ԹՈՒՈՑ
Գլուխ 1
Տէրը Մովսէսին խօսեցաւ Սինայի անապատը վկայութեան խորանին մէջ՝ անոնց Եգիպտոսի երկրէն ելլելուն երկրորդ տարուան երկրորդ ամսուան առաջին օրը՝ ըսելով.
2 «Առէ՛ք Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին գումարը իրենց ազգատոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ՝ ամէն մէկ արուն առանձինն համրելով։
3 Դուն ու Ահարոն բոլոր Իսրայէլի մէջ քսան տարեկանէն վեր պատերազմելու կարող եղողները՝ ՝ իրենց գունդերուն համեմատ պիտի համրէք։
4 Եւ ձեզի հետ ամէն ցեղէն մէկմէկ մարդ առէք, որ անոնց ամէն մէկը իր հօրը տանը իշխանը ըլլայ։
5 Եւ ձեզի հետ կենալու մարդոց անունները ասոնք են՝
6 Ռուբէնէն Սեդիուրի որդին Եղիսուրը, Շմաւոնէն Սուրիսադայի որդին Սաղամիէլը,
7 Յուդայէն Ամինադաբի որդին Նաասոնը,
8 Իսաքարէն Սովգարի որդին Նաթանայէլը,
9 Զաբուղոնէն Քեղոնի որդին Եղիաբը,
10 Յովսէփին որդիներէն՝ Եփրեմէն Ամիուդի որդին Եղիսաման, Մանասէէն Փադասուրի որդին Գամաղիէլը,
11 Բենիամինէն Գեդէօնի որդին Աբիդան,
12 Դանէն Ամիսադայի որդին Աքիեզերը,
13 Ասերէն Եքրանի որդին Փաքիէլը,
14 Գադէն Դագուէլի որդին Եղիասափը,
15 Նեփթաղիմէն Ենանի որդին Աքիրէն»։
16 Ասոնք էին ժողովուրդին երեւելիները, իրենց հայրերուն սերունդէն իշխանները, Իսրայէլի հազարապետները։
17 Մովսէս ու Ահարոն՝ իրենց անուններովը՝ յիշուած մարդիկը առին
18 Եւ երկրորդ ամսուան առաջին օրը բոլոր ժողովուրդը հաւաքեցին, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ՝ քսան տարեկանէն վեր ամէնքը մէկ մէկ համրուելով իրենց անուններուն թիւովը արձանագրուեցան։
19 Ինչպէս Տէրը Մովսէսին պատուիրեց։ Անիկա Սինայի անապատին մէջ այնպէս համրեց զանոնք։
20 Իսրայէլի անդրանիկ որդիին Ռուբէնին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, բոլոր արուները, իրենց անուններուն թիւովը։
21 Ռուբէնին ցեղէն համրուածները քառասունըվեց հազար հինգ հարիւր հոգի էին։
22 Շմաւոնին որդիները՝ իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ՝ քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, բոլոր արուները, իրենց անուններուն թիւովը։
23 Շմաւոնին ցեղէն համրուածները յիսունըինը հազար երեք հարիւր հոգի էին։
24 Գադին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։
25 Գադին ցեղէն համրուածները քառասունըհինգ հազար վեց հարիւր յիսուն հոգի էին։
26 Յուդային որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։
27 Յուդային ցեղէն համրուածները եօթանասունըչորս հազար վեց հարիւր հոգի էին։
28 Իսաքարին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։
29 Իսաքարին ցեղէն համրուածները յիսունըչորս հազար չորս հարիւր հոգի էին։
30 Զաբուղոնին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։
31 Զաբուղոնին ցեղէն համրուածները յիսունըեօթը հազար չորս հարիւր հոգի էին։
32 Յովսէփին որդիներէն Եփրեմին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։
33 Եփրեմին ցեղէն համրուածները քառասուն հազար հինգ հարիւր հոգի էին։
34 Մանասէին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։
35 Մանասէին ցեղէն համրուածները երեսունըերկու հազար երկու հարիւր հոգի էին։
36 Բենիամինին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։
37 Բենիամինին ցեղէն համրուածները երեսունըհինգ հազար չորս հարիւր հոգի էին։
38 Դանին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները իրենց անուններուն թիւովը
39 Դանին ցեղէն համրուածները վաթսունըերկու հազար եօթը հարիւր հոգի էին։
40 Ասերին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։
41 Ասերին ցեղէն համրուածները քառասունըմէկ հազար հինգ հարիւր հոգի էին։
42 Նեփթաղիմին որդիները իրենց սերունդովը, իրենց տոհմերուն ու իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները, իրենց անուններուն թիւովը։
43 Նեփթաղիմին ցեղէն համրուածները յիսունըերեք հազար չորս հարիւր հոգի էին։
44 Ասոնք են այն համրուածները, որոնք Մովսէս, Ահարոն ու Իսրայէլի իշխանները համրեցին. այս իշխանները տասներկու մարդիկ էին։ Ամէն մէկը իր հօրը տանը կողմէն։
45 Այսպէս Իսրայէլի որդիները՝ ամէնքը իրենց հայրերուն տուներուն համեմատ, Իսրայէլի մէջ քսան տարեկանէն վեր բոլոր պատերազմելու կարող եղողները համրուեցան։
46 Եւ բոլոր համրուածները վեց հարիւր երեք հազար հինգ հարիւր յիսուն հոգի էին։
47 Բայց Ղեւտացիները իրենց հայրերուն սերունդովը ասոնց հետ չհամրուեցան։
48 Քանզի Տէրը խօսեր էր Մովսէսին ըսելով.
49 «Միայն Ղեւտացիներուն ցեղը պիտի չհամրես եւ Իսրայէլի որդիներուն վրայ անոնց գումարը պիտի չաւելցնես.
50 Բայց դուն Ղեւտացիները վկայութեան խորանին ու անոր բոլոր բաներուն վերակացու դիր. անոնք պիտի վերցնեն խորանը ու անոր բոլոր կարասիները եւ անոր սպասաւորութիւնը անոնք պիտի ընեն ու խորանին բոլորտիքը անոնք պիտի բնակին։
51 Եւ խորանին չուելու ատենը Ղեւտացիները վար պիտի առնեն զայն ու խորանին իջեւանը ընելու ատենը Ղեւտացիները պիտի կանգնեցնեն զայն եւ անոր մօտեցող օտարականը պէտք է մեռցուի։
52 Եւ Իսրայէլի որդիները իրենց գունդերովը ամէն մէկը իր բանակին քով ու ամէն մէկը իր դրօշակին քով իջեւան թող ընեն։
53 Բայց Ղեւտացիները վկայութեան խորանին բոլորտիքը պէտք է բանակին, որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն ժողովուրդին վրայ բարկութիւն չգայ ու Ղեւտացիները վկայութեան խորանին պահպանութիւնը ընեն»։
54 Եւ Իսրայէլի որդիները Տէրոջը Մովսէսին բոլոր պատուիրածները ըրին։ Այնպէս ըրին։