Բ. ՕՐԻՆԱՑ
Գլուխ 2
«Այն ատեն ետ դարձանք ու Կարմիր ծովուն ճամբայէն դէպի անապատը չուեցինք, ինչպէս Տէրը ինծի ըսեր էր ու շատ օրեր Սէիր լերանը բոլորտիքը պտըտեցանք։
2 Տէրը ինծի խօսեցաւ ու ըսաւ.
3 ‘Ալ հերիք է այդ լերանը բոլորտիքը պտըտիք. հիւսիսային կողմը դարձէք։
4 Ժողովուրդին պատուիրէ՛ ու ըսէ՛. Դուք հիմա Սէիր բնակող ձեր եղբայրներուն՝ Եսաւի որդիներուն՝ սահմանէն պիտի անցնիք։ Անոնք ձեզմէ պիտի վախնան, բայց դուք մեծապէս զգուշացէք.
5 Անոնց հետ մի՛ կռուիք. քանզի ես ձեզի անոնց երկրէն մէկ ոտնաքայլ տեղ ալ պիտի չտամ, որովհետեւ Սէիր լեռը Եսաւին ժառանգութիւն տուեր եմ։
6 Կերակուրը ստակով ծախու առէք անոնցմէ եւ կերէք եւ ջուրն ալ ստակով ծախու առէք անոնցմէ ու խմեցէք.
7 Քանզի քու Տէր Աստուածդ քու ձեռքիդ բոլոր գործերուն մէջ օրհնեց քեզ. անիկա գիտէ թէ դուն այս մեծ անապատին մէջ կը պտըտիս. քու Տէր Աստուածդ այս քառասուն տարին քեզի հետ էր ու բանի մը պակասութիւն չքաշեցիր’։
8 Ուստի մենք մեր եղբայրներուն, Եսաւի որդիներուն քովէն, որոնք Սէիր կը բնակէին, Ելաթէն ու Գասիոն-Գաբերէն անցանք ու անկէ դառնալով Մովաբի անապատին ճամբայէն անցանք։
9 Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Մովաբացիներուն թշնամութիւն մի՛ ըներ ու անոնց հետ պատերազմ մի՛ ըներ. քանզի անոնց երկրէն քեզի ժառանգութիւն պիտի չտամ, որովհետեւ Արը Ղովտի որդիներուն ժառանգութիւն տուի’։
10 (Այն տեղը առաջ Էմիմները կը բնակէին, որոնք մեծ ու շատուոր ու Ենակիմներուն պէս երկայնահասակ ազգ մըն էին.
11 Անոնք ալ Ենակիմներուն պէս հսկաներ կը սեպուէին ու Մովաբացիները զանոնք Էմիմ կը կոչէին։
12 Սէիրի մէջ առաջ Քոռեցիները կը բնակէին, բայց Եսաւի որդիները զանոնք վռնտելով ու իրենց առջեւէն զանոնք ջարդելով՝ անոնց տեղը բնակեցան, ինչպէս Իսրայէլացիները ըրին իրենց ժառանգութեանը երկրին, որ Տէրը անոնց տուաւ։)
13 ‘Հիմա ելէ՛ք Զարեդ ձորէն անցէք’ Ու մենք Զարեդ ձորէն անցանք։
14 Մեր պտըտած օրերը, Կադէս-Բառնեայէն ելլելէն մինչեւ Զարեդ ձորէն անցնիլը, երեսունըութը տարի եղաւ. մինչեւ որ բանակին մէջէն պատերազմող մարդոց ամբողջ սերունդը հատաւ, ինչպէս Տէրը անոնց երդում ըրեր էր։
15 Եւ զանոնք բանակին մէջէն բնաջինջ ընելու համար՝ Տէրոջը ձեռքն ալ անոնց վրայ էր, մինչեւ որ անոնք հատան։
16 Երբ բոլոր պատերազմող մարդիկը ժողովուրդին մէջէն հատան,
17 Տէրը ինծի խօսեցաւ՝ ըսելով.
18 ‘Դուն այսօր Մովաբի սահմանը եղած Արէն անցիր
19 Ու Ամմոնի որդիներուն սահմանին մօտեցիր։ Անոնց թշնամութիւն մի՛ ըներ եւ անոնց հետ մի՛ կռուիր. քանզի Ամմոնի որդիներուն երկրէն քեզի ժառանգութիւն պիտի չտամ, որովհետեւ զանիկա Ղովտին որդիներուն ժառանգութիւն տուի։
20 (Այն ալ հսկաներու երկիր կը սեպուէր։ Առաջ այն տեղը հսկաներ կը բնակէին ու Ամմոնացիները զանոնք Զամզումիմ կը կոչէին.
21 Որոնք Ենակիմներուն պէս մեծ ու շատուոր եւ երկայնահասակ ազգ մըն էին, բայց Տէրը զանոնք բնաջինջ ըրաւ անոնց առջեւէն, որոնք վռնտեցին զանոնք եւ անոնց տեղը բնակեցան.
22 Ինչպէս Սէիր բնակող Եսաւին որդիներուն համար ալ ըրաւ, երբ Քոռեցիները բնաջինջ ըրաւ անոնց առջեւէն եւ զանոնք վռնտեցին ու անոնց տեղը բնակեցան մինչեւ այսօր։
23 Աւացիները, որոնք մինչեւ Գազա գիւղաքաղաքներու մէջ կը բնակէին, զանոնք ալ Կափթորէն ելլող Կափթորացիները ջարդեցին ու անոնց տեղը բնակեցան։)
24 ‘Ելէ՛ք, չուեցէ՛ք ու Առնոն ձորէն անցէ՛ք։ Ահա Եսեբոնի թագաւորը, Ամօրհացի Սեհոնը ու անոր երկիրը քու ձեռքդ տուի. սկսէ՛ զանիկա ժառանգել ու անոր հետ պատերազմէ՛։
25 Այսօր քու անունիդ վախն ու սոսկումը բոլոր երկնքի տակ եղող ազգերուն վրայ պիտի դնեմ, այնպէս որ քու համբաւդ լսողները քու երեսէդ պիտի դողան ու տագնապին’։
26 Այն ատեն Կադեմօթի անապատէն Եսեբոնի Սեհոն թագաւորին խաղաղութեան խօսքերով դեսպաններ ղրկեցի՝ ըսելով.
27 ‘Անցնիմ քու երկրէդ. մեծ ճամբայէն պիտի երթամ ու աջ կամ ձախ կողմը պիտի չխոտորիմ։
28 Կերակուրը ինծի ստակով ծախէ, որ ուտեմ ու ջուրն ալ ստակով տուր, որ խմեմ. միայն թէ քալելով անցնիմ,
29 Ինչպէս Սէիր բնակող Եսաւին որդիներն ու Ար բնակող Մովաբացիները ինծի ըրին, մինչեւ որ ես Յորդանանէն անցնիմ դէպի այն երկիրը, որ մեր Տէր Աստուածը մեզի պիտի տայ’։
30 Բայց Եսեբոնի Սեհոն թագաւորը չուզեց, որ մենք անկէ անցնինք. վասն զի քու Տէր Աստուածդ անոր հոգին խստացուցեր էր ու սիրտը կարծրացուցեր էր, որպէս զի զանիկա քու ձեռքդ տայ, ինչպէս այսօր կը տեսնես։
31 Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Ահա Սեհոնն ու անոր երկիրը քու ձեռքդ տուի, անոր տիրէ՛, որպէս զի անոր երկիրը ժառանգես’։
32 Ուստի Սեհոն ինք իր բոլոր ժողովուրդովը Յասսայի մէջ մեր դէմ ելաւ, որպէս զի մեզի հետ պատերազմի։
33 Մեր Տէր Աստուածը զանիկա մեր ձեռքը մատնեց ու մենք զանիկա եւ անոր որդիներն ու անոր բոլոր ժողովուրդը զարկինք։
34 Նոյն ատեն անոր բոլոր քաղաքները առինք ու անոր բոլոր քաղաքներուն մէջ եղած այր մարդիկը, կիներն ու տղաքները կորսնցուցինք։ Անոնցմէ մէ՛կ հոգի ողջ չթողուցինք։
35 Միայն անասուններն ու առնուած քաղաքներուն աւարները մեզի առինք։
36 Առնոն ձորին եզերքը եղած Արոէրէն ու ձորին մէջ եղած քաղաքէն մինչեւ Գաղաադ բնաւ մեզի դէմ դնող քաղաք մը չեղաւ։ Մեր Տէր Աստուածը ամէնքն ալ մեր ձեռքը մատնեց։
37 Միայն Ամմոնի որդիներուն երկրին ու բոլոր Յաբոկ ձորին կողմերուն եւ լեռնային քաղաքներուն ու մեր Տէր Աստուծոյն բոլոր մեզի արգիլած տեղերուն չմօտեցար»։