ԹՈՒՈՑ
Գլուխ 22
Իսրայէլի որդիները չուեցին ու Մովաբի դաշտերուն մէջ Յորդանանի անդիի կողմը՝ Երիքովի դէմ՝ իջեւանեցան։
2 Սեպփօրի որդին Բաղակ տեսաւ այն բոլորը, ինչ որ Իսրայէլ ըրաւ Ամօրհացիներուն։
3 Մովաբ խիստ վախցաւ ժողովուրդէն, վասն զի շատուոր էին ու Մովաբ Իսրայէլի որդիներուն երեսէն տագնապի մէջ էր։
4 Եւ Մովաբ Մադիամի ծերերուն ըսաւ. «Հիմա այս ժողովուրդը պիտի լափեն մեր բոլորտիքը եղած ամէն բան՝ ինչպէս արջառը՝ դաշտին խոտը կը լափէ։ Եւ Սեպփօրի որդին Բաղակ՝ Մովաբի թագաւորը՝
5 Բէովրի որդիին Բաղաամին դեսպաններ ղրկեց Փաթուր քաղաքը, (որուն ժողովուրդին որդիներուն երկիրը, Գետին եզերքն էր,) զանիկա կանչելու եւ ըսելու. «Ահա Եգիպտոսէն ժողովուրդ մը ելաւ ու երկրին երեսը ծածկեց եւ ի դէմս կը նստի,
6 Ուստի կ’աղաչեմ, եկո՛ւր, ինծի համար անիծէ՛ այս ժողովուրդը. քանզի անիկա ինծմէ զօրաւոր է, թերեւս կարող ըլլամ զանիկա զարնել ու երկրէս վռնտել. վասն զի գիտեմ թէ քու օրհնածդ օրհնեալ է եւ քու անիծածդ՝ անիծեալ»։
7 Մովաբի ծերերը ու Մադիամի ծերերը իրենց ձեռքերուն մէջ հմայութեան վարձքերով գացին Բաղաամին ու Բաղակին խօսքերը ըսին անոր։
8 Եւ անիկա ըսաւ անոնց. «Այս գիշեր հոս մնացէք եւ Տէրը ինչ որ ինծի խօսելու ըլլայ, անոր համեմատ պատասխան տամ ձեզի»։ Մովաբի իշխանները Բաղաամին քով մնացին։
9 Աստուած Բաղաամին եկաւ ու ըսաւ. «Որո՞նք են այդ քու քովդ եղած մարդիկը»։
10 Բաղաամ ըսաւ Աստուծոյ. «Մովաբի թագաւորը Սեպփօրեան Բաղակը ասոնք ինծի ղրկեց՝ ըսելով.
11 ‘Ահա Եգիպտոսէն ելլող ժողովուրդը երկրին երեսը ծածկեց. հիմա եկո՛ւր, անիծէ՛ զանիկա ինծի համար, որ թերեւս կարող ըլլամ անոր յաղթել ու զանիկա վռնտել’»։
12 Աստուած ըսաւ Բաղաամին. «Ատոնց հետ մի՛ երթար, ժողովուրդը մի՛ անիծեր. վասն զի անիկա օրհնեալ է»։
13 Բաղաամ առտուն ելաւ ու ըսաւ Բաղակին իշխաններուն. «Դուք ձեր երկիրը գացէք. վասն զի Տէրը չի թողուր որ ձեզի հետ երթամ»։
14 Մովաբի իշխանները ելան ու Բաղակին եկան եւ ըսին. «Բաղաամ մեզի հետ գալ չուզեց»։
15 Բաղակ դարձեալ անոնցմէ աւելի շատ ու աւելի պատուաւոր իշխաններ ղրկեց։
16 Ասոնք Բաղաամին եկան եւ ըսին. «Սեպփօրի որդին Բաղակ այսպէս կ’ըսէ. ‘Կ’աղաչեմ, ինծի գալէ մի՛ հրաժարիր.
17 Քանզի քեզի շատ պատիւ պիտի ընեմ եւ ինծի ինչ որ ըսես՝ պիտի ընեմ, ուստի կ’աղաչեմ, եկո՛ւր, անիծէ՛ այս ժողովուրդը ինծի համար’»։
18 Բաղաամ պատասխան տուաւ ու ըսաւ Բաղակին ծառաներուն. «Եթէ Բաղակ իր տունովը լեցուն արծաթ ու ոսկի ալ տայ ինծի, իմ Տէր Աստուծոյս հրամանին հակառակ չեմ կրնար պզտիկ կամ մեծ բան մը ընել։
19 Արդ, կ’աղաչեմ, այս գիշեր դուք ալ հոս կեցէ՛ք, որպէս զի գիտնամ թէ Տէրը ուրիշ ի՛նչ պիտի ըսէ ինծի»։
20 Եւ Աստուած գիշերը Բաղաամին եկաւ ու ըսաւ անոր. «Եթէ մարդիկը քեզ կանչելու գան, ելի՛ր, անոնց հետ գնա՛. բայց ինչ որ քեզի հրամայեմ, միայն ա՛ն ըրէ»։
21 Բաղաամ առտուն ելաւ ու իր իշուն համետը դրաւ եւ Մովաբի իշխաններուն հետ գնաց։
22 Բայց Աստուծոյ բարկութիւնը բորբոքեցաւ ու Տէրոջը հրեշտակը ճամբուն վրայ կեցաւ իբրեւ անոր թշնամի։ Բաղաամ իր իշուն վրայ հեծած էր ու իր երկու ծառաները իրեն հետ էին։
23 Էշը տեսաւ Տէրոջը հրեշտակը, որ ճամբուն վրայ կեցած էր ու իր ձեռքը մերկ սուր մը ունէր։ Էշը ճամբայէն դարձաւ եւ արտը մտաւ։ Բաղաամ էշը ծեծեց, որպէս զի ճամբան դարձնէ զանիկա։
24 Եւ Տէրոջը հրեշտակը այգիներուն նեղ ճամբուն մէջ կեցաւ, ուր մէկ կողմէն պատ ու միւս կողմէն պատ կար։
25 Երբ էշը Տէրոջը հրեշտակը տեսաւ, պատին քով սեղմուեցաւ եւ Բաղաամին ոտքը պատին ճնշեց։ Ան ալ նորէն ծեծեց զանիկա։
26 Տէրոջը հրեշտակը առաջ գնաց ու նեղ տեղ մը կեցաւ, ուր աջ կամ ձախ կողմը դառնալու ճար չկար։
27 Երբ էշը Տէրոջը հրեշտակը տեսաւ, Բաղաամին տակ կեցաւ։ Բաղաամին բարկութիւնը բորբոքեցաւ եւ գաւազանով ծեծեց էշը։
28 Տէրը իշուն բերանը բացաւ ու անիկա Բաղաամին ըսաւ. «Ի՞նչ ըրի քեզի, որ այսպէս երեք անգամ զիս ծեծեցիր»։
29 Եւ Բաղաամ ըսաւ իշուն. «Զիս ծաղր ընելուդ համար. երանի՜ թէ ձեռքս սուր մը ըլլար, որպէս զի հիմա քեզ մեռցնէի»։
30 Էշը ըսաւ Բաղաամին. «Ես այն քու էշդ չե՞մ, որուն վրայ կը հեծնէիր քու մանկութենէդ՝ ՝ մինչեւ այսօր. այսպէս ընելու սովորութիւն ունէի՞»։ Բաղաամ ըսաւ. «Ո՛չ»։
31 Այն ատեն Տէրը բացաւ Բաղաամին աչքերը ու երբ տեսաւ որ Տէրոջը հրեշտակը ճամբուն վրայ կեցած էր եւ իր ձեռքը մերկ սուր մը ունէր, իր երեսին վրայ ինկաւ ու երկրպագութիւն ըրաւ։
32 Եւ Տէրոջը հրեշտակը ըսաւ անոր. «Ինչո՞ւ այսպէս երեք անգամ էշդ ծեծեցիր. ահա ես քեզի ընդդիմանալու ելայ. վասն զի քու ճամբադ ուղիղ չէ իմ առջեւս։
33 Էշը զիս տեսաւ ու երեք անգամ իմ առջեւէս մէկդի քաշուեցաւ։ Եթէ անիկա իմ առջեւէս մէկդի չքաշուէր, հիմա ես քեզ անշուշտ մեռցուցած պիտի ըլլայի ու զանիկա ողջ թողուցած»։
34 Բաղաամ ըսաւ Տէրոջը հրեշտակին. «Մեղք գործեցի, առանց գիտնալու թէ ճամբուն վրայ ինծի դէմ կեցեր էիր, ուստի եթէ քեզի անհաճոյ կ’երեւնայ իմ երթալս, ետ դառնամ»։
35 Տէրոջը հրեշտակը ըսաւ Բաղաամին. «Գնա՛ այդ մարդոց հետ, բայց այն խօսքը որ քեզի պիտի ըսեմ, միայն այն ըսէ»։ Բաղաամ գնաց Բաղակին իշխաններուն հետ։
36 Եւ Բաղակ երբ լսեց որ Բաղաամ կու գայ, զանիկա դիմաւորելու ելաւ իր սահմանը եղող Առնոն գետին քովի Մովաբացիներու մէկ քաղաքը, որ սահմանին ծայրն է։
37 Եւ Բաղակ ըսաւ Բաղաամին. «Յատկապէս քեզ կանչելու համար չղրկեցի՞. ինչո՞ւ չեկար ինծի. արդեօք քեզի պատիւ ընելու կարողութիւն չունի՞մ»
38 Բաղաամ ըսաւ Բաղակին. «Ահա ես քեզի եկայ. բայց ես զօրութիւն ունի՞մ բան մը ըսելու։ Աստուած իմ բերանս ինչ խօսք որ դնէ, զայն պիտի խօսիմ»։
39 Եւ Բաղաամ Բաղակին հետ գնաց ու Կարիաթ-Հուսովթ եկան։
40 Եւ Բաղակ արջառներ ու ոչխարներ մորթեց ու Բաղաամին եւ անոր հետ եղող իշխաններուն ղրկեց։
41 Առտուն Բաղակ առաւ Բաղաամը եւ Բահաղի բարձր տեղերը հանեց զանիկա ու անկէ ժողովուրդին ծայրը ցուցուց։