Բ. ՕՐԻՆԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34


Գլուխ 1

Ասոնք են այն խօսքերը, որոնք Մովսէս բոլոր Իսրայէլին խօսեցաւ Յորդանանի ասդիի կողմը անապատին մէջ, որ Սուփի առջեւի դաշտը՝ Փառանի, Տոփէլի, Ղոբանի, Ասերովթի ու Տիզահապի մէջտեղն է։
2 (Քորեբէն մինչեւ Կադէս-Բառնեայ տասնըմէկ օր է՝ Սէիր լերան ճամբով։)
3 Արդ՝ քառասուներորդ տարին տասնըմէկերորդ ամսուան առաջին օրը՝ Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն յայտնեց ինչ որ Տէրը իրեն պատուիրեր էր անոնց համար։
4 Եսեբոնի մէջ բնակող Ամօրհացիներուն Սեհոն թագաւորը եւ Աստարովթին ու Եդրայիին մէջ բնակող Բասանին Ովգ թագաւորը զարնելէն ետքը,
5 Յորդանանի ասդիի կողմը Մովաբի երկրին մէջ Մովսէս սկսաւ այս օրէնքը յայտնել՝ ըսելով.
6 «Մեր Տէր Աստուածը Քորեբի վրայ մեզի խօսեցաւ ու ըսաւ. ‘Այս լեռը կենալնիդ հերիք է։
7 Ելէ՛ք, չուեցէ՛ք ու գացէ՛ք Ամօրհացիներուն լեռը եւ անոր բոլոր շրջակայ տեղերը, դաշտերը, լեռներն ու հովիտները եւ հարաւային կողմն ու ծովեզերքը, Քանանացիներուն երկիրը ու Լիբանան, մինչեւ մեծ գետը՝ Եփրատ։
8 Ահա այն երկիրը ձեր առջեւ դրի։ Գացէ՛ք ու ժառանգեցէ՛ք այն երկիրը, որ Տէրը ձեր հայրերուն՝ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին՝ երդում ըրաւ որ տայ անոնց ու անոնցմէ ետքը անոնց զաւակներուն’։
9 Այն ատեն ես ձեզի խօսեցայ ու ըսի. ‘Ես մինակ չեմ կրնար ձեզ տանիլ,
10 Ձեր Տէր Աստուածը ձեզ շատցուց եւ ահա դուք այսօր երկնքի աստղերուն չափ շատ էք։
11 Ձեր հայրերուն Տէր Աստուածը ձեզ հազարապատիկ աւելի շատցնէ ու ձեզի ըսածին պէս՝ ձեզ օրհնէ։
12 Ես մինակ ի՞նչպէս կրնամ ձեր նեղութիւնը, ձեր բեռն ու հակառակութիւնը կրել։
13 Դուք ձեր ցեղերէն իմաստուն ու հանճարեղ եւ անուանի մարդիկ տուէք ու ես զանոնք ձեր վրայ իշխան կարգեմ’։
14 Իսկ դուք ինծի պատասխան տուիք ու ըսիք. ‘Այդ ըսած խօսքդ ընելը աղէկ է’։
15 Ուստի ես ձեր ցեղերուն երեւելիները, իմաստուն ու անուանի մարդիկը առի եւ զանոնք ձեր վրայ իշխան կարգեցի, այսինքն ձեր ցեղերուն մէջ հազարապետներ, հարիւրապետներ, յիսնապետներ, տասնապետներ ու ոստիկաններ։
16 Եւ ձեր դատաւորներուն պատուիրեցի՝ ըսելով. ‘Ձեր եղբայրներուն խնդիրները լսեցէք ու ամէն մարդու դատը՝ թէ՛ իր եղբօրը հետ եւ թէ՛ օտարականի հետ՝ արդարութեամբ դատեցէք։
17 Դատաստանի մէջ աչառութիւն մի՛ ընէք, պզտիկին մեծի պէս ըրէք, ոեւէ մարդու երեսէ մի՛ քաշուիք. քանզի դատաստանը Աստուծոյ է ու ձեզի դժուար երեւցած դատը ինծի ներկայացուցէք, որպէս զի զանիկա մտիկ ընեմ’»։
18 Այն ատեն ձեր բոլոր ընելիքները ձեզի պատուիրեցի։
19 Ետքը Քորեբէն չուեցինք ու ինչպէս մեր Տէր Աստուածը մեզի պատուիրեր էր, Ամօրհացիներուն լերանը ճամբով՝ այն ձեր տեսած բոլոր մեծ ու ահագին անապատէն անցանք ու մինչեւ Կադէս-Բառնեայ եկանք։
20 Ձեզի ըսի. ‘Դուք Ամօրհացիներուն լեռը եկաք, որ մեր Տէր Աստուածը մեզի պիտի տայ։
21 Նայէ՛, քու Տէր Աստուածդ երկիրը քեզի տուաւ. ուրեմն ելի՛ր, ժառանգէ՛ զանիկա, ինչպէս քու հայրերուդ Տէր Աստուածը քեզի ըսաւ. մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրի՛ր։
22 Դուք ամէնքդ իմ քովս եկաք ու ինծի ըսիք. ‘Մեզմէ առաջ մարդիկ ղրկենք, որպէս զի երկիրը լրտեսեն ու գան պատմեն թէ ի՞նչ ճամբով պէտք է ելլենք ու ո՞ր քաղաքները պիտի մտնենք’։
23 Այս խօսքը ինծի հաճելի թուելով, ձեզմէ տասներկու մարդ առի, ամէն մէկ ցեղէն մէկ մարդ։
24 Անոնք գացին, լեռը ելան ու մինչեւ Եսքողի ձորը հասան։ Այն երկիրը լրտեսեցին։
25 Այն երկրին պտուղէն ձեռքերնին առնելով մեզի բերին ու մեզի պատմեցին՝ ըսելով. ‘Աղէկ է այն երկիրը, որ մեր Տէր Աստուածը մեզի կու տայ’։
26 Բայց դուք չուզեցիք ելլել ու ձեր Տէր Աստուծոյն հրամանին դէմ դրիք։
27 Ձեր վրաններուն մէջ տրտնջելով ըսիք. «Տէրը մեզ ատելուն համար Եգիպտոսի երկրէն մեզ դուրս հանեց, որպէս զի մեզ Ամօրհացիներուն ձեռքը մատնէ ու մեզ կորսնցնէ։
28 Ո՞ւր պիտի ելլենք. մեր եղբայրները մեր սրտերը թուլցուցին, որովհետեւ ըսին. ‘Այն ազգը մեզմէ մեծ ու բարձրահասակ է, քաղաքները մեծ ու մինչեւ երկինք պարսպապատ են ու հոն նաեւ Ենակին որդիները տեսանք’։
29 Բայց ես ձեզի ըսի. ‘Մի՛ զարհուրիք ու անոնցմէ մի՛ վախնաք.
30 Ձեր Տէր Աստուածը, որ ձեր առջեւէն կ’երթայ, անիկա ձեզի համար պիտի պատերազմի, ինչպէս Եգիպտոսի մէջ ձեր աչքերուն առջեւ ըրաւ։
31 Անապատին մէջ ալ տեսաք թէ՝ ինչպէս մարդ մը իր զաւակը կը տանի, ձեր Տէր Աստուածն ալ ձեր բոլոր քալած ճամբաներուն մէջ մինչեւ այստեղ ձեզ այնպէս բերաւ’։
32 Ասով ալ ձեր Տէր Աստուծոյն չհաւատացիք։
33 Թէեւ ճամբուն մէջ ձեր առջեւէն կ’երթար ձեզի իջեւանելու տեղ փնտռելու համար, գիշերը կրակի մէջ երթալու ճամբանիդ ձեզի ցուցնելով ու ցորեկն ալ ամպի մէջ։
34 Տէրը ձեր խօսքերուն ձայնը լսելով բարկացաւ ու երդում ընելով՝ ըսաւ.
35 ‘Այս մարդոցմէն, այս անօրէն ազգէն, ոեւէ մէկը պիտի չտեսնէ այն երկիրը, որ ձեր հայրերուն տալու երդում ըրի.
36 Բայց միայն Յեփոնէին որդին Քաղէբը պիտի տեսնէ զայն ու անոր կոխած երկիրը իրեն ու իր որդիներուն պիտի տամ, որովհետեւ անիկա կատարելապէս Տէրոջը հետեւցաւ’։
37 Ձեզի համար Տէրը ինծի ալ բարկացաւ ու ըսաւ. ‘Դուն ալ հոն պիտի չմտնես
38 Այլ քու սպասաւորդ, Նաւէին որդին Յեսու, անիկա հոն պիտի մտնէ։ Զօրացո՛ւր զանիկա, վասն զի անիկա Իսրայէլը պիտի տանի, որ ժառանգէ այդ երկիրը։
39 Այն ձեր պզտիկ տղաքը, որոնց համար կ’ըսէիք թէ աւար պիտի ըլլան ու այն ձեր որդիները, որոնք այսօր աղէկն ու գէշը չեն ճանչնար, անոնք պիտի մտնեն հոն. անոնց պիտի տամ այն երկիրը ու անոնք պիտի ժառանգեն զայն։
40 Բայց դուք ետ դարձէք ու Կարմիր ծովուն ճամբայէն դէպի անապատը չուեցէք’։
41 Ետքը դուք պատասխան տուիք ու ինծի ըսիէ. ‘Մենք Տէրոջը առջեւ մեղք գործեցինք. մենք պիտի ելլենք ու պատերազմինք, ինչպէս մեր Տէր Աստուածը մեզի պատուիրեց’։ Ամէն մէկդ իր պատերազմական զէնքը առնելով, թեթեւամտութեամբ ուզեցիք՝ ՝ լեռը ելլել։
42 Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Անոնց ըսէ՛, Մի՛ ելլէք ու մի՛ պատերազմիք, քանզի ես ձեր մէջ չեմ. չըլլայ որ ձեր թշնամիներուն առջեւ ջարդուիք’։
43 Ես ալ ձեզի խօսեցայ, բայց դուք մտիկ չըրիք, հապա Տէրոջը հրամանին դէմ դրիք եւ յամառութիւն ընելով լեռը ելաք։
44 Ու այն լերանը վրայ բնակող Ամօրհացիները մեղուներու պէս ձեր դէմը ելլելով ձեզ հալածեցին ու Սէիրի մէջ ձեզ զարկին մինչեւ Հօրմա։
45 Այն ատեն դառնալով Տէրոջը առջեւ լացիք, սակայն Տէրը ձեր ձայնը չլսեց ու ձեզի ականջ չդրաւ։
46 Կադէսի մէջ կեցաք, որչափ օրեր որ հոն էիք»։