Բ. ՕՐԻՆԱՑ
Գլուխ 23
«Ամորձիքը ճզմուած կամ կտրուած մարդը Տէրոջը ժողովարանը պէտք չէ մտնէ։
2 Պոռնկորդին ալ Տէրոջը ժողովարանը պէտք չէ մտնէ, նոյնպէս անոր զաւակը՝ մինչեւ տասներորդ սերունդը։
3 «Ամմոնացին ու Մովաբացին Տէրոջը ժողովարանը պէտք չէ մտնեն յաւիտեանս անոնց զաւակն ալ՝ մինչեւ տասներորդ սերունդը,
4 Քանզի երբ դուք Եգիպտոսէն ելաք, ճամբուն մէջ հացով ու ջրով ձեզ դիմաւորեցին ու Միջագետքի Փաթուր քաղաքէն Բէովրի որդին Բաղաամը վարձքով բերել տուին, որպէս զի քեզ անիծէ.
5 Բայց քու Տէր Աստուածդ չուզեց Բաղաամին մտիկ ընել, հապա քու Տէր Աստուածդ անէծքը քեզի օրհնութեան դարձուց, որովհետեւ քու Տէր Աստուածդ քեզ սիրեց։
6 Քու բոլոր կեանքիդ մէջ անոնց խաղաղութիւնն ու աղէկութիւնը մի՛ կամենար յաւիտեան։
7 «Չըլլայ որ Եդովմայեցին ատես, քանզի անիկա քու եղբայրդ է։ Եգիպտացին ալ չատես, քանզի անոր երկրին մէջ պանդուխտ էիր.
8 Ասոնց ծնած զաւակներուն միայն երրորդ ազգը Տէրոջը ժողովարանը թող մտնեն։
9 «Երբ թշնամիներուդ դէմ բանակով երթաս, ամէն չար բանէ զգուշացի՛ր։
10 Եթէ ձեր մէջ մարդ մը երազափորձութեան պատճառաւ մաքուր չէ, թող բանակէն դուրս ելլէ ու բանակին մէջ չմտնէ
11 Եւ իրիկունը ջրով լուացուի ու արեւը մարը մտածին պէս բանակին մէջ մտնէ։
12 Բանակէն դուրս տեղ մը ունեցիր, որպէս զի հոն դուրս ելլես։
13 Զէնքերուդ մէջ ցից մը ունեցիր, որպէս զի երբ դուրսը նստելու ըլլաս, անով փորես ու դուրս տրուածը ծածկես։
14 Քանզի քու Տէր Աստուածդ, քեզ ազատելու համար ու քու թշնամիներդ քու ձեռքդ մատնելու համար, քու բանակիդ մէջ կը քալէ. ուստի քու բանակդ մաքուր ըլլալու է, որպէս զի անիկա քու վրադ աղտեղութիւն մը տեսնելով քեզմէ չհեռանայ։
15 «Եթէ ծառայ մը իր տիրոջմէն փախչելով քու քովդ ապաստանի, իր տիրոջը ձեռքը մի՛ մատներ։
16 Թող քեզի հետ բնակի իր հաւնած տեղը քու քաղաքներէդ մէկուն մէջ, ուր ինք կ’ուզէ եւ զանիկա մի՛ նեղեր։
17 «Իսրայէլի աղջիկներէն բոզ չըլլայ ու Իսրայէլի տղոցմէն իգացեալ չըլլայ։
18 Ոեւէ ուխտի համար բոզի վարձքը կամ չունի գինը քու Տէր Աստուծոյդ տունը մի՛ տանիր. քանզի քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ երկուքն ալ պիղծ են։
19 «Ստակը կամ ուտելիքը եւ կամ ոեւէ բան որ շահով կրնայ տրուիլ, քու եղբօրդ շահով մի՛ տար։
20 Օտարականէն շահ ա՛ռ, բայց քու եղբօրմէդ շահ մի՛ առներ, որպէս զի քու Տէր Աստուածդ քու ամէն ձեռք զարկած գործերուդ մէջ քեզ օրհնէ այն երկրին մէջ, ուր պիտի մտնես զանիկա ժառանգելու համար։
21 «Երբ քու Տէր Աստուծոյդ ուխտ մը ընես, առանց ուշացնելու կատարէ, քանզի քու Տէր Աստուածդ անպատճառ զանիկա քեզմէ պիտի պահանջէ ու մեղքի տէր պիտի ըլլաս.
22 Բայց եթէ ուխտ ընել չուզես, այն քեզի մեղք չըլլար։
23 Ինչ որ բերնովդ կը խոստանաս ու քու կամքովդ քու Տէր Աստուծոյդ կ’ուխտես, քու շրթունքներէդ ելածը զգուշութեամբ կատարէ՛։
24 «Երբ քու դրացիիդ այգին մտնես, ուզածիդ չափ խաղող կե՛ր ու կշտացի՛ր, բայց ամանիդ մէջ մի՛ դներ։
25 Երբ քու դրացիիդ հունձքին մէջ մտնես, ձեռքովդ հասկերը փրցուր, բայց դրացիիդ հունձքին մանգաղ մի՛ զարներ»։