ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27


Գլուխ 23

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
2 «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց. Տէրոջը տօները որոնք դուք սուրբ ժողով պիտի կոչէք՝ հետեւեալներն են.
3 Վեց օր գործ կրնաք կատարել, բայց եօթներորդ օրը հանգստութեան շաբաթ ըլլալով՝ սուրբ պէտք է պահուի։ Բնաւ գործ մի՛ գործէք. Տէրոջը շաբաթ պիտի ըլլայ ձեր բոլոր բնակութիւններուն մէջ։
4 Տէրոջը տօները, որոնք իրենց սահմանուած ատենին սուրբ ժողովներ պիտի գումարէք, ասոնք են։
5 Առաջին ամսուան տասնըչորրորդ օրը իրիկուան դէմ Տէրոջը զատիկն է։
6 Եւ նոյն ամսուան տասնըհինգերորդ օրը բաղարջակերաց տօնն է Տէրոջը։ Եօթը օր բաղարջ պիտի ուտէք։
7 Առաջին օրը սուրբ ժողով պիտի ունենաք. բնաւ ծառայութեան գործ պէտք չէ գործէք։
8 Եւ եօթը օր պատարագ պիտի մատուցանէք Տէրոջը. եօթներորդ օրը սուրբ ժողով պիտի ըլլայ. բնաւ ծառայութեան գործ պէտք չէ գործէք»։
9 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
10 «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ անոնց. Երբ մտնէք այն երկիրը, որ ձեզի պիտի տամ ու անոր հունձքը հնձէք, ձեր հունձքէն երախայրի որայ մը քահանային պէտք է բերէք.
11 Ան ալ Տէրոջը առջեւ երերցնելով պէտք է մատուցանէ որան, որպէս զի ձեզի համար ընդունելի ըլլայ։ Քահանան շաբաթին հետեւեալ օրը պէտք է մատուցանէ զայն։
12 Երբ որան մատուցանէք՝ ողջակէզի համար, մէկ տարեկան անարատ գառ մըն ալ պէտք է մատուցանէք Տէրոջը։
13 Անոր հացի ընծան իւղով շաղուած երկու տասնորդ բարակ ալիւր պէտք է ըլլայ։ Ասիկա անուշահոտ պատարագի համար է Տէրոջը եւ անոր թափելու նուէրը հիմէնին մէկ չորրորդը գինի պէտք է ըլլայ։
14 Մինչեւ այն օրը, երբ ձեր Աստուծոյն ընծան կը մատուցանէք, հաց կամ բոհրած ցորեն կամ թարմ հասկեր մի՛ ուտէք. ձեր սերունդներուն մէջ եւ ձեր բոլոր բնակարաններուն մէջ այս ձեզի յաւիտենական կանոն թող ըլլայ։
15 Շաբաթին հետեւեալ օրէն՝ որ դուք նուիրման որան բերիք, լման եօթը շաբաթ պէտք է համրէք.
16 Մինչեւ եօթներորդ շաբաթին հետեւեալ օրը յիսուն օր պէտք է համրէք եւ ապա նոր հացի ընծայ մատուցանէք Տէրոջը։
17 Ձեր բնակարաններէն՝ երերցնելու ընծայի համար երկու հաց պէտք է բերէք, որոնք երկու տասնորդ բարակ ալիւրէ ըլլալով խմորեալ եփուած պիտի ըլլան. ասիկա երախայրի է Տէրոջը։
18 Եւ հացին հետ մէկ տարեկան եօթը հատ անարատ գառ եւ արջառներէն մէկ զուարակ ու երկու խոյ պէտք է մատուցանէք Տէրոջը, որոնք հացի ընծաներուն ու թափելու նուէրներուն հետ ողջակէզ ու անուշահոտ պատարագ պիտի ըլլան Տէրոջը։
19 Եւ մեղքի պատարագին համար այծերէն մէկ նոխազ եւ խաղաղութեան զոհի համար մէկ տարեկան երկու գառներ պէտք է մատուցանէք։
20 Եւ քահանան երախայրի հացին հետ երերցնելու ընծայի համար երկու գառ պէտք է մատուցանէ Տէրոջը առջեւ։ Անոնք սուրբ պիտի ըլլան Տէրոջը եւ քահանային պիտի ըլլան։
21 Նոյն օրը պիտի քարոզէք, որ ձեզի սուրբ ժողովի օր ըլլայ. բնաւ ծառայութեան գործ պէտք չէ գործէք. ասիկա ձեզի յաւիտենական կանոն թող ըլլայ ձեր բոլոր բնակարաններուն մէջ, ձեր սերունդներուն մէջ։
22 Երբ ձեր երկրին հունձքը հնձէք, հնձած ատեննիդ արտին եզերքը լման մի՛ հնձէք ու հունձքին մնացած հասկերը մի՛ հաւաքէք. զանոնք աղքատին ու օտարականին թողուցէք։ Ես եմ Տէրը, ձեր Աստուածը»։
23 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
24 «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛. Եօթներորդ ամսուան առաջին օրը ձեզի հանգստութեան օր, փող հնչեցնելուն յիշատակ, սուրբ ժողովի օր թող ըլլայ։
25 Բնաւ ծառայութեան գործ պէտք չէ գործէք, հապա պատարագ մատուցանէք Տէրոջը»։
26 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
27 «Նաեւ այս եօթներորդ ամսուան տասներորդ օրը քաւութեան օրը ըլլալով՝ սուրբ ժողովի օր ըլլայ ձեզի եւ պէտք է խոնարհեցնէք ձեր հոգիները ու պատարագ մատուցանէք Տէրոջը։
28 Այն օրը բնաւ գործ պէտք չէ գործէք, վասն զի Տէրոջը՝ ձեր Աստուծոյն առջեւ ձեզի համար քաւութիւն ընելու՝ քաւութեան օր է։
29 Քանզի ով որ նոյն օրը չխոնարհի, իր ժողովուրդին մէջէն պէտք է կորսուի
30 Եւ ով որ նոյն օրը գործ մը գործէ, այն անձը իր ժողովուրդին մէջէն պիտի կորսնցնեմ։
31 Բնաւ գործ մը պէտք չէ գործէք. ասիկա ձեր սերունդներուն մէջ եւ ձեր բոլոր բնակարաններուն մէջ յաւիտենական կանոն թող ըլլայ։
32 Այս ձեզի հանգստութեան շաբաթ թող ըլլայ եւ ձեր հոգիները պէտք է խոնարհեցնէք։ Ամսուան իններորդ օրուան իրիկունը ձեր շաբաթը պիտի պահէք իրիկուընէ մինչեւ իրիկուն»։
33 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.
34 «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ. Այս եօթներորդ ամսուան տասնըհինգերորդ օրէն սկսելով՝ եօթը օր տաղաւարահարաց տօն է Տէրոջը։
35 Առաջին օրը սուրբ ժողովի օր պէտք է ըլլայ, բնաւ ծառայութեան գործ պէտք չէ գործէք։
36 Եօթը օր պատարագ պէտք է մատուցանէք Տէրոջը եւ ութերորդ օրը սուրբ ժողով ընէք եւ պատարագ մատուցանէք Տէրոջը։ Տօնախմբութեան օր է այն, երբ բնաւ ծառայութեան գործ պէտք չէ գործէք։
37 Տէրոջը պատարագ, այսինքն ողջակէզ ու հացի ընծայ, զոհ եւ թափելու նուէրներ՝ ամէն օրուան պէտք եղածը մատուցանելու համար ձեր սուրբ ժողովներ կոչուած Տէրոջը տօները ասոնք են՝
38 Տէրոջը շաբաթներէն զատ եւ ձեր ընծաներէն զատ ու ձեր բոլոր ուխտերէն զատ եւ Տէրոջը տալու ձեր կամաւոր ընծաներէն զատ,
39 Նաեւ՝ եօթներորդ ամսուան տասնըհինգերորդ օրը՝ երկրի արդիւնքը հաւաքած ատեննիդ եօթը օր տօն պէտք է պահէք Տէրոջը։ Առաջին օրը եւ ութերորդ օրը շաբաթ պիտի սեպէք։
40 Առաջին օրը ձեզի գեղեցիկ ծառերու պտուղ, արմաւենիի ոստեր ու տերեւախիտ ծառերու ոստեր եւ ձորի ուռիներու ոստեր պէտք է առնէք ու Տէրոջը ձեր Աստուծոյն առջեւ եօթը օր ուրախանաք։
41 Այս տօնը տարին եօթը օր պիտի պահէք Տէրոջը։ Ձեր սերունդներուն մէջ յաւիտենական կանոն թող ըլլայ այն։ Եօթներորդ ամսուան մէջ պիտի ընէք զայն։
42 Եօթը օր տաղաւարներու մէջ պիտի բնակիք, Իսրայէլի բոլոր բնիկները տաղաւարներու մէջ պէտք է բնակին.
43 Որպէս զի ձեր սերունդները գիտնան թէ Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսի երկրէն հանած ատենս տաղաւարներու մէջ բնակեցուցի զանոնք։ Ես եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը»։
44 Այսպէս՝ Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն յայտնեց թէ որո՛նք են Տէրոջը տօները։