ԹՈՒՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36


Գլուխ 10

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
2 «Քեզի երկու հատ արծաթէ փող շինէ՛. կռածոյ շինէ զանոնք, որպէս զի ժողովուրդը կանչելու համար ու բանակներուն չուելուն համար գործածես։
3 Երբ զանոնք հնչեցնեն, բոլոր ժողովուրդը քովդ պիտի հաւաքուի վկայութեան խորանին դուռը։
4 Եւ եթէ փողին մէկը հնչեցնեն, իշխանները, Իսրայէլի հազարապետները, քովդ պէտք է հաւաքուին։
5 Եւ երբ ազդարարութեան համար հնչեցնէք, արեւելքը իջեւանող բանակները պիտի չուեն։
6 Ու երբ երկրորդ անգամ ազդարարութեան փողը հնչեցնէք, հարաւային կողմը իջեւան ընող բանակները պիտի չուեն։ Անոնց չուելուն համար ազդարարութեան փողը պէտք է հնչեցնեն։
7 Եւ երբ ժողովուրդը հաւաքելու ըլլաք, փող պիտի հնչեցնէք, բայց ազդարարութիւն մի՛ ընէք։
8 Ահարոնին որդիները՝ քահանաները՝ պէտք է փողը հնչեցնեն եւ ասիկա ձեր սերունդներուն մէջ յաւիտենական կանոն թող ըլլայ։
9 Եթէ պատերազմելու երթաք ձեր երկրին մէջ ձեզի նեղութիւն տուող թշնամիին դէմ, փողերով ազդարարութիւն պէտք է ընէք, որպէս զի յիշուիք Տէրոջը՝ ձեր Աստուծոյն առջեւ եւ ձեր թշնամիներէն ազատուիք։
10 Ձեր ուրախութեան օրերուն ու ձեր տօներուն եւ ձեր ամսագլուխներուն մէջ փողերը պէտք է հնչեցնէք ձեր ողջակէզներուն վրայ ու ձեր խաղաղութեան զոհերուն վրայ, որպէս զի ձեզի յիշատակի համար ըլլան ձեր Աստուծոյն առջեւ։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը»։
11 Երկրորդ տարուան երկրորդ ամսուան քսաներորդ օրը վկայութեան խորանին վրայէն ամպը վեր ելաւ։
12 Իսրայէլի որդիները իրենց իջեւանին՝ Սինայի անապատէն չուեցին ու ամպը Փառանի անապատին մէջ կեցաւ։
13 Մովսէսին միջոցով տրուած Տէրոջը հրամանին պէս չուեցին։
14 Առաջ Յուդայի որդիներուն բանակին դրօշակը չուեց իրենց գունդերուն կարգովը ու անոր գունդին վրայ Ամինադաբին որդին Նաասոնն էր։
15 Եւ Իսաքարի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Սովգարին որդին Նաթանայէլն էր։
16 Զաբուղոնի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Քեղոնին որդին Եղիաբն էր։
17 Եւ խորանը վար իջեցուցին ու խորանը վերցնող Գերսոնին որդիները եւ Մերարիին որդիները չուեցին։
18 Ռուբէնին բանակին դրօշակը չուեց իրենց գունդերուն կարգովը ու անոր գունդին վրայ Սեդիուրին որդին Եղիսուրն էր։
19 Եւ Շմաւոնի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Սուրիսադային որդին Սաղամիէլն էր
20 Եւ Գադի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Դագուէլին որդին Եղիասափն էր։
21 Եւ սրբարանը վերցնող Կահաթացիները չուեցին ու խորանը կը կեցնէին մինչեւ անոնց գալը։
22 Եւ Եփրեմի որդիներուն բանակին դրօշակը չուեց իրենց գունդերուն կարգովը ու անոր գունդին վրայ Ամիուդին որդին Եղիսաման էր։
23 Եւ Մանասէի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Փադասուրին որդին Գամաղիէլն էր։
24 Եւ Բենիամինի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Գեդէօնիին որդին Աբիդանն էր։
25 Եւ Դանի որդիներուն բանակին դրօշակը իրենց գունդերուն կարգովը բոլոր բանակներուն ետեւէն չուեց՝ ՝ ու անոր գունդին վրայ Ամիսադային որդին Աքիեզերն էր։
26 Եւ Ասերի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Եքրանին որդին Փագիէլն էր։
27 Եւ Նեփթաղիմի որդիներուն ցեղին գունդին վրայ Ենանին որդին Աքիրէէն էր։
28 Իսրայէլի որդիները այս կարգով պիտի չուէին իրենց գունդերով։
29 Մովսէս իր աներոջ, այսինքն Մադիանացի Ռագուէլին որդիին Յոբաբին ըսաւ. «Մենք կը չուենք այն տեղը՝ որուն համար Տէրը ըսաւ թէ՝ ‘Ձեզի պիտի տամ’. մեզի հետ եկո՛ւր ու բարիք պիտի ընենք քեզի. վասն զի Տէրը Իսրայէլի բարիք խոստացաւ՝ ՝»։
30 Եւ աները ըսաւ անոր. «Չեմ երթար, այլ իմ երկիրս ու իմ ազգականներուս պիտի երթամ»։
31 Եւ Մովսէս ըսաւ. «Շնորհք ըրէ՛, մեզ մի՛ թողուր. քանզի անապատին մէջ մեր իջեւան ընելու տեղերը գիտես ու մեզի առաջնորդ եղիր։
32 Եթէ մեզի հետ երթալու ըլլաս, ինչ բարութիւն որ Տէրը մեզի ընէ, մենք ալ քեզի նոյն բարութիւնը պիտի ընենք»։
33 Անոնք Տէրոջը լեռնէն երեք օրուան ճամբայ չուեցին ու Տէրոջը ուխտին տապանակը երեք օրուան ճամբայով անոնց առջեւէն կ’երթար, անոնց հանգստանալու տեղ գտնելու համար։
34 Եւ երբ բանկատեղիէն կը չուէին, Տէրոջը ամպը ցորեկը անոնց վրայ էր։
35 Տապանակին չուելու ատենը Մովսէս կ’ըսէր. «Ելի՛ր, ով Տէ՛ր ու քու թշնամիներդ թող ցրուին ու քեզ ատողները առջեւէդ փախչին»։
36 Եւ անոր կենալու ատենը ինք կ’ըսէր. «Ո՛վ Տէր, Իսրայէլի հազարաւոր բիւրաւորներուն դարձի՛ր»։