ԹՈՒՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36


Գլուխ 24

Երբ Բաղաամ տեսաւ, որ Տէրը կը հաճի Իսրայէլը օրհնել, ա՛լ միւս անգամներուն պէս հմայքներ փնտռելու չգնաց, այլ իր երեսը դէպի անապատը դարձուց։
2 Ու Բաղաամ իր աչքերը վերցնելով տեսաւ որ Իսրայէլ իր ցեղերուն կարգովը դաշտին մէջ բանակած է ու Աստուծոյ Հոգին անոր վրայ եկաւ
3 Ու իր առակը սկսելով՝ ըսաւ. «Բէովրի որդին Բաղաամին պատգամը Ու աչքը բաց մարդուն պատգամը,
4 Աստուծոյ խօսքերը լսող Ու Ամենակարողին տեսիլքը տեսնող, Քնանալու պէս գետինը ինկող Ու աչքերը բաց եղողին պատգամը այս է։
5 Ո՛վ Յակոբ, քու վրաններդ, Ու ո՛վ Իսրայէլ, քու խորաններդ ի՜նչ գեղեցիկ են.
6 Ձորերու պէս տարածուեցան, Գետերու եզերքի պարտէզներու պէս, Տէրոջը տնկած հալուէի ծառերուն Ու ջուրին եզերքը եղող եղեւիններուն պէս են։
7 Անոր դոյլերէն ջուր պիտի վազէ Ու անոր սերմը առատ ջուրերու մէջ պիտի ըլլայ. Անոր թագաւորը Ագագէ աւելի պիտի բարձրանայ Ու թագաւորութիւնը աճի։
8 Աստուած զանիկա Եգիպտոսէն հանեց։ Միեղջերուի պէս ոյժ ունի. Իրեն թշնամի եղող ազգերը պիտի ուտէ, Անոնց ոսկորները պիտի կոտրտէ Ու զանոնք իր նետերովը պիտի զարնէ։
9 Առիւծի պէս երկարեցաւ ու պառկեցաւ, մատակ առիւծի պէս. Զանիկա ո՞վ պիտի արթնցնէ։ Քեզ օրհնողները օրհնեալ ըլլան Ու քեզ անիծողները՝ անիծեալ»։
10 Այն ատեն Բաղակ շատ սրդողեցաւ Բաղաամին ու ձեռքերը իրարու զարկաւ եւ ըսաւ Բաղաամին. «Ես քեզ կանչեցի, որպէս զի իմ թշնամիներս անիծես, բայց ահա այս երեք անգամ է որ, անոնք կ’օրհնես։
11 Ուստի դուն հիմա քու տեղդ փախիր։ ‘Քեզի շատ պատիւ ընեմ’, ըսի, բայց ահա Տէրը քեզ պատիւէ զրկեց»։
12 Եւ Բաղաամ ըսաւ Բաղակին. «Ես քու ղրկած դեսպաններուդ ալ չխօսեցա՞յ՝ ըսելով.
13 ‘Եթէ Բաղակ ինծի իր տունովը լեցուն արծաթ ու ոսկի ալ տայ, ես Տէրոջը հրամանին չեմ կրնար հակառակիլ ու ինքնիրմէս աղէկ կամ գէշ բան մը ընել։ Տէրը ինչ որ ըսէ, զայն պիտի խօսիմ’։
14 Եւ ահա ես հիմա իմ հայրենիքս կ’երթամ։ Եկո՛ւր, քեզի հասկցնեմ թէ այս ժողովուրդը վերջին օրերը ի՞նչ պիտի ընէ քու ժողովուրդիդ»։
15 Այն ատեն իր առակը սկսելով՝ ըսաւ. «Բէովրի որդիին Բաղաամին պատգամը Ու աչքը բաց մարդուն պատգամը,
16 Աստուծոյ խօսքերը լսող Եւ բարձրեալին գիտութիւնը գիտցող Ու Ամենակարողին տեսիլքը տեսնող Եւ քնանալու պէս գետինը ինկող Ու աչքերը բաց եղողին պատգամը այս է։
17 Զանիկա պիտի տեսնեմ, բայց հիմա չէ. Զանիկա պիտի զննեմ, բայց մօտերս չէ. Յակոբէն աստղ մը պիտի ծագի Ու Իսրայէլէն իշխանութեան գաւազան մը պիտի ելլէ Ու Մովաբի իշխանները պիտի զարնէ Ու Սէթի բոլոր որդիները բնաջինջ պիտի ընէ։
18 Նաեւ Եդովմ պիտի նուաճուի, Սէիր ալ իր թշնամիներէն պիտի նուաճուի։ Բայց Իսրայէլ քաջութեամբ պիտի շարունակէ։
19 Եւ Յակոբէն ելլողը պիտի իշխէ Ու քաղաքին մէջ մնացորդը պիտի կորսնցնէ»։
20 Ետքը Ամաղէկին նայեցաւ ու իր առակը սկսելով՝ ըսաւ. «Ամաղէկ ազգերուն գլուխն է, Բայց վերջը բոլորովին պիտի կորսուի»։
21 Ու Կենեցիին նայեցաւ եւ իր առակը սկսելով՝ ըսաւ. «Արդարեւ քու նստած տեղդ անառիկ է Ու քու բոյնդ ապառաժի վրայ դրեր ես։
22 Բայց Կենեցին պիտի աւրուի, Մինչեւ որ Ասուր քեզ գերի տանի»։
23 Ետքը իր առակը սկսելով՝ ըսաւ. «Ափսո՜ս, երբ Աստուած այս բաները ընէ, ո՞վ ողջ պիտի մնայ։
24 Բայց Կիտացիներու եզերքներէն նաւեր պիտի գան Եւ Ասուրը պիտի չարչարեն ու Եբերը չարչարեն Եւ անոնք ալ բոլորովին պիտի կորսուին»։
25 Յետոյ Բաղաամ ելաւ գնաց ու իր տեղը դարձաւ։ Բաղակ ալ իր ճամբան գնաց։