Բ. ՕՐԻՆԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34


Գլուխ 10

«Այն ատեն Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Քեզի նախորդներուն պէս երկու հատ քարէ տախտակ կոփէ՛ ու լեռը ինծի ելի՛ր ու նաեւ քեզի փայտէ տապանակ մը շինէ՛։
2 Տախտակներուն վրայ քու կոտրած տախտակներուդ վրայի խօսքերը պիտի գրեմ։ Զանոնք տապանակին մէջ դի՛ր’։
3 Ուստի ես Սատիմի փայտէ տապանակ մը շինեցի ու նախորդին պէս երկու քարէ տախտակ կոփեցի ու այն երկու տախտակները ձեռքս առնելով լեռը ելայ։
4 Տէրը տախտակներուն վրայ նոյն տասը խօսքերը գրեց, որոնք Տէրը ձեզի լերանը վրայ կրակին մէջէն խօսեցաւ ժողովին օրը։ Տէրը զանոնք ինծի տուաւ։
5 Անկէ դառնալով լեռնէն վար իջայ ու տախտակները իմ շինած տապանակիս մէջ դրի, որպէս զի հոն մնան, ինչպէս Տէրը ինծի պատուիրեց»։
6 (Իսրայէլի որդիները Բերոթ-Բանէ-Յականէն Մօսէրա չուեցին. հոն մեռաւ Ահարոն ու հոն թաղուեցաւ եւ անոր որդին Եղիազարը անոր տեղ քահանայ եղաւ։
7 Անկէ Գադգադ ու Գադգադէն ջուրի առուներու երկիրը՝ Ետեբաթա՝ չուեցին։
8 Այն ատեն Տէրը Ղեւիին ցեղը զատեց, որպէս զի Տէրոջը ուխտին տապանակը կրէ, Տէրոջը առջեւ կենայ որպէս զի անոր ծառայութիւն ընէ ու անոր անունովը օրհնէ մինչեւ այսօր։
9 Այս պատճառով Ղեւի իր եղբայրներուն հետ բաժին ու ժառանգութիւն պիտի չունենայ։ Անոր ժառանգութիւնը Տէրն է, ինչպէս քու Տէր Աստուածդ անոր ըսաւ։)
10 «Ես նախորդին նման քառասուն օր ու քառասուն գիշեր լերանը վրայ կեցայ ու Տէրը այս անգամին ալ ինծի մտիկ ընելով չուզեց քեզ կորսնցնել։
11 Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Ելի՛ր ու ժողովուրդին առջեւէն չուէ՛, որպէս զի մտնեն ու ժառանգեն այն երկիրը, որ երդումով անոնց հայրերուն խոստացայ, անոնց տալ’։
12 Ուրեմն, ո՛վ Իսրայէլ, քու Տէր Աստուածդ քեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ։ Միայն քու Տէր Աստուծմէդ վախնալ, իր ճամբաներուն մէջ քալել եւ զինք սիրել։ Նաեւ քու բոլոր սրտովդ ու բոլոր հոգիովդ քու Տէր Աստուածդ պաշտել
13 Եւ Տէրոջը պատուիրանքներն ու կանոնները պահել, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ, որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ։
14 Ահա երկինք ու երկինքներուն երկինքը, նաեւ երկիր ու բոլոր անոր մէջ եղածը քու Տէր Աստուծոյդ կը վերաբերին։
15 Տէրը քու հայրերուդ հաւնեցաւ ու զանոնք սիրեց եւ անոնցմէ ետքը անոնց զաւակները՝ այսինքն ձեզ՝ ընտրեց բոլոր ազգերուն մէջէն, ինչպէս այսօր կը տեսնէք։
16 Ուստի ձեր սրտերուն անթլփատութիւնը թլփատեցէք ու ձեր պարանոցները ալ մի՛ խստացնէք
17 Քանզի ձեր Տէր Աստուածը աստուածներուն Աստուածը ու տէրերուն Տէրն է. մեծ, հզօր ու ահեղ Աստուած է, որ աչառութիւն չ’ըներ ու կաշառք չ’առներ.
18 Անիկա որբին ու որբեւարիին իրաւունք կ’ընէ, պանդուխտը կը սիրէ ու անոր հաց ու հանդերձ կու տայ։
19 Ուրեմն պանդուխտը սիրեցէք. քանզի դուք ալ Եգիպտացիներու երկրին մէջ պանդուխտ էիք։
20 Քու Տէր Աստուծմէդ պէտք է վախնաս ու զանիկա պաշտես ու անոր յարիս ու անոր անունովը երդում ընես։
21 Քու պարծանքդ անիկա է եւ քու Աստուածդ անիկա է, որ քեզի համար այս մեծ ու սքանչելի բաներն ըրաւ, որոնք դուն քու աչքերովդ տեսար։
22 Քու հայրերդ եօթանասուն հոգի էին, երբ Եգիպտոս իջան. բայց հիմա քու Տէր Աստուածդ քեզ երկնքի աստղերուն պէս շատցուց։