ԹՈՒՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36


Գլուխ 13

Անկէ յետոյ ժողովուրդը Ասերովթէն չուեցին ու Փառանի անապատը իջեւան ըրին։
2 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
3 «Մարդիկ ղրկէ որ լրտեսեն Քանանի երկիրը, որ Իսրայէլի որդիներուն պիտի տամ։ Անոնք, իրենց հայրերուն սերունդէն, մէկմէկ իշխան ըլլալու են»։
4 Մովսէս Տէրոջը հրամանին համեմատ ղրկեց զանոնք Փառանի անապատէն։ Անոնք Իսրայէլի որդիներուն գլխաւորներն էին,
5 Որոնց անունները ասոնք են՝
6 Ռուբէնի ցեղէն՝ Զաքուրին որդին Սամուան, Շմաւոնի ցեղէն՝ Քոռիին որդին Սափատը,
7 Յուդայի ցեղէն՝ Յեբոնէին որդին Քաղէբը,
8 Իսաքարի ցեղէն՝ Յովսէփին որդին Իգաղը,
9 Եփրեմի ցեղէն՝ Նաւէին որդին Օսէսը,
10 Բենիամինի ցեղէն՝ Ռափուին որդին Փաղտին,
11 Զաբուղոնի ցեղէն՝ Սուդիին որդին Գեդդիէլը
12 Յովսէփի ցեղէն՝ այսինքն Մանասէի ցեղէն՝ Սուսիի որդին Գադդին,
13 Դանի ցեղէն՝ Գամաղիին որդին Ամիէլը,
14 Ասերի ցեղէն՝ Միքայէլի որդին Սաթուրը
15 Նեփթաղիմի ցեղէն՝ Վափսիին որդին Նաբին,
16 Գադի ցեղէն՝ Մաքքիին որդին Գուէլը։
17 Ասոնք են այն մարդոց անունները, որոնք Մովսէս ղրկեց երկիրը լրտեսելու։ Մովսէս Նաւէին որդիին Օսէսին անունը Յեսու դրաւ
18 Եւ ղրկեց զանոնք Քանանի երկիրը լրտեսելու ու ըսաւ անոնց. «Այս հարաւային կողմէն դէպի վեր երթալով, լեռը ելէ՛ք
19 Եւ այն երկրին ինչպէս ըլլալը ու հոն բնակող ժողովուրդին զօրաւոր կամ տկար, քիչուոր կամ շատուոր ըլլալը տեսէ՛ք
20 Եւ այն երկիրը, ուր անոնք կը բնակին, ինչպէս է, աղէ՞կ է թէ գէշ եւ ի՛նչպէս են այն քաղաքները, ուր անոնք կը բնակին, վրաններէ՞ բաղկացած են թէ պարսպապատ են։
21 Երկի՞րը ինչպէս է, բերրի՞ է թէ անբեր, մէջը ծառեր կա՞ն թէ ոչ։ Ժի՛ր եղէք ու այն երկրին պտուղէն բերէ՛ք»։ Եւ այն օրերը խաղողին հասուննալու ժամանակն էր։
22 Անոնք գացին ու այն երկիրը լրտեսեցին Սին անապատէն մինչեւ Րոոբ դէպի Եմաթ։
23 Հարաւային կողմէն ելան ու դէպի Քեբրոն եկան, ուր կը բնակէին Ենակի որդիները՝ Աքիման, Սէսի եւ Թոլմի։ (Քեբրոն Եգիպտոսի Տայանիս քաղաքէն եօթը տարի առաջ շինուած էր։)
24 Եւ մինչեւ Եսքողի ձորը եկան ու անկէ խաղողի ողկոյզ մը կտրեցին ուռովը մէկտեղ եւ երկու հոգի ձողով վերցուցին զանիկա։ Նուռերէն ու թուզերէն ալ տարին։
25 Իսրայէլի որդիներուն անկէ կտրած ողկոյզին համար այն տեղին անունը Եսքողի ձոր դրուեցաւ։
26 Քառասուն օր յետոյ այն երկիրը լրտեսելէն դարձան
27 Եւ գալով հասան Մովսէսին ու Ահարոնին եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին, Փառանի անապատը՝ Կադէս եւ բոլոր ժողովուրդին լուր բերին եւ երկրին պտուղը ցուցուցին անոնց։
28 Պատմեցին Մովսէսին ու ըսին. «Գացինք այն երկիրը, ուր ղրկեցիր. իրաւցընէ կաթ ու մեղր կը բղխի հոն։ Ահա անոր պտուղը։
29 Բայց այն երկրին մէջ բնակող ժողովուրդը զօրաւոր է եւ քաղաքները պարսպապատ ու խիստ մեծ են. նաեւ հոն Ենակի որդիները տեսանք։
30 Ամաղեկացիները այն երկրին հարաւային կողմը կը բնակին ու Քետացիները եւ Յեբուսացիներն ու Ամօրհացիները լեռները կը բնակին եւ Քանանացիները ծովուն քով ու Յորդանանի եզերքը կը բնակին»։
31 Եւ Քաղէբ ժողովուրդը Մովսէսին առջեւ լռեցուց ու ըսաւ. «Աղէ՜կ, ելլե՛նք ու ժառանգենք զայն. քանզի մենք անշուշտ կրնանք անոր տիրել»։
32 Եւ անոր հետ գացող մարդիկը ըսին. «Մենք այն ժողովուրդին վրայ ելլելու կարող չենք, վասն զի անոնք մեզմէ զօրաւոր են»։
33 Եւ իրենց լրտեսած երկրին համար գէշ լուր բերին Իսրայէլի որդիներուն՝ ըսելով. «Այն երկիրը, որուն մէջէն անցանք լրտեսելու համար, իր բնակիչները ուտող երկիր մըն է եւ անոր մէջի ժողովուրդը, որ մենք տեսանք, յաղթահասակ մարդիկ են
34 Եւ հոն տեսանք հսկաներ, Ենակի որդիները, որ հսկաներ են. այնպէս որ մենք մեր աչքին մարախի պէս երեւցանք եւ այնպէս ալ անոնց աչքին երեւցանք»։