ԹՈՒՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36


Գլուխ 34

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
2 «Իսրայէլի որդիներուն պատուիրէ՛ ու անոնց ըսէ՛, երբ դուք Քանանի երկիրը մտնէք (այն երկիրը որ պիտի ժառանգէք, այսինքն Քանանի երկիրը իր սահմաններովը)
3 Ձեր հարաւային կողմը Սին անապատէն մինչեւ Եդովմ պէտք է ըլլայ եւ ձեր հարաւային սահմանագիծը արեւելքէն՝ Աղի ծովուն ծայրէն պէտք է սկսի
4 Ու ձեր հարաւային սահմանը Ակրաբիմի զառիվերը պտըտելով մինչեւ Սին պէտք է հասնի ու անկէ ելնելով Կադէս-Բառնեայի հարաւային կողմը երթայ ու Ասար-Ադդարէն ելնելով Ասեմոն պէտք է հասնի
5 Եւ Ասեմոնէն մինչեւ Եգիպտոսի հեղեղատը պտըտելով՝ ծովուն մէջ լմննայ։
6 Իսկ ձեր արեւմտեան սահմանը մեծ ծովը պէտք է ըլլայ։ Ասիկա ձեր արեւմտեան սահմանն է։
7 Ձեր հիւսիսային սահմանը մեծ ծովէն մինչեւ Հովր լեռը պէտք է նշանակէք.
8 Հովր լեռնէն մինչեւ Եմաթ ու անկէ սահմանը մինչեւ Սեդադ պէտք է հասնի։
9 Այն սահմանը մինչեւ Զեփրոն ելլէ ու Ասար-Ենանի մէջ լմննայ։ Ասիկա է ձեր հիւսիսային սահմանը։
10 Ձեր արեւելեան սահմանին համար Ասար-Ենանէն մինչեւ Սեփամ պէտք է նշանակէք։
11 Այս սահմանը Այինի արեւելեան կողմէն՝ Սեփամէն Ռեբղա պէտք է իջնէ ու արեւելքի կողմէն իջնելով՝ մինչեւ Քեներեթի ծովուն եզերքը պէտք է հասնի։
12 Այս սահմանը Յորդանան պէտք է իջնէ ու Աղի ծովուն մէջ վերջանայ։ Այս է ձեր երկիրը իր շրջակայ սահմաններովը»։
13 Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն պատուիրեց ու ըսաւ. «Ասիկա է այն երկիրը, որ դուք վիճակով պիտի ժառանգէք, ինչպէս Տէրը հրամայեց, որ իննուկէս ցեղի տրուի.
14 Քանզի Ռուբէնին որդիներուն ցեղը իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ ու Գադին որդիներուն ցեղը իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ եւ Մանասէին կէս ցեղը իրենց ժառանգութիւնը առին։
15 Այս երկուք ու կէս ցեղը իրենց ժառանգութիւնը առին Երիքովի դէմ Յորդանանի ասդիի կողմը՝ դէպի Արեւելք»։
16 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
17 «Ասոնք են այն մարդոց անունները՝ որոնք երկիրը ժառանգութեան համար պիտի բաժնեն՝ Եղիազար քահանան ու Նաւէին որդին Յեսու
18 Եւ ամէն ցեղէ ալ մէկ իշխան առէ՛ք այն ժառանգութիւնը բաժնելու համար։
19 Եւ այն մարդոց անունները ասոնք են՝ Յուդայի ցեղէն Յեփոնէին որդին Քաղէբ,
20 Շմաւոնի որդիներուն ցեղէն Ամիուդին որդին Սամուէլ,
21 Բենիամինի ցեղէն Քաղսօնին որդին Ելդադ,
22 Դանի որդիներուն ցեղէն իշխան Եգղիին որդին Բոկկի,
23 Յովսէփի որդիներէն Մանասէի որդիներուն ցեղէն իշխան Եփօտին որդին Անիէլ
24 Ու Եփրեմի որդիներուն ցեղէն իշխան Սափաթանին որդին Կամուէլ
25 Եւ Զաբուղոնի որդիներուն ցեղէն իշխան Փառնակին որդին Եղիսափան
26 Եւ Իսաքարի որդիներուն ցեղէն իշխան Ազանի որդին Փաղտիէլ
27 Ու Ասերի որդիներուն ցեղէն իշխան Սելօմիին որդին Աքիուդ
28 Ու Նեփթաղիմի որդիներուն ցեղէն իշխան Ամիուդին որդին Փադայէլ։
29 Ասոնք են այն մարդիկը՝ որոնց Տէրը հրամայեց, որ Քանանի երկրին մէջ Իսրայէլի որդիներուն ժառանգութիւնը բաժնեն»։