ԹՈՒՈՑ
Գլուխ 28
Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
2 «Պատուիրէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛. ‘Իմ անուշահոտ պատարագներուս ընծայուած հացը՝ որոշուած ատեն ինծի մատուցանեցէք’։
3 Ու անոնց ըսէ՛. ‘Ասոնք են այն պատարագները, որոնք Տէրոջը պիտի մատուցանէք՝ օրը երկու հատ մէկ տարեկան անարատ գառ մշտնջենաւոր ողջակէզի համար։
4 Մէկ գառը առտուն պէտք է մատուցանէք ու միւս գառը՝ իրիկունը։
5 Արդուին մէկ տասներորդ մասը բարակ ալիւրով հացի ընծայ պէտք է ընէք, որ շաղուած պէտք է ըլլայ հիմէնի մը մէկ քառորդ ծեծուած իւղով։
6 Ասիկա Սինա լերանը վրայ սահմանուած մշտնջենաւոր ողջակէզ է, Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ըլլալու համար։
7 Անոր ըմպելի նուէրը մէկ գառին համար՝ հիմէնի մը մէկ չորրորդ մասն ըլլայ, բարկ ըմպելին սուրբ տեղին մէջ ըմպելի նուէր ըրէ Տէրոջը։
8 Միւս գառը իրիկունը մատուցանէ։ Ու առտուան հացի ընծային ու անոր ըմպելի նուէրին պէս ըրէ, Տէրոջը անուշահոտ պատարագ ըլլալու։
9 Բայց շաբաթ օրը մէկ տարեկան երկու անարատ գառ ու իւղով շաղուած երկու տասնորդ բարակ ալիւր հացի ընծայի համար ու անոր ըմպելի նուէրը պէտք է մատուցանէք։
10 Ասիկա մշտնջենաւոր ողջակէզէն ու անոր ըմպելի նուէրէն զատ ամէն շաբաթ օրուան ողջակէզը ըլլալու է։
11 Ձեր ամսագլուխներուն Տէրոջը ողջակէզ պիտի մատուցանէք երկու զուարակ, մէկ խոյ ու եօթը հատ մէկ տարեկան անարատ գառ։
12 Ամէն մէկ զուարակի համար իւղով շաղուած երեք տասնորդ բարակ ալիւր հացի ընծայ եւ մէկ խոյին համար իւղով շաղուած երկու տասնորդ բարակ ալիւր հացի ընծայ,
13 Ամէն մէկ գառին համար իւղով շաղուած մէկմէկ տասնորդ բարակ ալիւր հացի ընծայ պիտի մատուցանէք, Տէրոջը ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագ ըլլալու։
14 Անոնց ըմպելի նուէրնէրը՝ ամէն մէկ զուարակին համար կէս հիմէն ու մէկ խոյին համար հիմէնին մէկ երրորդ մասը եւ ամէն մէկ գառի համար հիմէնին մէկ չորրորդ մասը գինի պիտի ըլլայ։ Ասիկա տարուան բոլոր ամիսներուն համար՝ ամսէ ամիս՝ մատուցուելիք ողջակէզն է։
15 Մշտնջենաւոր ողջակէզէն զատ՝ մեղքի պատարագի համար այծերէն նոխազ մը իր ըմպելի նուէրովը մէկտեղ պիտի մատուցուի Տէրոջը։
16 Առաջին ամսուան տասնըչորրորդ օրը զատիկ է Տէրոջը։
17 Այն ամսուան տասնըհինգերորդ օրը տօն է։ Եօթը օր բաղարջ պիտի ուտուի։
18 Առաջին օրը սուրբ ժողովի օր պիտի ըլլայ։ Բնաւ ծառայութիւն պէտք չէ ընէք։
19 Տէրոջը պատարագ ու ողջակէզ պիտի մատուցանէք՝ երկու զուարակ, մէկ խոյ ու եօթը հատ մէկ տարեկան գառ։ Անարատ ըլլալու են։
20 Անոնց հացի ընծան իւղով շաղուած բարակ ալիւրէ պէտք է ըլլայ. ամէն մէկ զուարակին համար երեք տասնորդ ու մէկ խոյին համար երկու տասնորդ պիտի մատուցանէք։
21 Եօթը գառներէն ամէն մէկ գառի համար մէկ տասնորդ պիտի մատուցանէք։
22 Ձեզի քաւութիւն ընելու համար մէկ նոխազ մեղքի պատարագ պիտի մատուցանէք։
23 Ասոնք մշտնջենաւոր ողջակէզ եղող առտուան ողջակէզէն զատ պիտի մատուցանէք։
24 Այն եօթը օրերուն ամէն մէկ օրը ասոնց պէս Տէրոջը անուշահոտ պատարագ պէտք է ընէք։ Մշտնջենաւոր ողջակէզէն զատ ասիկա ու ասոր ըմպելի նուէրը պիտի մատուցուին։
25 Եօթներորդ օրը սուրբ ժողովի օր պիտի ըլլայ ձեզի, ոեւէ ծառայութիւն պէտք չէ ընէք։
26 Երախայրիներուն օրը, երբ ձեր շաբաթներուն տօնին մէջ Տէրոջը նոր հացի ընծայ մատուցանէք, սուրբ ժողովի օր ըլլայ ձեզի, բնաւ ծառայութիւն պէտք չէ ընէք։
27 Տէրոջը անուշահոտ ողջակէզի համար երկու զուարակ, մէկ խոյ ու մէկ տարեկան եօթը հատ գառ պիտի մատուցանէք։
28 Անոնց հացի ընծան՝ ամէն մէկ զուարակին համար երեք տասնորդ, մէկ խոյին համար երկու տասնորդ,
29 Եօթը գառներէն ամէն մէկ գառի համար մէկ տասնորդ իւղով շաղուած բարակ ալիւր պիտի մատուցանէք։
30 Ձեզի քաւութիւն ընելու համար այծերէն մէկ նոխազ պիտի մատուցանէք։
31 Մշտնջենաւոր ողջակէզէն ու անոր հացի ընծայէն զատ, ասոնք ալ իրենց ըմպելի նուէրներովը պիտի մատուցանէք։ Բայց անարատ ըլլալու են։