ԹՈՒՈՑ
Գլուխ 3
Ահարոնին ու Մովսէսին ազգաբանութիւնը այս է՝ Տէրոջը Մովսէսին հետ Սինա լերանը վրայ խօսած օրը։
2 Ահարոնին որդիներուն անունները ասոնք են՝ անդրանիկը Նադաբ եւ Աբիուդ, Եղիազար ու Իթամար։
3 Ասոնք էին Ահարոնին որդիներուն՝ քահանաներուն՝ անունները, որոնք օծուած եւ օրհնուած էին քահանայութիւն ընելու։
4 Նադաբ ու Աբիուդ Սինայի անապատին մէջ Տէրոջը առջեւ օտար կրակ մատուցանած ատեննին մեռան Տէրոջը առջեւ ու անոնք որդի չունէին, իսկ Եղիազար ու Իթամար իրենց հօրը Ահարոնին առջեւ քահանայութիւն ըրին։
5 Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
6 «Ղեւիին ցեղը մօտեցուր ու զանոնք Ահարոն քահանային առջեւ կեցուր, որպէս զի անոր սպասաւորութիւն ընեն։
7 Անոր ու բոլոր ժողովուրդին պահպանութիւնը կատարեն վկայութեան խորանին առջեւ, երբ խորանին կը ծառայեն։
8 Եւ վկայութեան խորանին բոլոր կարասիներն ու Իսրայէլի որդիներուն պահպանութիւնը պիտի կատարեն՝ խորանին ծառայելով։
9 Եւ Ահարոնին ու անոր որդիներուն պէտք է տաս Ղեւտացիները. ասոնք Իսրայէլի որդիներէն բոլորովին անոր տրուած են։
10 Եւ Ահարոնն ու անոր որդիները իրենց քահանայական պաշտօնը կատարելու պէտք է կարգես, բայց մօտեցող օտարականը պիտի մեռցուի»։
11 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
12 «Եւ ես ահա Իսրայէլի որդիներուն մէջէն Ղեւտացիները առի, Իսրայէլի որդիներուն մէջ ամէն մօրը արգանդը բացող անդրանիկին տեղը, ուստի Ղեւտացիները իմս պիտի ըլլան։
13 Քանզի ամէն անդրանիկ իմս է. երբ Եգիպտոսի մէջ բոլոր անդրանիկները զարկի, Իսրայէլի բոլոր անդրանիկները, մարդէն մինչեւ անասուն, սրբեցի ինծի համար։ Անոնք իմս պիտի ըլլան։ Ես եմ Տէրը»։
14 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին Սինայի անապատին մէջ՝ ըսելով.
15 «Համրէ Ղեւիին որդիները իրենց հայրերուն տուներուն եւ իրենց ազգատոհմերուն նայելով. մէկ ամսականէն վեր եղող ամէն արու պէտք է համրես»։
16 Մովսէս Տէրոջը խօսքին համեմատ համրեց զանոնք, ինչպէս իրեն պատուիրուեցաւ։
17 Եւ Ղեւիին որդիները իրենց անուններովը ասոնք էին՝ Գերսոն եւ Կահաթ ու Մերարի։
18 Գերսոնին որդիներուն անունները իրենց տոհմերովը ասոնք են՝ Ղոբենի ու Սեմէի։
19 Եւ Կահաթին որդիները իրենց տոհմերովը՝ Ամրամ եւ Իսահառ, Քեբրոն ու Ոզիէլ էին։
20 Եւ Մերարիին որդիները իրենց տոհմերովը Մոողի ու Մուսի էին։ Ղեւտացիներուն տոհմերը իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ ասոնք էին։
21 Գերսոնէն Ղոբենեաններու տոհմը եւ Սեմէեաններու տոհմը եղաւ. Գերսոնեաններու տոհմը ասոնք են։
22 Ասոնցմէ համրուածները, մէկ ամսականէն վեր եղող բոլոր արուները, եօթը հազար հինգ հարիւր էին։
23 Գերսոնեաններու տոհմերը խորանին ետեւի կողմը դէպի արեւմուտք իջեւան պիտի ընեն։
24 Եւ Գերսոնեաններուն հօրը տանը իշխանը Լայէլի որդին Եղիասափը պիտի ըլլայ։
25 Եւ վկայութեան խորանին մէջ Գերսոնին որդիներուն պահպանութեանը յանձնուած բաները ասոնք են՝ խորանն ու վրանը, անոր ծածկոցը եւ վկայութեան խորանին դրանը վարագոյրը,
26 Խորանին եւ սեղանին բոլորտիքը եղած սրահին դրանը վարագոյրը եւ անոր բոլոր գործերուն համար պէտք եղած չուանները։
27 Կահաթէ Ամրամեաններուն տոհմն ու Իսահառեաններուն տոհմը եւ Քեբրոնեաններուն տոհմն ու Ոզիէլեաններուն տոհմը։ Կահաթեաններուն տոհմերը ասոնք են՝
28 Մէկ ամսականէն վեր եղող բոլոր արուները ութը հազար վեց հարիւր հոգի էին, որոնք սրբարանին պահպանութիւնը կ՛ընէին։
29 Կահաթին որդիներուն տոհմերը խորանին հարաւային կողմը իջեւան պիտի ընեն։
30 Եւ Կահաթեաններուն տոհմերուն հօրը տանը իշխանը Ոզիէլի որդին Եղիսափանը պիտի ըլլայ։
31 Եւ անոնց պահպանութեանը յանձնուած բաները ասոնք են՝ տապանակն ու առաջաւորութեան հացին սեղանը եւ աշտանակն ու սեղանները եւ սրբարանին գործիքները, որոնցմով պաշտամունք կը կատարեն եւ վարագոյրն ու անոր վերաբերեալ բոլոր բաները։
32 Եւ Ղեւտացիներու իշխաններուն իշխանը՝ Ահարոն քահանային որդին Եղիազարը պիտի ըլլայ, որ սրբարանին պահպանութիւնը ընողներուն վրայ վերակացու պիտի ըլլայ։
33 Եւ Մերարիէ Մոողեաններուն տոհմը եւ Մուսեաններուն տոհմը եղաւ. ասոնք են Մերարիին տոհմերը։
34 Անոնց համրուածները, մէկ ամսականէն վեր եղող բոլոր արուները, վեց հազար երկու հարիւր հոգի էին։
35 Եւ Մերարեաններուն տոհմերուն հօրը տանը իշխանը Աբիքէլի որդին Սուրիէլը պիտի ըլլայ։ Ասոնք խորանին հիւսիսային կողմը իջեւան պիտի ընեն։
36 Եւ Մերարիին որդիներուն պահպանութեանը յանձնուած բաները ասոնք են՝ խորանին տախտակներն ու անոր նիգերը եւ սիւներն ու խարիսխները եւ անոր բոլոր գործիքներն ու անոր վերաբերեալ բոլոր բաները
37 Եւ շուրջանակի սրահին սիւները, անոնց խարիսխները եւ ցիցերն ու անոնց չուանները։
38 Խորանին առջեւի կողմը, այսինքն վկայութեան խորանին աեջեւ դէպի արեւելք, իջեւան ընողները Մովսէսն ու Ահարոնը եւ անոր որդիները պէտք է ըլլան, որ սրբարանին եւ Իսրայէլի որդիներուն պահպանութիւնը պիտի ընեն, բայց անոր մօտեցող ոեւէ օտարական պէտք է մեռցուի։
39 Բոլոր համրուած Ղեւտացիներուն, որոնք իրենց տոհմերովը Տէրոջը խօսքին համեմատ Մովսէսն ու Ահարոնը համրեցին, մէկ ամսականէն վեր եղող բոլոր արուները քսանըերկու հազար էին։
40 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Իսրայէլի որդիները մէկ ամսականէն վեր եղող բոլոր անդրանիկ արուները համրէ ու անոնց թիւը անուններով առ։
41 Եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր անդրանիկներուն փոխարէն՝ Ղեւտացիները ա՛ռ ինծի համար։ Ես եմ Տէրը։ Ղեւտացիները՝ Իսրայէլի որդիներուն անասուններուն բոլոր անդրանիկներուն տեղ»։
42 Մովսէս համրեց Իսրայէլի որդիներուն բոլոր անդրանիկները, ինչպէս Տէրը իրեն պատուիրած էր։
43 Բոլոր անդրանիկները իրենց անուններով, մէկ ամսականէն վեր համրուողները, քսանըերկու հազար երկու հարիւր եօթանասունըերեք հոգի էին։
44 Եւ Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
45 «Իսրայէլի որդիներուն մէջ բոլոր անդրանիկներուն տեղ Ղեւտացիներուն անասունները առ, որպէս զի Ղեւտացիները իմս ըլլան։ Ես եմ Տէրը։
46 Եւ Ղեւտացիներուն թիւէն աւելցած՝ Իսրայէլի որդիներուն երկու հարիւր եօթանասունըերեք անդրանիկներուն փրկանք ըլլալու համար,
47 Մարդ գլուխ հինգ սիկղ առ՝ սրբարանին սիկղին համեմատ։ Մէկ սիկղը քսան կերատ է։
48 Եւ անոնց մէջ աւելցածներուն փրկանքին ստակը Ահարոնին ու անոր որդիներուն տո՛ւր»։
49 Եւ Մովսէս Ղեւտացիներով փրկուածներուն աւելցածներէն փրկանքին ստակը առաւ։
50 Իսրայէլի որդիներուն անդրանիկներէն սրբարանին սիկղին համեմատ՝ հազար երեք հարիւր վաթսունըհինգ սիկղ արծաթ առաւ։
51 Մովսէս Տէրոջը խօսքին պէս՝ փրկուածներուն ստակը Ահարոնին ու անոր որդիներուն տուաւ՝ ինչպէս Տէրը իրեն պատուիրեր էր։