէ եւ դուն ամէն օր միայն զրկանք ու ճնշում պիտի կրես։
34 Աչքերուդ տեսած բաներէն պիտի խենդենաս։
35 Տէրը քու ծունկերդ ու սրունքներդ ու ոտքիդ թաթէն մինչեւ գլխուդ գագաթը գէշ պալարներով պիտի զարնէ ու պիտի չկրնաս բժշկուիլ։
36 Տէրը պիտի տանի քեզ եւ քու վրադ դրած թագաւորդ այնպիսի ազգի մը, որ ո՛չ դուն ճանչցած ես, ո՛չ ալ քու հայրերդ։ Հոն օտար աստուածներու, փայտի ու քարի, ծառայութիւն պիտի ընես։
37 Դուն զարմանքի ու առակի եւ կատակի առարկայ պիտի ըլլաս այն բոլոր ժողովուրդներուն մէջ, ուր Տէրը քեզ պիտի տանի։
38 Արտիդ մէջ շատ սերմ պիտի ցանես բայց քիչ արդիւնք պիտի հաւաքես. քանզի մարախները պիտի ուտեն զանիկա։
39 Այգիներ պիտի տնկես ու խնամես բայց գինին պիտի չխմես ու խաղողը պիտի չհաւաքես. քանզի զանիկա որդերը պիտի ուտեն։
40 Քու սահմաններուդ մէջ ձիթենիներ պիտի տնկես բայց իւղով պիտի չօծուիս. քանզի ձիթենիներդ իրենց պտուղը պիտի թափեն։
41 Տղաքներ ու աղջիկներ պիտի ծնանիս բայց քուկդ պիտի չըլլան. քանզի անոնք գերութեան պիտի տարուին։
42 Բոլոր ծառերդ ու երկրիդ պտուղները խառնիճը պիտի ուտէ։
43 Ձեր մէջ եղող օտարականը քեզմէ գերազանց պիտի ըլլայ եւ շատ պիտի բարձրանայ բայց դուն շատ վար պիտի իջնես։
44 Անիկա քեզի փոխ պիտի տայ, բայց դուն անոր փոխ պիտի չտաս. անիկա գլուխ պիտի ըլլայ բայց դուն պոչ պիտի ըլլաս։
45 Այս բոլոր անէծքները քու վրադ պիտի գան, քեզ պիտի հալածեն ու քեզի պիտի հասնին, մինչեւ որ դուն բնաջինջ ըլլաս. որովհետեւ քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին հնազանդութիւն չըրիր եւ քեզի հրամայած պատուիրանքներն ու կանոնները չպահեցիր։
46 Եւ անոնք քու ու քու սերունդիդ վրայ նշան ու հրաշք պիտի ըլլան յաւիտեան։
47 Քանի որ դուն ամէն բանի առատութեանը համար՝ ուրախութեամբ եւ յօժար սրտով քու Տէր Աստուծոյդ ծառայութիւն չըրիր,
48 Անոր համար դուն անօթութիւնով, ծարաւով, մերկութիւնով ու ամէն բանի կարօտութիւնով ծառայութիւն պիտի ընես քու թշնամիներուդ, որոնք Տէրը քու վրադ պիտի ղրկէ։ Քու պարանոցիդ վրայ երկաթ լուծ պիտի դնէ, մինչեւ որ բնաջինջ ընէ քեզ։
49 Տէրը քու վրադ հեռուէն, երկրի ծայրէն, արծիւի թռչելուն պէս ազգ մը պիտի բերէ, այնպիսի ազգ մը, որուն լեզուն դուն չես հասկնար,
50 Պնդերես ազգ մը, որ ծերերուն պատիւ պիտի չընէ ու տղայոց վրայ գութ պիտի չունենայ։
51 Անիկա քու անասուններուդ պտուղն ու երկրիդ պտուղը պիտի ուտէ, մինչեւ որ դուն բնաջինջ ըլլաս ու քեզի ցորեն, գինի, իւղ, կովերուդ ծնունդներն ու ոչխարներուդ հօտերը պիտի չթողու, մինչեւ որ քեզ բնաջինջ ընէ։
52 Անիկա քու բոլոր քաղաքներուդ մէջ քեզ պիտի պաշարէ, մինչեւ որ կործանին քու բարձր ու ամուր պարիսպներդ, որոնց դուն ապաւիներ ես քու բոլոր երկրիդ մէջ։ Քեզ պիտի պաշարէ քու բոլոր քաղաքներուդ մէջ ու քու բոլոր երկրիդ մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի տուաւ։
53 Պաշարման ատեն եւ քու թշնամիիդ քեզ նեղը ձգած ատենը՝ քու որովայնիդ պտուղը, քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած քու տղաքներուդ եւ աղջիկներուդ միսը պիտի ուտես։
54 Ձեր մէջ քնքուշ ու խիստ փափուկ մարդը իր եղբօր ու իր ծոցի կնոջ եւ իր ողջ թողուցած որդիներուն ծուռ աչքով պիտի նայի,
55 Որպէս զի իր ուտելու որդիներուն միսէն անոնց մէկո՛ւն չտայ. քանզի պաշարման ատեն ու քու թշնամիիդ բոլոր քաղաքներուն մէջ քեզ նեղը ձգած ատենը, ուրիշ բան մը պիտի չմնայ անոր։
56 Ձեր մէջ խիստ քնքուշ ու փափուկ եղող կինը, որ իր փափկութենէն ու քնքուշ ըլլալէն ետքը գետնի վրայ կոխելու սորված չէր, իր ծոցի էրկան, իր տղուն, իր աղջկան
57 Եւ իր ոտքերուն մէջտեղէն ելլող տղու ընկերին ու իր ծնած զաւակներուն ծուռ աչքով պիտի նայի. քանզի պաշարման ատեն ու քու թշնամիիդ քու քաղաքներուդ մէջ քեզ նեղը ձգած ատենը, ամէն բանի պակսելուն համար զանոնք ծածկաբար պիտի ուտէ։
58 «Եթէ դուն այս գրքին մէջ գրուած օրէնքին բոլոր խօսքերը զգուշութեամբ չկատարես եւ ՔՈՒ ԵՀՈՎԱ ԱՍՏՈՒԾՄԷԴ եւ անոր պատուական ու ահաւոր անունէն չվախնաս.
59 Տէրն ալ անսովոր հարուածներով, մեծ ու երկարատեւ հարուածներով, գէշ ու երկայն հիւանդութիւններով պիտի զարնէ քեզ եւ քու սերունդդ։
60 Եգիպտոսի բոլոր հիւանդութիւնները, որոնցմէ դուն կը վախնաս, քու վրադ պիտի բերէ ու անոնք քեզի պիտի փակչին։
61 Նաեւ օրէնքներու գրքին մէջ չգրուած ամէն հիւանդութիւն ու ամէն հարուած Տէրը քու վրադ պիտի բերէ, մինչեւ որ դուն բնաջինջ ըլլաս։
62 Քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին հնազանդութիւն չընելուդ համար, դուք որ շատութեան կողմանէ երկնքի աստղերուն պէս էիք, խիստ սակաւաթիւ պիտի մնաք։
63 Ինչպէս Տէրը ձեզի աղէկութիւն ընելով ու ձեզ շատցնելով ուրախացաւ, նոյնպէս ձեզ կորսնցնելով ու բնաջինջ ընելով ալ պիտի ուրախանայ եւ պիտի ջնջուիք այն երկրին վրայէն, ուր հիմա կ’երթաք զանիկա ժառանգելու։
64 Տէրը երկրի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը բոլոր ժողովուրդներուն մէջ պիտի ցրուէ քեզ ու հոն ծառայութիւն պիտի ընես օտար աստուածներու, փայտի ու քարի, որոնք ո՛չ դուն ճանչցեր էիր, ո՛չ ալ քու հայրերդ։
65 Այն ազգերուն մէջ հանգստութիւն պիտի չգտնես ու ոտքիդ թաթին հանգչելու տեղ պիտի չըլլայ։ Հոն Տէրը քեզի դողացող սիրտ, աչքի նուաղում ու հոգիի տրտմուիթւն պիտի տայ։
66 Քու կեանքդ քու առջեւդ պիտի կախուի ու գիշեր ցորեկ պիտի վախնաս եւ քու կեանքդ ապահով պիտի չըլլայ
67 Ու սրտիդ ահուդողէն եւ աչքերուդ տեսած բաներէն, առաւօտուն պիտի ըսես. ‘Երանի՜ թէ իրիկուն ըլլար’ ու իրիկունն ալ պիտի ըսես. ‘Երանի՜ թէ առտու ըլլար’։
68 Եւ Տէրը նաւերով Եգիպտոս պիտի դարձնէ քեզ այն ճամբով, որուն համար քեզի ըսի թէ զանիկա անգամ մըն ալ պիտի չտեսնես եւ հոն ծառաներ ու աղախիններ ըլլալու պիտի ծախուիք ձեր թշնամիներուն բայց ծախու առնող պիտի չըլլայ»։