ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27


Գլուխ 14

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
2 «Բորոտին օրէնքը այս ըլլալու է մաքրուելու օրը. Անիկա քահանային թող տարուի
3 Եւ քահանան բանակէն դուրս թող ելլէ ու քահանան քննէ ու եթէ բորոտին բորոտութեան ախտը բժշկուած է,
4 Այն ատեն քահանան թող հրամայէ, որ մաքրուած մարդուն համար երկու ողջ եւ մաքուր թռչուն ու եղեւնափայտ ու կրկնակի կարմիր եւ զոպայ առնուի։
5 Եւ քահանան թող հրամայէ որ թռչունին մէկը հողէ ամանի մը մէջ կենդանի ջուրի վրայ մորթուի։
6 Ողջ թռչունն ու եղեւնափայտը եւ կրկնակի կարմիրն ու զոպան թող առնէ եւ ասոնք ողջ թռչունին հետ վազող ջուրին վրայ մորթուած թռչունին արեանը մէջ թող թաթխէ։
7 Բորոտութենէ բռնուած մարդուն վրայ եօթը անգամ սրսկէ ու մաքրէ զանիկա, իսկ ողջ թռչունը դէպի դաշտը արձակէ։
8 Եւ մաքրուելիք մարդը իր հանդերձները թող լուայ ու իր բոլոր մազերը ածիլէ եւ ջրով լուացուի ու մաքրուի։ Անկէ յետոյ բանակը թող մտնէ ու եօթը օր իր վրանէն դուրս կենայ։
9 Եւ եօթներորդ օրը իր բոլոր մազերը ածիլէ, իր գլուխն ու մօրուքը եւ յօնքերը, այսինքն իր բոլոր մազերը, ածիլէ եւ իր լաթերը լուայ ու իր մարմինը ջրով լուայ ու մաքրուի։
10 Ութերորդ օրը երկու անարատ արու գառ ու մէկ տարեկան մէկ անարատ էգ գառ եւ հացի ընծայի համար իւղով շաղուած երեք տասնորդ բարակ ալիւր ու մէկ ճաշակ իւղ թող առնէ։
11 Եւ մաքրող քահանան մաքրուելիք մարդը ասոնցմով Տէրոջը առջեւ վկայութեան խորանին դուռը կեցնէ։
12 Եւ քահանան արու գառին մէկը թող առնէ ու մօտեցնէ յանցանքի պատարագի համար ու իւղին ճաշակը առնէ եւ զանոնք Տէրոջը առջեւ երերցնելու ընծայ թող ընէ։
13 Գառը պիտի մորթէ մեղքի պատարագին ու ողջակէզին մորթուած տեղը, սուրբ տեղը պիտի մորթէ. վասն զի յանցանքի պատարագը մեղքի պատարագին պէս քահանայինն է։ Ասիկա ամենասուրբ է։
14 Եւ քահանան յանցանքի պատարագին արիւնէն թող առնէ ու քահանան մաքրուելիք մարդուն աջ ականջին բլթակին վրայ եւ անոր աջ ձեռքին մեծ մատին վրայ եւ անոր աջ ոտքին մեծ մատին վրայ քսէ զայն։
15 Եւ քահանան իւղին ճաշակէն քիչ մը իւղ թող առնէ ու իր ձախ ձեռքին մէջ թափէ։
16 Քահանան աջ մատը իր ձախ ձեռքը եղած իւղին մէջ թող թաթխէ ու իր մատովը Տէրոջը առջեւ եօթը անգամ սրսկէ այն իւղէն։
17 Քահանան իր ձեռքին մէջ մնացած իւղէն մաքրուելիք մարդուն աջ ականջին բլթակին վրայ ու անոր աջ ձեռքին մեծ մատին վրայ եւ անոր աջ ոտքին մեծ մատին վրայ յանցանքի պատարագի արիւնին վրայ թող դնէ։
18 Քահանան իր ձեռքին մէջ մնացած իւղը մաքրուելիք մարդուն գլխուն վրայ թող դնէ ու անոր համար քաւութիւն ընէ Տէրոջը առջեւ։
19 Ետքը քահանան մեղքի պատարագը պէտք է մատուցանէ եւ իր անմաքրութենէն մաքրուելիք մարդուն համար քաւութիւն ընէ ու անկէ յետոյ ողջակէզը մորթէ։
20 Քահանան ողջակէզն ու հացի ընծան սեղանին վրայ պէտք է մատուցանէ ու անոր համար քաւութիւն ընէ եւ անիկա պիտի մաքրուի։
21 Բայց եթէ անիկա աղքատ ըլլայ ու այսչափ կարողութիւն չունենայ, այն ատեն անոր քաւութիւն ընելու համար երերցնելու յանցանքի պատարագի գառնուկ մը եւ հացի ընծայի համար իւղով շաղուած տասնորդ մը բարակ ալիւր ու ճաշակ մը իւղ թող առնէ
22 Եւ երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ՝ ողջակէզ ըլլայ։
23 Ութերորդ օրը իր մաքրուելուն համար զանոնք քահանային թող բերէ վկայութեան խորանին դուռը՝ Տէրոջը առջեւ։
24 Քահանան թող առնէ յանցանքի պատարագին գառնուկն ու իւղին ճաշակը եւ զանոնք Տէրոջը առջեւ որպէս երերցնելու ընծայ մատուցանէ։
25 Յանցանքի պատարագին գառնուկը պիտի մորթէ եւ քահանան յանցանքի պատարագին արիւնէն թող առնէ ու մաքրուելիք մարդուն աջ ականջին բլթակին վրայ եւ անոր աջ ձեռքին մեծ մատին վրայ, անոր աջ ոտքին մեծ մատին վրայ քսէ զայն։
26 Քահանան մաս մը իւղ իր ձախ ձեռքին մէջ թող թափէ։
27 Եւ քահանան իր աջ մատովը իր ձախ ձեռքին մէջ եղած իւղէն Տէրոջը առջեւ եօթը անգամ թող սրսկէ։
28 Եւ քահանան իր ձախ ձեռքին մէջ եղած իւղէն մաքրուելիք մարդուն աջ ականջին բլթակին վրայ ու անոր աջ ձեռքին մեծ մատին վրայ եւ անոր աջ ոտքին մեծ մատին վրայ՝ յանցանքի պատարագին արիւնը եղած տեղին վրայ թող քսէ։
29 Քահանան իր ձեռքին մէջ մնացած իւղը մաքրուելիք մարդուն գլխուն վրայ թող դնէ՝ Տէրոջը առջեւ անոր համար քաւութիւն ընելով։
30 Եւ տատրակներէն կամ աղաւնիի ձագերէն մէկը՝ որն որ գտնէ՝
31 Այսինքն որու որ իր ձեռքը հասնի, մէկը՝ մեղքի պատարագի համար եւ միւսը՝ ողջակէզի համար հացի ընծային հետ մէկտեղ թող մատուցանէ եւ քահանան մաքրուելիք մարդուն համար քաւութիւն թող ընէ Տէրոջը առջեւ»։
32 Բորոտութեան ախտ ունեցողին ու իր մաքրուելուն համար կարողութիւն չունեցողին օրէնքը այս է»։
33 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով.
34 «Երբ մտնէք Քանանի երկիրը՝ որ ձեզի իբր ստացուածք պիտի տամ, եթէ ձեր ստացուածքը եղած երկրին մէկ տանը մէջ բորոտութեան հարուածը տալու ըլլամ,
35 Այն տանը տէրը պէտք է գայ ու իմացնէ քահանային՝ ըսելով. ‘Ինծի կ’երեւայ թէ տանս մէջ ախտ կայ’։
36 Քահանան պիտի հրամայէ որ տունը պարպեն, դեռ ինք քննելու համար ներս չմտած, որպէս զի տանը մէջ եղած բաներէն մէ՛կը անմաքուր չըլլայ ու անկէ ետք քահանան տունը քննելու պիտի մտնէ
37 Եւ ախտին նշաններուն պիտի նայի ու եթէ ախտը տանը պատերուն վրայ քիչ մը կանանչացած կամ կարմրած փոս տեղեր ըրեր է ու անոնք պատերէն ներս խորունկ կ’երեւնան,
38 Այն ատեն քահանան տունէն թող ելլէ ու տանը դուռը եօթը օր թող գոցէ։
39 Եօթներորդ օրը քահանան նորէն պէտք է գայ ու նայի եւ եթէ ախտը տանը պատերուն վրայ տարածուած է,
40 Այն ատեն քահանան պիտի հրամայէ, որ ախտացեալ քարերը հանեն եւ քաղաքէն դուրս անմաքուր տեղ մը նետեն զանոնք։
41 Տանը ներսը ամբողջութեամբ քերել թող տայ ու անոնց քերած հողը քաղաքէն դուրս անմաքուր տեղ մը թող թափեն։
42 Եւ ուրիշ քարեր առնեն ու հին քարերուն տեղը դնեն եւ ուրիշ հող առնեն ու տունը ծեփեն։
43 Եւ եթէ քարերը հանելէն ետքը ու տունը քերելէ եւ ծեփելէ ետքը ախտը նորէն գայ ու տանը մէջ երեւան ելլէ,
44 Այն ատեն քահանան թող գայ ու քննէ եւ եթէ ախտը տանը մէջ տարածուած է, տանը մէջ բորբոքած բորոտութիւն կայ. անմաքուր է այն։
45 Ուստի տունը, այսինքն անոր քարերն ու փայտերը ու տանը բոլոր ծեփուած հողը, փլցնէ եւ քաղաքէն դուրս անմաքուր տեղ մը թափէ։
46 Եւ ով որ այն տունը մտնէ անոր բոլոր գոցուած օրերը, մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի սեպուի
47 Եւ այն տունը պառկողը իր հանդերձները պիտի լուայ ու այն տանը մէջ հաց ուտողը իր հանդերձները պիտի լուայ։
48 Եւ եթէ քահանան գայ ու քննէ որ տունը ծեփուելէն ետքը ախտը անոր մէջ տարածուած չէ, այն ատեն քահանան այն տանը մաքուր ըլլայ թող ծանուցանէ, վասն զի ախտը բժշկուած է։
49 Տանը մաքրութեանը համար երկու թռչուն ու եղեւնափայտ եւ կրկնակի կարմիր ու զոպայ թող առնէ։
50 Եւ թռչունին մէկը հողէ ամանի մը մէջ թող մորթէ՝ կենդանի ջուրի վրայ։
51 Եւ եղեւնափայտն ու զոպան եւ կրկնակի կարմիրն ու ողջ թռչունը թող առնէ ու զանոնք մորթուած թռչունին արեանը եւ այն կենդանի ջուրին մէջ թաթխէ ու եօթը անգամ տանը վրայ սրսկէ
52 Եւ թռչունին արիւնովը ու այն կենդանի ջրով եւ այն ողջ թռչունով ու եղեւնափայտով եւ զոպայով ու կրկնակի կարմիրով թող մաքրէ տունը։
53 Ողջ թռչունը քաղաքէն դուրս դէպի դաշտը թող արձակէ ու տանը համար քաւութիւն ընէ եւ պիտի մաքրուի ան»։
54 Բոլոր բորոտութեան ախտին ու գոնջութեան
55 Եւ հանդերձի կամ տան բորոտութեան
56 Եւ ուռեցքի ու քոսի եւ պաղպաջի օրէնքը այս է։
57 Բանի մը անմաքուր ըլլալը եւ կամ անոր մաքրուիլը՝ ՝ սորվեցնելու համար՝ բորոտութեան օրէնքը այս է։