ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27


Գլուխ 27

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
2 «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ անոնց. Երբ մէկը ուխտ ընելու ըլլայ, անձերուն գինը քու գնահատածիդ պէս՝ Տէրոջը պէտք է ըլլայ։
3 Եւ քու որոշած գինդ այսպէս պիտի ըլլայ՝ Քսան տարեկանէն մինչեւ վաթսուն տարեկան եղող արուին որոշուած գինը, սրբարանին սիկղին համեմատ, յիսուն սիկղ արծաթ պէտք է ըլլայ
4 Եւ եթէ էգ է, քու որոշած գինդ երեսուն սիկղ պէտք է ըլլայ։
5 Եւ եթէ հինգ տարեկանէն մինչեւ քսան տարեկան է, այն ատեն արուին համար քու որոշած գինդ՝ քսան սիկղ ու էգին համար տասը սիկղ պէտք է ըլլայ։
6 Եւ եթէ մէկ ամսականէն մինչեւ հինգ տարեկան ըլլայ, այն ատեն արուին համար որոշած գինդ՝ հինգ սիկղ արծաթ ու էգին համար որոշած գինդ երեք սիկղ արծաթ պէտք է ըլլայ։
7 Եւ եթէ վաթսուն տարեկանէն վեր ըլլայ, արուին համար քու որոշած գինդ՝ տասնըհինգ սիկղ ու էգին համար տասը սիկղ պէտք է ըլլայ։
8 Եւ եթէ քու որոշած գինդ անոր կարողութենէն վեր ըլլայ, անիկա քահանային առջեւ պիտի ելլէ ու անոր գինը քահանան թող որոշէ։ Քահանան ուխտ ընողին կարողութեանը նայելով՝ անոր գինը թող որոշէ։
9 Եւ եթէ իր ուխտը Տէրոջը զոհ մատուցանելու անասուններէն է, անոնցմէ ինչ որ Տէրոջը տայ, սուրբ պիտի ըլլայ
10 Ինք թող չփոխէ զայն, աղէկը՝ գէշին հետ կամ գէշը աղէկին հետ թող չփոխէ եւ եթէ անասունը անասունի հետ փոխելու ըլլայ, այն ատեն այն ընծայուածը ու անոր հետ փոխուածը սուրբ թող ըլլայ։
11 Եւ եթէ իր ուխտը Տէրոջը զոհ մատուցանելու անյարմար անմաքուր անասուններէն ըլլայ, այն ատեն քահանային առջեւ թող հանէ այն անասունը
12 Ու քահանան անոր աղէկ կամ գէշ ըլլալուն նայելով՝ թող գին որոշէ. քահանան ինչ գին որ որոշէ, այնպէս թող ըլլայ։
13 Իսկ եթէ զանիկա ազատելու ըլլայ, այն ատեն որոշուած գնին վրայ մէկ հինգերորդ մաս պէտք է աւելցնէ։
14 Ու երբ մարդ մը իր տունը Տէրոջը սուրբ ըլլալու համար ընծայէ, այն ատեն քահանան անոր աղէկ կամ գէշ ըլլալուն նայելով՝ գին թող որոշէ. քահանան անոր ինչ գին որ որոշէ, այնպէս պէտք է ըլլայ։
15 Եթէ ընծայողը տունը ետ առնել ուզէ, որոշուած գնին մէկ հինգերորդը պէտք է աւելցնէ, որ կարենայ տունը առնել։
16 Եւ եթէ մարդ մը իր սեփական արտէն ընծայելու ըլլայ Տէրոջը, այն ատեն քու որոշած գինդ անոր սերմին համեմատ պէտք է ըլլայ. մէկ քոռ գարիին սերմին համար՝ յիսուն սիկղ արծաթ։
17 Եթէ իր արտը Յոբելեան տարիէն ընծայէ, քու որոշած գնիդ պէս թող մնայ։
18 Եւ եթէ իր արտը Յոբելեան տարիէն ետքը ընծայէ, քահանան անոր հետ՝ ստակը մինչեւ Յոբելեան տարիին մնացած տարիները՝ հաշիւ ընելով՝ քու որոշած գնէդ վար պէտք է իջեցնէ։
19 Իսկ եթէ արտը ընծայողը ուզէ ետ առնել, այն ատեն քու որոշած գնիդ ստակին վրայ մէկ հինգերորդ մաս թող աւելցնէ ու այն արտը իրեն փոխանցուի։
20 Եւ եթէ արտը ետ չառնէ, կամ արտը ուրիշի մը ծախած ըլլայ, պիտի չկրնայ ետ առնել.
21 Հապա երբ արտը Յոբելեան տարիին մէջ դառնայ, նուիրուած արտի պէս սուրբ պիտի ըլլայ Տէրոջը։ Ան քահանային կալուածը պիտի ըլլայ։
22 Եւ եթէ մէկը Տէրոջը ընծայէ իր ծախու առած արտը, որ իր սեփական արտէն չէ,
23 Այն ատեն քահանան անոր հետ քու որոշած գնիդ հաշիւը թող ընէ մինչեւ Յոբելեան տարին եւ այն օրը քու որոշած գինդ սուրբ բանի պէս պէտք է տայ Տէրոջը։
24 Յոբելեան տարին, արտը՝ ծախողին, այսինքն որու որ կը վերաբերէր գետինը, անոր պիտի դառնայ։
25 Եւ քու բոլոր որոշած գիներդ սրբարանին սիկղին համեմատ պէտք է որոշուած ըլլան. սիկղը քսան կերատ հաշուելով։
26 Միայն թէ անասուններուն անդրանիկը, ամենէն առաջ ծնած ըլլալուն Տէրոջը ըլլալով, մէկը պէտք չէ ընծայէ զայն. արջառ ըլլայ թէ ոչխար, ան Տէրոջն է։
27 Եւ եթէ անմաքուր անասուններէն է, քու որոշած գնիդ համեմատ կրնայ ետ առնել զայն, բայց վրան մէկ հինգերորդ մաս պէտք է աւելցնէ։ Եթէ ետ առնել չուզէ՝ քու որոշած գնովդ թող ծախուի։
28 Բայց մարդու մը՝ իր բոլոր ունեցած մարդոցմէն եւ անասուններէն ու իր կալուածքին արտէն՝ Տէրոջը նուիրածը պիտի չծախուի ու չփրկուի. ամէն նուէր սուրբ է Տէրոջը։
29 Մարդոցմէ նուիրուած նուէր մը բնաւ պիտի չփրկուի, հապա անշուշտ պիտի մեռցուի։
30 Երկրին բոլոր տասանորդը՝ թէ՛ երկրին հունտերէն, թէ՛ ծառերուն պտուղէն՝ Տէրոջն է. անիկա սուրբ է Տէրոջը։
31 Եւ եթէ մարդ մը իր տասանորդներէն մաս մը ետ առնել ուզէ, անոր վրայ մէկ հինգերորդ մաս թող աւելցնէ։
32 Եւ արջառներուն ու ոչխարներուն տասանորդը, գաւազանին տակէն անցնողին տասանորդը, սուրբ պիտի ըլլայ Տէրոջը։
33 Աղէկին ու գէշին մէջտեղ տարբերութիւն պէտք չէ դնէ ու չփոխէ զայն եւ եթէ երբեք փոխելու ըլլայ, այն ատեն այն ալ, անոր հետ փոխանակուածն ալ սուրբ պիտի ըլլայ, որ ետ պիտի չառնուի»։
34 Տէրոջը՝ Իսրայէլի որդիներուն համար Սինա լեռը՝ Մովսէսին պատուիրած պատուիրանքները ասոնք են։