ԹՈՒՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36


Գլուխ 36

Յովսէփին որդիներուն տոհմերէն Մանասէին որդիին Մաքիրին որդիին Գաղաադին որդիներուն տոհմին իշխանները մօտեցան ու Մովսէսին առջեւ եւ Իսրայէլի որդիներուն նահապետական իշխաններուն առջեւ խօսեցան
2 Ու ըսին. «Տէրը մեր տիրոջը հրամայեց, որ ժառանգութեան երկիրը վիճակով բաժնէ Իսրայէլի որդիներուն ու Տէրը մեր տիրոջ հրամայեց, որ մեր եղբօրը Սալպաադի ժառանգութիւնը անոր աղջիկներուն տայ։
3 Արդ՝ եթէ անոնք Իսրայէլի որդիներէն տարբեր ցեղի մը որդիներուն կին ըլլան, անոնց ժառանգութիւնը մեր հայրերուն ժառանգութենէն պիտի զատուի ու ո՛ր ցեղի մարդոց որ կին ըլլան, այն ցեղին ժառանգութեանը պիտի խառնուի ու մեր ժառանգութեան վիճակէն պիտի բաժնուի։
4 Իսրայէլի որդիներուն Յոբելեան տարին՝ անոնց ժառանգութիւնը իրենց այրերուն ցեղին ժառանգութեանը պիտի խառնուի ու այս կերպով անոնց ժառանգութիւնը մեր հայրերուն ցեղին ժառանգութենէն պիտի զատուի»։
5 Մովսէս Տէրոջը հրամանով Իսրայէլի որդիներուն պատուիրեց ու ըսաւ. «Յովսէփին որդիներուն ցեղը շիտակ կը խօսի։
6 Սալպաադին աղջիկներուն վրայով Տէրոջը հրամայած ու ըսած խօսքը այս է. ‘Որոնց որ կը հաճին անոնք, թող անոնց կին ըլլան, այն պայմանով որ ընտրածը հօրը ցեղէն ըլլայ.
7 Որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն ժառանգութիւնը մէկ ցեղէն ուրիշ ցեղի չանցնի. քանզի Իսրայէլի որդիներէն ամէնքն ալ իրենց հայրերուն ցեղին ժառանգութեանը պէտք է տիրանան։
8 Ամէն աղջիկ՝ որ Իսրայէլի որդիներուն ցեղերուն մէջ կալուածքի մը ժառանգորդ կ’ըլլայ, պէտք է իր հօրը ցեղէն եղող մէկուն կինը ըլլայ, որպէս զի Իսրայէլի որդիներէն ամէն մէկը իր հայրերուն ժառանգութիւնը ժառանգէ։
9 Ժառանգութիւնը մէկ ցեղէ ուրիշ ցեղի չանցնի, բայց Իսրայէլի որդիներուն ցեղերուն ամէն մէկը իր ժառանգութեանը յարի’»։
10 Տէրը Մովսէսին ինչպէս որ հրամայեց, Սալպաադի աղջիկները այնպէս ըրին։
11 Քանզի Սալպաադի աղջիկները՝ Մաալա, Թերսա, Էգղա, Մեղքա ու Նուա՝ իրենց հօրեղբօրորդիներուն հետ ամուսնացան։
12 Այսպէս Յովսէփեան Մանասէին որդիներուն տոհմերէն եղողներու կին եղան ու անոնց ժառանգութիւնը իրենց հօրը ցեղին եւ ազգատոհմին մէջ մնաց։
13 Ասոնք են այն պաուիրանքներն ու կանոնները, որոնք Տէրը Մովաբի դաշտերուն մէջ Երիքովի դէմ Յորդանանի մօտ՝ Մովսէսին միջոցով Իսրայէլի որդիներուն պատուիրեց։