ԹՈՒՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36


Գլուխ 14

Եւ բոլոր ժողովուրդը ձայնը վերցնելով աղաղակեց ու լացաւ այն գիշերը։
2 Իսրայէլի բոլոր որդիները տրտնջեցին Մովսէսին ու Ահարոնին դէմ ու բոլոր ժողովուրդը ըսաւ անոնց. «Երանի՜ թէ Եգիպտոսի երկրին մէջ մեռած ըլլայինք. կամ երանի՜ թէ այս անապատին մէջ մեռած ըլլայինք։
3 Ինչո՞ւ համար Տէրը մեզ այս երկիրը բերաւ, որ սրով իյնանք եւ մեր կիներն ու մեր որդիները յափշտակուին։ Աղէկ չը՞լլար որ Եգիպտոս դառնանք»։
4 Իրարու ըսին. «Մեզի զօրագլուխ մը ընտրենք ու Եգիպտոս դառնանք»։
5 Մովսէս ու Ահարոն իրենց երեսին վրայ ինկան Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին առջեւ։
6 Եւ երկիրը լրտեսողներէն Նաւէին որդին Յեսու ու Յեփոնէին որդին Քաղէբ իրենց հանդերձները պատռեցին
7 Եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին խօսեցան՝ ըսելով. «Այն երկիրը, որուն մէջէն անցանք զանիկա լրտեսելու համար, խիստ լաւ երկիր մըն է
8 Եթէ Տէրը մեզի հաճի, մեզ այն երկիրը տանի եւ զանիկա մեզի տայ, որ կաթ ու մեղր բղխող երկիր մըն է։
9 Միայն թէ Տէրոջը դէմ ապստամբ մի՛ ըլլաք եւ այն երկրին ժողովուրդէն մի՛ վախնաք, քանզի անոնք մեր կերակուրն են. անոնց ապահովութիւնը գացած է իրենց վրայէն ու Տէրը մեզի հետ է։ Անոնցմէ մի՛ վախնաք»։
10 Բայց բոլոր ժողովուրդը ուզեցին քարկոծել զանոնք։ Այն ատեն Տէրոջը փառքը վկայութեան խորանին մէջ բոլոր Իսրայէլի որդիներուն երեւցաւ։
11 Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Այս ժողովուրդը մինչեւ ե՞րբ զիս պիտի արհամարհէ եւ մինչեւ ե՞րբ հակառակ բոլոր հրաշքներուս՝ պիտի չհաւատան ինծի։
12 Ես զանոնք ժանտախտով պիտի զարնեմ ու կորսնցնեմ զանոնք եւ քեզ անոնցմէ աւելի մեծ ու զօրաւոր ազգ մը պիտի ընեմ»։
13 Մովսէս ըսաւ Տէրոջը. «Այն ատեն Եգիպտացիները պիտի լսեն. (քանզի դուն քու ուժովդ այս ժողովուրդը անոնց մէջէն հանեցիր.)
14 Եւ անոնք պիտի պատմեն այս երկրին բնակիչներուն. քանզի անոնք լսած են որ դուն, ո՛վ Տէր, այս ժողովուրդին մէջտեղն ես, որ դուն, ո՛վ Տէր, դէմ առ դէմ կը տեսնուիս եւ որ քու ամպդ անոնց վրայ կը կենայ եւ որ ցորեկը ամպի սիւնով ու գիշերը կրակի սիւնով կը քալես անոնց առջեւէն։
15 Հիմա եթէ այս ժողովուրդը մէկ մարդու պէս մեռցնելու ըլլաս, քու համբաւդ լսող ազգերը պիտի ըսեն՝
16 ‘Տէրը այս ժողովուրդը չկրցաւ տանիլ այն երկիրը, որ անոնց երդումով խոստացած էր, ուստի անապատին մէջ մեռցուց զանոնք’։
17 Եւ հիմա թող իմ Տէրոջս կարողութիւնը մեծ ըլլայ, ինչպէս խոստացար ըսելով՝
18 ‘Տէրը երկայնամիտ է եւ առատ՝ ողորմութիւնով, անօրէնութիւնն ու յանցանքը ներող. բայց յանցաւորը ամենեւին անպարտ չի թողուր, հայրերուն անօրէնութիւնը որդիներուն վրայ՝ մինչեւ երրորդ ու չորրորդ ազգը հատուցանելով’։
19 Կ’աղաչեմ, քու մեծ ողորմութեանդ համեմատ ներէ այս ժողովուրդին անօրէնութիւնը, ինչպէս ներեցիր այս ժողովուրդին Եգիպտոսէն մինչեւ հոս»։
20 Եւ Տէրը ըսաւ. «Քու խօսքիդ համեմատ ներեցի.
21 Բայց կենդանի եմ ես, որ բոլոր երկիր Տէրոջը փառքովը պիտի լեցուի.
22 Քանզի բոլոր այն մարդիկը, որոնք Եգիպտոսի մէջ ու անապատին մէջ իմ փառքս ու իմ ըրած հրաշքներս տեսան եւ մինչեւ հիմա զիս տասը անգամ փորձեցին ու իմ խօսքս մտիկ չըրին,
23 Պիտի չտեսնեն այն երկիրը, որ իրենց հայրերուն տալու երդում ըրի։ Զիս արհամարհողներէն մէ՛կն ալ պիտի չտեսնէ զայն.
24 Բայց որովհետեւ իմ ծառաս Քաղէբ ուրիշ միտք ունեցաւ ու ինծի բոլոր սրտով հնազանդեցաւ՝ ՝, ես ալ զանիկա իր գացած երկիրը պիտի տանիմ եւ անոր սերունդը պիտի ժառանգէ զայն։
25 Քանի որ Ամաղեկացիներն ու Քանանացիները ձորերու մէջ կը նստին, վաղը դարձէ՛ք եւ դէպի անապատը՝ Կարմիր ծովուն ճամբան չուեցէք»։
26 Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով.
27 «Մինչեւ ե՞րբ այս չար ժողովուրդին ինծի դէմ տրտնջելուն համբերեմ. ես լսեցի Իսրայէլի որդիներուն տրտունջը, որ ինծի դէմ կը տրտնջեն։
28 Ըսէ՛ անոնց. ‘Ես կենդանի եմ, կ’ըսէ Տէրը, որ ինչպէս դուք իմ ականջներուս խօսեցաք, այնպէս պիտի ընեմ ձեզի.
29 Ձեր դիակները այս անապատին մէջ պիտի իյնան եւ ձեր բոլոր հաշիւին համեմատ, ձեզմէ բոլոր համրուածները, քսան տարեկանէն վեր եղողները, դուք ամէնքդ, որ ինծի դէմ տրտնջեցիք,
30 Անշուշտ պիտի չմտնէք այն երկիրը՝ որուն մէջ ձեզ բնակեցնելու երդում ըրի՝ ՝, բացի Յեփոնէին որդիէն Քաղէբէն ու Նաւէին որդիէն՝ Յեսուէն։
31 Եւ ձեր որդիները, որոնց համար դուք ըսիք թէ պիտի յափշտակուին, զանոնք պիտի տանիմ եւ ձեր չհաւնած երկիրը անոնք պիտի տեսնեն։
32 Բայց ձեր դիակները այս անապատին մէջ պիտի իյնան։
33 Եւ ձեր որդիները անապատին մէջ քառասուն տարի պիտի մոլորին ու ձեր պոռնկութիւնները կրեն, մինչեւ որ ձեր դիակները անապատին մէջ սպառին’։
34 Ինչպէս երկիրը քառասուն օրուան մէջ լրտեսեցիք, այնպէս ալ այն օրերուն թիւին համեմատ՝ ամէն մէկ օրուան տեղ մէկմէկ տարի սեպելով՝ քառասուն տարի պիտի կրէք ձեր անօրէնութիւնները, որ գիտնաք թէ ձեզմէ հեռացած եմ։
35 Ես Տէրս ըսի, Ինծի դէմ հաւաքուած այդ բոլոր չար ժողովուրդին անշուշտ պիտի ընեմ այս բանը. անոնք այս անապատին մէջ պիտի սպառին ու հոն մեռնին»։
36 Եւ այն մարդիկը, որոնք Մովսէս ղրկեց այն երկիրը լրտեսելու, որոնք դարձան ու երկրին վրայով գէշ լուր հանելով բոլոր ժողովուրդը անոր դէմ տրտնջելու գրգռեցին,
37 Այն մարդիկը, որոնք այն երկրին վրայով գէշ լուր հանեցին, հարուածով մեռան Տէրոջը առջեւ։
38 Բայց Նաւէին որդին Յեսու եւ Յեփոնէին որդին Քաղէբ, որոնք երկիրը լրտեսելու գացող մարդոցմէն էին, ողջ մնացին։
39 Մովսէս այս խօսքերը Իսրայէլի բոլոր որդիներուն ըսաւ ու ժողովուրդը մեծ սուգ ըրաւ։
40 Եւ առտուն կանուխ լերանը գլուխը ելան՝ ըսելով. «Ահա մենք պատրաստ ենք եւ Տէրոջը ըսած տեղը պիտի ելլենք. վասն զի մեղք գործեցինք»։
41 Բայց Մովսէս ըսաւ. «Ինչո՞ւ այդպէս Տէրոջը հրամանէն դուրս կ’ելլէք. այդ բանը պիտի չյաջողի։
42 Մի՛ ելլէք, (քանզի Տէրը ձեր մէջ չէ,) չըլլայ որ ձեր թշնամիներէն ջարդուիք.
43 Վասն զի Ամաղեկացիներն ու Քանանացիները հոն ձեր առջեւ են եւ սրով պիտի իյնաք. դուք Տէրոջմէն ետ դառնալնուդ համար՝ Տէրը ձեզի հետ պիտի չըլլայ»։
44 Բայց անոնք յամառութիւն ընելով՝ լերանը գլուխը ելան. սակայն Տէրոջը ուխտին տապանակն ու Մովսէս բանակատեղիէն չզատուեցան։
45 Այն ատեն այն լերանը վրայ բնակող Ամաղեկացիներն ու Քանանացիները իջան եւ զարկին զանոնք ու հալածեցին զանոնք մինչեւ Հօրմա։