ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27


Գլուխ 25

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին Սինա լեռը՝ ըսելով.
2 «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ անոնց. Երբ այն երկիրը մտնէք, որ ես ձեզի պիտի տամ, թող այն երկիրը հանգստութեան շաբաթ մը պահէ Տէրոջը։
3 Վեց տարի քու արտդ ցանէ՛ եւ քու այգիդ վեց տարի յօտէ՛ ու անոր արդիւնքը հաւաքէ՛.
4 Բայց եօթներորդ տարին երկրին համար հանգստութեան շաբաթ, այսինքն Տէրոջը համար շաբաթ պէտք է ըլլայ։ Քու արտդ պիտի չցանես եւ քու այգիդ պիտի չյօտես
5 Քու արտիդ մէջ ինքնիրմէ բուսածը պէտք չէ հնձես եւ քու չյօտած այգիիդ խաղողները պէտք չէ հաւաքես. հանգստութեան տարի պէտք է ըլլայ անիկա երկրին։
6 Եւ երկրին շաբաթը թող կերակուր հայթայթէ քեզի եւ քու ծառայիդ եւ քու աղախինիդ ու քու վարձկանիդ եւ քու քովդ պանդխտացած օտարականին
7 Եւ քու անասուններուդ ու քու երկրիդ մէջ եղած կենդանիներուն կերակուր թող ըլլայ անոր բոլոր արդիւնքը։
8 Դուն տարիներու եօթը շաբաթ համրէ, այսինքն եօթը անգամ եօթը տարի, այնպէս որ տարիներուն եօթը շաբաթներուն ժամանակը քառասունըինը տարի թող ըլլայ։
9 Ապա եօթներորդ ամսուան տասներորդ օրը ազդարարութեան փողը պէտք է հնչեցնես, քաւութեան օրը ձեր բոլոր երկրին մէջ պէտք է հնչեցնէք փողը։
10 Եւ յիսուներորդ տարին պիտի սրբէք ու երկրի վրայ անոր բոլոր բնակիչներուն համար ազատութիւն պէտք է քարոզէք։ Ասիկա ձեզի Յոբելեան տարի պէտք է ըլլայ։ Ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր ստացուածքին թող դառնայ ու ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր ազգատոհմին թող դառնայ։
11 Այս յիսուներորդ տարին Յոբելեան տարի թող ըլլայ ձեզի։ Ո՛չ պիտի ցանէք ո՛չ ալ ինքնիրմէ բուսածը պիտի հնձէք եւ ձեր չյօտած այգիէն պիտի չհաւաքէք.
12 Վասն զի Յոբելեան տարի է։ Այն սուրբ պիտի ըլլայ։ Արտէն՝ անոր արդիւնքը կրնաք ուտել։
13 Այս Յոբելեան տարին իւրաքանչիւրը իր ստացուածքին թող դառնայ։
14 Եւ եթէ քու դրացիիդ բան մը ծախելու ըլլաս, կամ քու դրացիիդ ձեռքէն ծախու առնելու ըլլաս, անիրաւութիւն մի՛ ընէք։
15 Յոբելեան տարիէն ետքը եղած տարիներուն հաշիւովը ծախու առնես քու դրացիէդ, անիկա ալ հունձքին տարիներուն հաշիւովը պէտք է ծախէ քեզի։
16 Տարիներուն շատութեանը նայելով պէտք է աւելցնես անոր գինը եւ տարիներուն նուազութեանը նայելով պէտք է պակսեցնես անոր գինը. վասն զի անիկա հունձքին հաշիւովը կը ծախէ քեզի։
17 Իրարու անիրաւութիւն մի՛ ընէք, այլ Աստուծմէ վախցէք. քանզի ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։
18 Ուստի իմ կանոններս պէտք է կատարէք եւ կարգադրութիւններս պահէք՝ ու գործադրէք զանոնք. այն ատեն այն երկրին մէջ ապահովութեամբ պիտի բնակիք։
19 Երկիրը իր պտուղը պիտի տայ ու մինչեւ յագենաք պիտի ուտէք եւ անոր մէջ ապահովութեամբ պիտի բնակիք։
20 Եւ եթէ ըսէք՝ ‘Եօթներորդ տարին ի՞նչ պիտի ուտենք եթէ չցանենք ու մեր հունձքը չհաւաքենք’։
21 Վեցերորդ տարին ձեր վրայ պիտի ղրկեմ իմ օրհնութիւնս, այնպէս որ երեք տարուան արդիւնք պիտի տայ։
22 Եւ մինչեւ որ ութերորդ տարին ցանէք, հին հունձքէն պիտի ուտէք մինչեւ իններորդ տարին։ Մինչեւ նոր հունձքին հասնիլը հինէն պիտի ուտէք։
23 Երկիրը պէտք չէ մշտնջենապէս ծախուի, վասն զի երկիրը իմս է ու դուք իմ քովս պանդուխտներ եւ հիւրեր էք։
24 Եւ ձեզի պատկանած բոլոր երկրին մէջ փրկագին պիտի տաք երկրին համար։
25 Եթէ քու եղբայրդ աղքատանայ եւ իր ստացուածքին մէկ մասը ծախէ ու յետոյ եթէ անոր մէկ ազգականը ուզէ, կրնայ եղբօրդ ծախածը փրկել։
26 Եթէ մէկը փրկող մը չունենայ, բայց ինք անձամբ կարողանայ փրկել
27 Այն ատեն ծախուած օրէն թող հաշուէ տարիները եւ աւելցածը ետ տայ այն մարդուն, որուն ծախած էր եւ իր ստացուածքը առնէ։
28 Բայց եթէ անոր ետ տալու կարող չէ, այն ատեն իր ծախած բանը ծախու առնողին ձեռքը պէտք է մնայ մինչեւ Յոբելեան տարին։ Յոբելեան տարին գնողը պիտի ելլէ ու ծախողը իր ստացուածքին պէտք է տիրանայ։
29 Եթէ մէկը պարսպապատ քաղաքի մը մէջ բնակարան մը ծախէ, ծախելէն վերջ տարուան մը ընթացքին գինը վճարելով կրնայ ետ առնել։
30 Եթէ մէկ տարուան ընթացքին չկարենայ վճարելով ետ առնել, այն ատեն պարսպապատ քաղաքին մէջ եղած բնակարանը ծախու առնողին եւ իր սերունդին պիտի մնայ։ Յոբելեան տարին այդ տունը ետ պիտի չտրուի։
31 Բայց պարսպապատ չեղող գիւղաքաղաքներուն տուները երկրին արտերուն պէս պիտի սեպուին։ Անոնք կրնան փրկուիլ եւ Յոբելեան տարին պէտք է վերադարձուին։
32 Սակայն Ղեւտացիներու քաղաքներուն մէջ իրենց սեփական քաղաքներուն մէջի տուները Ղեւտացին կրնայ ոեւէ ատեն գինը վճարելով ետ առնել՝ ՝։
33 Եթէ Ղեւտացի մը այդ գործառնութիւնը չկատարէ, այն ատեն Յոբելեան տարին իրենց սեփական քաղաքին մէջ ծախուած տունը պէտք է վերադարձուի,
34 Քանզի Ղեւտացիներու քաղաքին մէջ գտնուած տունը իրենց սեփականութիւն ընդունուած է։
35 Եթէ քու եղբայրդ աղքատանայ ու չկարենայ ինքզինքը հոգալ քու քովդ, անոր պէտք է օգնես օտարականի ու պանդուխտի պէս, որպէս զի քու քովդ ապրի։
36 Անկէ վաշխ ու տոկոս մի՛ առներ, հապա քու Աստուծմէդ վախցիր, որպէս զի եղբայրդ քու քովդ ապրի։
37 Քու ստակդ վաշխով մի՛ տար անոր եւ քու կերակուրդ շահու համար մի՛ տար։
38 Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը, որ ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցի՝ Քանանի երկիրը ձեզի տալու համար եւ ձեզի Աստուած ըլլալու համար։
39 Եթէ եղբայրդ աղքատանայ ու ինքզինք քեզի ծախէ, զանիկա ծառայի մը պէս մի՛ գործածեր.
40 Անիկա քու քովդ վարձկանի կամ պանդուխտի պէս թող ըլլայ ու ծառայէ քեզի մինչեւ Յոբելեան տարին։
41 Եւ այն ատեն քու քովէդ պէտք է ելլէ ինք ալ ու իր որդիներն ալ իրեն հետ եւ իր ընտանիքին թող երթայ ու իր հայրերուն կալուածը դառնայ։
42 Քանզի անոնք իմ ծառաներս են, որոնք Եգիպտոսի երկրէն հանեցի։ Անոնք ծառայի պէս թող չծախուին։
43 Խստութեամբ մի՛ իշխեր անոր վրայ, հապա քու Աստուծմէդ վախցի՛ր։
44 Քու ծառադ ու աղախինդ ձեր բոլորտիքը եղած ազգերէն պէտք է ըլլան։ Ծառայ ու աղախին անոնցմէ կրնաք ծախու առնել։
45 Նաեւ ձեր քով բնակող օտարականներուն զաւակներէն կամ անոնցմէ եւ կամ ձեր քով եղող անոնց ընտանիքներէն որոնք ձեր երկիրը ծնած են՝ կրնաք ծախու առնել, որպէս զի ձեր ստացուածքը ըլլան։
46 Ձեզմէ ետքը ձեր որդիներուն կտակեցէք զանոնք իբր ժառանգութեան ստացուածք, որպէս զի միշտ ձեր ծառաները ըլլան. բայց ձեր եղբայրներուն, Իսրայէլի որդիներուն, համար՝ իրարու վրայ խստութեամբ մի՛ իշխէք։
47 Եթէ քու քովդ եղած օտարականը կամ պանդուխտը հարստանայ ու անոր քով բնակող քու եղբայրդ աղքատանայ, ինքզինք ծախէ քու քովդ պանդխտացած օտարականին, կամ այն օտարականին ընտանիքին մէկ ազգականին, եթէ
48 Ինքզինք ծախելէն ետքը ուզէ փրկուիլ. իր եղբայրներէն մէկը կրնայ զինք ծախու առնողէն փրկել զանիկա.
49 Անոր հօրեղբայրը կամ հօրեղբօրորդին կրնայ փրկել զանիկա, կամ իր ազգատոհմէն, կամ իր ազգականներէն մէկը կրնայ փրկել զանիկա. կամ եթէ կարողանայ ինք, ինքզինք կրնայ փրկել։
50 Անիկա, ծախու առնողին հետ, ինքզինք անոր ծախած տարիէն մինչեւ Յոբելեան տարին հաշիւ թող ընէ եւ իր փրկուելուն ստակը տարիներուն հաշիւովը թող վճարէ։ Անոր ժամանակը վարձկանի ժամանակին պէս պէտք է հաշուըուի։
51 Եթէ տակաւին շատ տարի կայ, տարիներու թիւին նայելով՝ իր ծախուած գինէն պէտք է վերադարձնէ փրկագինը
52 Եւ եթէ Յոբելեան տարիին քիչ տարի մնացեր է, անոր հետ հաշիւ թող ընէ ու իր տարիներուն թիւին համեմատ իր փրկագինը պէտք է անոր տայ։
53 Ինք անոր քով տակաւին վարձկանի պէս պիտի սեպուի ու գնողն ալ խստութեամբ պէտք չէ իշխէ անոր վրայ։
54 Եւ եթէ այս կերպերով չփրկուի, Յոբելեան տարին ինք ալ ու իր որդիներն ալ իրեն հետ պէտք է ազատուին։
55 Վասն զի Իսրայէլի որդիները իմ ծառաներս են. Եգիպտոսի երկրէն իմ հանած ծառաներս են անոնք. ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը»։