Բ. ՕՐԻՆԱՑ
Գլուխ 16
«Ապիպ ամսուն ուշադրութիւն ըրէ, որպէս զի զատիկը ընես քու Տէր Աստուծոյդ. վասն զի քու Տէր Աստուածդ Ապիպ ամսուան մէջ գիշերով հանեց քեզ Եգիպտոսէն։
2 Զատկին համար քու Տէր Աստուծոյդ ոչխարներ ու արջառներ մորթէ՛ այն տեղը, որ Տէրը պիտի ընտրէ իր անուանը բնակութեանը համար։
3 Անոր հետ խմորեալ հաց մի՛ ուտեր, եօթը օր դառնութեան անխմոր հաց պիտի ուտես անոր հետ. վասն զի Եգիպտոսի երկրէն տագնապով ելար. որպէս զի քու կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ Եգիպտոսի երկրէն ելած օրդ միտքդ բերես։
4 Քու բոլոր սահմաններուդ մէջ եօթը օր բնաւ խմոր թող չերեւնայ քովդ ու նախորդ իրիկունը մորթուած միսը մինչեւ առտու թող չմնայ։
5 Քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած քաղաքներէն ոեւէ մէկուն մէջ զատիկը մի՛ մորթեր.
6 Հապա միայն այն տեղ՝ որ քու Տէր Աստուածդ պիտի ընտրէ իր անուանը բնակութեանը համար. հոն մորթէ՛ զատիկը իրիկուան դէմ՝ արեւին մարը մտած ատենը, Եգիպտոսէն ելած ժամանակդ։
7 Քու Տէր Աստուծոյդ ընտրած տեղը զանիկա եփէ եւ կեր եւ առտուն դարձիր՝ տունդ գնա՛։
8 Վեց օր բաղարջ պիտի ուտես ու եօթներորդ օրը քու Տէր Աստուծոյդ համար տօնախմբութեան օր պիտի ըլլայ եւ գործ մը չընես։
9 «Դուն եօթը շաբաթ հաշուէ։ Եօթը շաբաթները հաշուել սկսէ, այն օրէն երբ սկսիս մանգաղով հնձել։
10 Ետքը քու Տէր Աստուծոյդ շաբաթներուն տօնը պահելով, քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած օրհնութեանը համեմատ, ձեռքէդ եկած կամաւոր ընծան տո՛ւր։
11 Այն տեղ, որ քու Տէր Աստուածդ պիտի ընտրէ իր անուանը բնակութեանը համար՝ հոն քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ ուրախութիւն ըրէք դուն ու քու տղադ եւ աղջիկդ, քու ծառադ ու աղախինդ ու քու քաղաքներուդ մէջ եղող Ղեւտացին եւ ձեր մէջ գտնուած օտարականը, որբն ու որբեւարին։
12 Եգիպտոսի մէջ ծառայ ըլլալդ միտքդ բերելով՝ այս կանոնները զգուշութեամբ գործադրէ՛։
13 «Քու կալիդ ու հնձանիդ բերքը հաւաքելէդ ետքը եօթը օր տաղաւարահարաց տօնը պահէ։
14 Տօնիդ մէջ ուրախութիւն ըրէք դուն ու քու տղադ եւ աղջիկդ, քու ծառադ ու աղախինդ, քաղաքներուդ մէջ եղող Ղեւտացին, օտարականը եւ որբն ու որբեւարին։
15 Քու Տէր Աստուածդ քու բոլոր բերքերդ ու ձեռքիդ բոլոր գործերը օրհնելուն համար, Տէրոջը ընտրած տեղը քու Տէր Աստուծոյդ եօթը օր տօն պահելով ուրախութիւն ըրէ։
16 «Տարին երեք անգամ, այսինքն բաղարջակերաց տօնին, շաբաթներու տօնին ու տաղաւարահարաց տօնին, քու բոլոր արուներդ՝ քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ պիտի երեւնան՝ այն տեղ, որ ինք պիտի ընտրէ ու մէկը Տէրոջը առջեւ ձեռքը պարապ թող չելլէ։
17 Ամէն մէկը, քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած օրհնութեանը համեմատ, ձեռքէն եկածին չափ նուէր թող բերէ։ ԴԱՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
18 «Քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տուած բոլոր քաղաքներուն մէջ՝ քու ցեղերուդ համեմատ՝ քեզի դատաւորներ ու ոստիկաններ կարգէ, որ անոնք արդար դատաստանով ժողովուրդը դատեն։
19 Իրաւունքը մի՛ ծռեր, աչառութիւն մի՛ ըներ ու կաշառք մի՛ առներ. վասն զի կաշառքը իմաստուններուն աչքը կը կուրցնէ ու արդարներուն խօսքը սուտ կը հանէ։
20 Արդարութեան, միայն արդարութեան հետեւիր, որպէս զի ողջ մնաս եւ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի տալու երկիրը ժառանգես։
21 «Քու Տէր Աստուծոյդ համար շինելու սեղանիդ քով ոեւէ անտառ մի՛ տնկեր քեզի։
22 Արձան ալ մի՛ կանգնեցներ քեզի, որմէ քու Տէր Աստուածդ կը զզուի»։