ԹՈՒՈՑ
Գլուխ 2
Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով.
2 «Իսրայէլի որդիներուն ամէն մէկը իր դրօշակին քով իրենց հայրերուն տանը նշանովը իջեւան պիտի ընեն. վկայութեան խորանին դէմ շուրջանակի։
3 Առջեւի կողմը՝ դէպի արեւելք իջեւան ընողները Յուդային բանակին զօրքերը թող ըլլան՝ ՝ իրենց գունդերուն կարգովը եւ Ամինադաբի որդին Նաասոնը Յուդային որդիներուն իշխան պիտի ըլլայ։
4 (Եւ անոր համրուած զօրքը եօթանասունըչորս հազար վեց հարիւր հոգի էին։)
5 Եւ անոր քով իջեւան ընողները Իսաքարին ցեղը պիտի ըլլայ եւ Սովգարի որդին Նաթանայէլը Իսաքարի որդիներուն իշխան պիտի ըլլայ։
6 (Եւ անոր համրուած զօրքը յիսունըչորս հազար չորս հարիւր հոգի էին։)
7 Ետքը Զաբուղոնին ցեղը եւ Քեղոնի որդին Եղիաբը Զաբուղոնի որդիներուն իշխան պիտի ըլլայ։
8 (Եւ անոր համրուած զօրքը յիսունըեօթը հազար չորս հարիւր հոգի էին։)
9 (Յուդային բանակին մէջ բոլոր համրուածները, իրենց գունդերուն համեմատ, հարիւր ութսունըվեց հազար չորս հարիւր հոգի էին։) Ասոնք առջեւէն պիտի չուեն։
10 Հարաւային կողմը Ռուբէնին բանակին դրօշակը պիտի ըլլայ իրենց գունդերուն կարգովը եւ Ռուբէնին որդիներուն իշխան՝ Սեդիուրի որդին Եղիսուրը պիտի ըլլայ։
11 (Եւ անոր համրուած զօրքը քառասունըվեց հազար հինգ հարիւր հոգի էին։)
12 Եւ անոր քով իջեւան ընողները Շմաւոնին ցեղը պիտի ըլլայ ու Շմաւոնին որդիներուն իշխան՝ Սուրիսադայի որդին Սաղամիէլը պիտի ըլլայ։
13 (Եւ անոր համրուած զօրքը յիսունըինը հազար երեք հարիւր հոգի էին։)
14 Ու ետքը Գադին ցեղը եւ Գադի որդիներուն իշխան՝ Դագուէլի որդին Եղիսափանը պիտի ըլլայ։
15 (Անոր համրուած զօրքը քառասունըհինգ հազար վեց հարիւր յիսուն հոգի էին։)
16 (Ռուբէնին բանակին մէջ բոլոր համրուածները, իրենց գունդերուն համեմատ, հարիւր յիսունըմէկ հազար չորս հարիւր յիսուն հոգի էին։) Եւ երկրորդ ասոնք պիտի չուեն։
17 Ետքը Ղեւտացիներու բանակին հետ բանակներուն մէջտեղը վկայութեան խորանը պիտի չուէ. ամէն մարդ իր տեղը իրենց դրօշակներուն քով ինչպէս իջեւան ըրին, այնպէս պիտի չուեն։
18 Արեւմտեան կողմը Եփրեմին բանակին դրօշակը պիտի ըլլայ իրենց գունդերուն կարգովը ու Եփրեմի որդիներուն իշխան՝ Ամիուդի որդին Եղիսաման պիտի ըլլայ։
19 (Եւ անոր համրուած զօրքը քառասուն հազար հինգ հարիւր հոգի էին։)
20 Եւ անոր քով Մանասէին ցեղը ու Մանասէին որդիներուն իշխան՝ Փադասուրի իշխան Գամաղիէլը պիտի ըլլայ։
21 (Եւ անոր համրուած զօրքը երեսունըերկու հազար երկու հարիւր հոգի էին։)
22 Ու ետքը Բենիամինին ցեղը եւ Բենիամինին որդիներուն իշխան՝ Գեդէօնին որդին Աբիդանը պիտի ըլլայ։
23 (Եւ անոր համրուած զօրքը երեսունըհինգ հազար չորս հարիւր հոգի էին։)
24 (Եփրեմին բանակին մէջ բոլոր համրուածները, իրենց գունդերուն համեմատ հարիւր ութը հազար հարիւր հոգի էին։) Եւ երրորդ ասոնք պիտի չուեն։
25 Հիւսիսային կողմը Դանին բանակին դրօշակը պիտի ըլլայ իրենց գունդերուն կարգովը եւ Դանի որդիներուն իշխան՝ Ամիսադայի որդին Աքիեզերը պիտի ըլլայ։
26 (Եւ անոր համրուած զօրքը վաթսունըերկու հազար եօթը հարիւր հոգի էին։)
27 Եւ անոր քով իջեւան ընողները Ասերին ցեղը պիտի ըլլայ ու Ասերի որդիներուն իշխան՝ Եքրանի որդին Փագիէլը պիտի ըլլայ։
28 (Եւ անոր համրուած զօրքը քառասունըմէկ հազար հինգ հարիւր հոգի էին։)
29 Ու ետքը Նեփթաղիմին ցեղը ու Նեփթաղիմի որդիներուն իշխան՝ Ենանի որդին Աքիրէն պիտի ըլլայ։
30 (Եւ անոր համրուած զօրքը յիսունըերեք հազար չորս հարիւր հոգի էին։)
31 (Դանին բանակին մէջ բոլոր համրուածները հարիւր յիսունըեօթը հազար վեց հարիւր հոգի էին։) Ասոնք իրենց դրօշակներովը ամենէն վերջը պիտի չուեն»։
32 Իսրայէլի որդիները՝ իրենց հայրերուն տուներովը համրուածները՝ ասոնք են։ Բանակներուն մէջ բոլոր համրուածները իրենց գունդերուն կարգովը վեց հարիւր երեք հազար հինգ հարիւր յիսուն հոգի էին։
33 Բայց Ղեւտացիները չհամրուեցան Իսրայէլի որդիներուն հետ, ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեր էր։
34 Եւ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը Մովսէսին բոլոր պատուիրածին պէս ըրին։ Այսպէս իրենց դրօշակներովը իջեւան կ’ընէին ու այսպէս անոնք ամէն մէկը իրենց տոհմերուն կարգովը եւ իրենց հայրերուն տուներովը կը չուէին։