ԹՈՒՈՑ
Գլուխ 17
Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
2 «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու անոնցմէ իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ մէկմէկ գաւազան, այսինքն իրենց հայրերուն տուներուն բոլոր իշխաններէն տասներկու գաւազան ա՛ռ. ամէն մարդու անունը իր գաւազանին վրայ գրէ՛։
3 Ահարոնին անունը Ղեւիի գաւազանին վրայ գրէ՛. վասն զի անոնց հայրերուն տանը իշխանին համար մէկ գաւազան պիտի ըլլայ
4 Եւ զանոնք վկայութեան խորանին առջեւ դի՛ր, ուր ձեզի պիտի հանդիպիմ։
5 Եւ իմ ընտրած մարդուս գաւազանը պիտի ծաղկի ու այն ատեն ինծմէ պիտի դադրեցնեմ Իսրայէլի որդիներուն տրտունջը՝ որոնք կը տրտնջէին ձեզի դէմ»։
6 Մովսէս ըսաւ Իսրայէլի որդիներուն ու անոնց բոլոր իշխանները իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ տասներկու գաւազան տուին իրեն, ամէն մէկ իշխանի համար մէկ գաւազան եւ Ահարոնին գաւազանն ալ անոնց գաւազաններուն մէջ էր։
7 Գաւազանները Տէրոջը առջեւ դրաւ վկայութեան խորանին մէջ։
8 Հետեւեալ օրը Մովսէս վկայութեան խորանը մտաւ եւ ահա Ղեւիին տանը կողմէն տրուած Ահարոնին գաւազանը ծաղկեցաւ ու ծլեցաւ եւ ծաղիկ բացաւ ու նուշեր հասցուց։
9 Եւ Մովսէս բոլոր գաւազանները Տէրոջը առջեւէն դուրս հանեց Իսրայէլի բոլոր որդիներուն առջեւ ու անոնք տեսան եւ ամէն մէկը իր գաւազանը առաւ։
10 Եւ Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ահարոնին գաւազանը վկայութեան առջեւ ետ դարձուր, որպէս զի ապստամբներուն նշան ըլլալու համար պահուի ու անոնց տրտունջը ինծմէ վերցո՛ւր, որպէս զի չմեռնին»։
11 Եւ Մովսէս Տէրոջը պատուիրածին պէս ըրաւ։
12 Եւ Իսրայէլի որդիները խօսեցան Մովսէսին՝ ըսելով. «Ահա կը մեռնինք, կը կորսուինք. մենք ամէնքս կը կորսուինք.
13 Ամէն ով որ Տէրոջը վկայութեան խորանին մօտենայ՝ կը մեռնի. ամէնքս ալ պիտի մեռնի՞նք»։