ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27


Գլուխ 26

«Դուք ձեզի չաստուածներ ու կուռքեր մի՛ շինէք եւ ձեզի արձաններ մի՛ կանգնեցնէք եւ ձեր երկրին մէջ պատկերաւոր կոթող մի՛ դնէք՝ անոր երկրպագութիւն ընելու համար. վասն զի ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։
2 Իմ շաբաթներս պէտք է պահէք ու իմ սրբարանս յարգէք։ Ես եմ Տէրը։
3 Եթէ իմ կանոններովս քալէք եւ իմ պատուիրանքներս պահէք ու զանոնք գործադրէք,
4 Ես ալ ձեզի անձրեւը ատենին պիտի տամ եւ երկիրը իր հունձքը պիտի տայ ու դաշտին ծառերը իրենց պտուղը պիտի տան
5 Եւ ձեր կալը մինչեւ այգեկութքը պիտի հասնի ու այգեկութքը մինչեւ ցանելու ժամանակը հասնի եւ ձեր հացը կուշտ պիտի ուտէք ու ձեր երկրին մէջ ապահովութեամբ պիտի բնակիք։
6 Եւ խաղաղութիւն պիտի տամ երկրին ու հանգիստ պիտի պառկիք եւ վախցնող մը պիտի չըլլայ ու երկրին չար գազանները պիտի հատցնեմ եւ ձեր երկրէն սուր պիտի չանցնի։
7 Եւ ձեր թշնամիները պիտի հալածէք ու անոնք սրով պիտի իյնան ձեր առջեւ։
8 Եւ ձեզմէ հինգ հոգին հարիւրաւորը պիտի հալածէ եւ ձեզմէ հարիւր հոգին բիւրաւորը պիտի հալածէ ու ձեր թշնամիները սրով պիտի իյնան ձեր առջեւ։
9 Եւ ձեզի պիտի նայիմ ու ձեզ աճեցնեմ եւ շատցնեմ ու ձեզի հետ իմ ուխտս հաստատեմ։
10 Եւ հին պաշարը պիտի ուտէք ու նորին տեղ ընելու համար՝ ՝ հինը դուրս պիտի հանէք։
11 Եւ իմ խորանս ձեր մէջ պիտի դնեմ ու իմ Հոգիս ձեզմէ պիտի չզզուի։
12 Եւ ձեր մէջ պիտի քալեմ ու ձեզի Աստուած ըլլամ եւ դուք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլաք։
13 Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը, որ ձեզ Եգիպտացիներուն երկրէն հանեցի, որպէս զի անոնց ծառայ չըլլաք ու ձեր լուծին կապերը խորտակեցի եւ ձեզ բարձրագլուխ քալեցուցի։
14 Բայց եթէ ինծի մտիկ չընէք ու բոլոր պատուիրանքներս չկատարէք
15 Եւ իմ կանոններս անարգէք ու ձեր հոգին իմ կարգադրութիւններէս զզուի, այնպէս որ իմ բոլոր պատուիրանքներս չկատարէք ու իմ ուխտս աւրէք,
16 Ես ալ ձեզի այդպէս պիտի ընեմ՝ այսինքն ձեր վրայ աչք փճացնող եւ սիրտ մարեցնող վախ, ծիւրական ախտ ու հրատագնապ տենդ պիտի ղրկեմ եւ ձեր սերմը պարապ տեղ պիտի սերմանէք. վասն զի ձեր թշնամիները պիտի ուտեն զայն.
17 Եւ իմ երեսս ձեր վրայ պիտի տնկեմ ու ձեր թշնամիներուն առջեւ պիտի սպաննուիք. ձեզ ատողները պիտի իշխեն ձեր վրայ ու առանց հալածուելու պիտի փախչիք։
18 Եւ եթէ ասոնցմով ալ ինծի մտիկ չընէք, այն ատեն ձեր մեղքերուն համար ձեզ եօթնապատիկ աւելի պիտի պատժեմ։
19 Եւ ձեր զօրութեան հպարտութիւնը պիտի խորտակեմ ու ձեր երկինքը երկաթի պէս եւ ձեր երկիրը պղնձի պէս պիտի ընեմ։
20 Եւ ձեր ոյժը պարապ տեղ պիտի հատնի ու ձեր երկիրը իր արդիւնքը պիտի չտայ եւ երկրին ծառերը իրենց պտուղը պիտի չտան։
21 Եւ եթէ դուք ինծի հակառակ երթաք ու չուզէք ինծի մտիկ ընել, այն ատեն ձեր մեղքերուն համեմատ եօթնապատիկ պատուհաս պիտի բերեմ ձեր վրայ։
22 Եւ ձեր վրայ դաշտի գազաններ պիտի ղրկեմ, որոնք ձեզ անզաւակ պիտի ընեն ու ձեր անասունները ջարդեն եւ ձեզ պիտի քիչցնեն ու ձեր ճամբաները անապատ պիտի դառնան։
23 Եւ եթէ ասոնցմով ալ չխրատուիք ու ինծի հակառակ երթաք,
24 Այն ատեն ես ալ ձեզի հակառակ պիտի երթամ եւ ես ալ ձեր մեղքերուն համար եօթնապատիկ պիտի պատժեմ ձեզ։
25 Եւ ձեր վրայ ուխտիս վրէժը առնող սուրը պիտի ղրկեմ ու ձեր քաղաքներուն մէջ պիտի հաւաքուիք եւ ձեր մէջ ժանտախտ պիտի ղրկեմ ու թշնամիին ձեռքը պիտի մատնուիք։
26 Ձեր հացին ցուպը կոտրած ատենս, տասը կին մէկ թոնիրի մէջ պիտի եփեն ձեր հացը եւ ձեր հացը կշռելով պիտի տրուի ձեզի ու պիտի ուտէք եւ կշտանաք։
27 Եւ եթէ ասոնցմով ալ ինծի մտիկ չընէք, հապա հակառակ երթաք ինծի,
28 Այն ատեն ես ալ ձեզի հակառակ պիտի երթամ բարկութեամբ եւ ձեր մեղքերուն համար եօթնապատիկ պիտի պատժեմ ձեզ
29 Եւ ձեր տղաքներուն միսը պիտի ուտէք ու ձեր աղջիկներուն միսը պիտի ուտէք։
30 Եւ ձեր բարձր տեղերը պիտի աւերեմ ու ձեր արեգակի կուռքերը կոտրտեմ եւ ձեր դիակները ձեր կուռքերուն դիակներուն վրայ պիտի դնեմ ու իմ հոգիս ձեզմէ պիտի զզուի։
31 Եւ ձեր քաղաքները՝ աւերակ ու ձեր սուրբ տեղերը ամայի պիտի ընեմ եւ ձեր անոյշ հոտը պիտի չհոտուըտամ։
32 Եւ այն երկիրը ամայի պիտի ընեմ, որպէս զի հոն բնակող ձեր թշնամիները զարմանան անոր վրայ։
33 Եւ ձեզ ազգերուն մէջ պիտի ցրուեմ ու ձեր ետեւէն սուր պիտի քաշեմ եւ ձեր երկիրը ամայի պիտի ըլլայ ու ձեր քաղաքները՝ աւերակ։
34 Այն ատեն երկիրը իր ամայութեան բոլոր օրերը իր շաբաթները պիտի վայելէ, երբ դուք ձեր թշնամիին երկրին մէջ ըլլաք. երկիրը այն ատեն հանգիստ ըլլալով՝ իր շաբաթները պիտի վայելէ.
35 Իր ամայութեան բոլոր օրերը պիտի հանգստանայ. քանզի ձեր շաբաթներուն մէջ չէր հանգստանար, երբ անոր վրայ կը բնակէիք։
36 Եւ ձեզմէ ողջ մնացածներուն սրտին դող պիտի բերեմ իրենց թշնամիներուն երկիրներուն մէջ ու հովէն քշուած տերեւին ձայնը պիտի հալածէ զանոնք եւ սուրի բերնէ փախչելու պէս պիտի փախչին անոնք ու առանց հալածուելու պիտի իյնան։
37 Առանց հալածուելու՝ սուրի երեսէ փախչելու պէս իրարու վրայ պիտի իյնան եւ պիտի չկրնաք ձեր թշնամիներուն առջեւ կայնիլ։
38 Եւ ազգերուն մէջ պիտի կորսուիք ու ձեր թշնամիներուն երկիրը ձեզ պիտի ուտէ։
39 Եւ ձեզմէ մնացածները իրենց անօրենութիւնովը պիտի հալին ձեր թշնամիներուն երկիրներուն մէջ. նաեւ իրենց հայրերուն անօրէնութիւններովը մէկտեղ պիտի հալին։
40 Եւ եթէ խոստովանին իրենց անօրէնութիւնն ու հայրերնուն անօրէնութիւնը՝ ինծի դէմ գործած իրենց յանցանքներովը եւ իրենց ինծի հակառակ երթալը։
41 Ու նաեւ իմ անոնց հակառակ երթալս ու զանոնք իրենց թշնամիներուն երկիրը բերելս. եթէ այն ատեն իրենց անթլփատ սիրտը խոնարհի եւ իրենց անօրէնութեան պատիժը յօժարութեամբ ընդունին,
42 Այն ատեն պիտի յիշեմ Յակոբին հետ ըրած ուխտս, նաեւ Իսահակին հետ ըրած ուխտս եւ Աբրահամին հետ ըրած ուխտս ալ պիտի յիշեմ ու այն երկիրն ալ պիտի յիշեմ։
43 Եւ յիրաւի այն երկիրը պիտի լքուի անոնցմէ ու իր շաբաթները պիտի վայելէ, քանի որ անոնցմէ ամայի պիտի մնայ եւ անոնք իրենց անօրէնութեան պատիժը յօժարութեամբ պիտի ընդունին. քանզի իմ կարգադրութիւններս անարգեցին ու անոնց հոգիները իմ կանոններէս զզուեցան։
44 Ամէն պարագայի երբ իրենց թշնամիներուն երկիրը ըլլան, զանոնք պիտի չմերժեմ եւ զանոնք բոլորովին կորսնցնելու ու անոնց հետ ըրած ուխտս ջնջելու չափ պիտի չզզուիմ անոնցմէ. վասն զի ես եմ Տէրը՝ անոնց Աստուածը։
45 Բայց անոնց համար պիտի յիշեմ իրենց նախնիքներուն ուխտը, որոնք Եգիպտոսի երկրէն հանեցի՝ ազգերուն առջեւ անոնց Աստուած ըլլալու համար։ Ես եմ Տէրը»։
46 Ասոնք են այն կանոնները եւ կարգադրութիւններն ու օրէնքները, որոնք Տէրը տուաւ իր ու Իսրայէլի որդիներուն՝ Սինա լեռը՝ Մովսէսին միջոցով։