ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ
Գլուխ 4
Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ըսելով.
2 «Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ, Եթէ անձ մը սխալմամբ մեղանչէ ու Տէրոջը բոլոր արգիլած բաներէն մէկը ընէ,
3 Եթէ օծուած քահանան ժողովուրդը յանցաւոր ընելու մեղք մը գործելու ըլլայ, իր գործած մեղքին համար արջառներէն անարատ զուարակ մը, իբր մեղքի պատարագ պէտք է մատուցանէ Տէրոջը
4 Եւ վկայութեան խորանին դուռը՝ Տէրոջը առջեւ թող բերէ զուարակը ու իր ձեռքը զուարակին գլխուն վրայ դնէ եւ Տէրոջը առջեւ մորթէ զուարակը։
5 Օծուած քահանան զուարակին արիւնէն թող առնէ ու վկայութեան խորանը բերէ։
6 Եւ քահանան իր մատը արիւնը թաթխէ ու Տէրոջը առջեւ, սրբարանին վարագոյրին առջեւ եօթը անգամ սրսկէ արիւնէն։
7 Եւ քահանան արիւնէն քիչ մը թող դնէ Տէրոջը առջեւ անուշահոտ խունկի սեղանին եղջիւրներուն վրայ որ վկայութեան խորանին մէջ է ու զուարակին մնացած բոլոր արիւնը վկայութեան խորանին դրանը քով եղած ողջակէզի սեղանին յատակը թող թափէ։
8 Մեղքի պատարագ եղած զուարակին բոլոր ճարպը, այսինքն փորոտիքը ծածկող ճարպը ու փորոտիքին վրայ եղած բոլոր ճարպը անկէ վերցնէ
9 Եւ երկու երիկամունքը ու կուշտին վրայ եղած ճարպը եւ լեարդին վրայի թաղանթը իր երիկամունքներովը մէկտեղ փրցնէ,
10 Խաղաղութեան զոհին արջառէն փրցուելուն պէս եւ քահանան ողջակէզի սեղանին վրայ թող այրէ զանոնք։
11 Եւ զուարակին մորթը ու անոր բոլոր միսը գլխովն ու ոտքերովը եւ անոր փորոտիքն ու աղբը,
12 Այսինքն բոլոր զուարակը, բանակէն դուրս մաքուր տեղ մը, մոխիր թափուած տեղը հանէ եւ փայտերու վրայ կրակով այրէ զայն։ Մոխիր թափուած տեղը թող այրուի։
13 Եւ եթէ Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդը անգիտութեամբ սխալին՝ ՝ ու Տէրոջը բոլոր արգիլած բաներէն մէկը ընելով յանցաւոր ըլլան,
14 Երբ իմացուի այն ըրած մեղքերնին, ժողովուրդը մեղքի պատարագի համար արջառներէն զուարակ մը թող մատուցանէ ու վկայութեան խորանին առջեւ բերէ զանիկա։
15 Ժողովուրդին ծերերը Տէրոջը առջեւ իրենց ձեռքերը զուարակին գլխուն վրայ թող դնեն ու զուարակը թող մորթուի։
16 Եւ օծուած քահանան զուարակին արիւնէն վկայութեան խորանը բերէ։
17 Եւ քահանան իր մատը արիւնը թաթխէ ու Տէրոջը առջեւի վարագոյրին առջեւ եօթը անգամ սրսկէ։
18 Եւ արիւնէն քիչ մը վկայութեան խորանին մէջ Տէրոջը առջեւ եղած սեղանին եղջիւրներուն վրայ դնէ ու մնացած բոլոր արիւնը վկայութեան խորանին դրանը քով եղած ողջակէզի սեղանին յատակը թափէ։
19 Անոր բոլոր ճարպը թող վերցնէ անկէ ու սեղանին վրայ այրէ։
20 Եւ մեղքի պատարագ եղած զուարակին ինչպէս որ ըրաւ, այս զուարակին ալ այնպէս թող ընէ ու քահանան անոնց համար քաւութիւն ընէ, որ անոնց թողութիւն ըլլայ։
21 Եւ բանակէն դուրս թող հանէ զուարակը ու ինչպէս առաջին զուարակը այրեց, աս ալ այնպէս թող այրէ. ժողովուրդին համար մեղքի պատարագն է այս։
22 Երբ իշխան մը մեղք գործելու ըլլայ ու իր Տէր Աստուծոյն արգիլած բաներէն մէկը սխալմամբ ընելով յանցաւոր ըլլայ,
23 եթէ իր ըրած մեղքը իրեն իմացուի, իրեն համար այծերէն արու անարատ նոխազ մը իբր ընծայ թող բերէ
24 Եւ իր ձեռքը նոխազին գլխուն վրայ դնէ ու զանիկա Տէրոջը առջեւ ողջակէզին մորթուելու տեղը մորթէ։ Մեղքի պատարագ է այս։
25 Քահանան մեղքի պատարագին արիւնէն իր մատովը թող առնէ ու ողջակէզի սեղանին եղջիւրներուն վրայ դնէ եւ անոր մնացած արիւնը ողջակէզի սեղանին յատակը թափէ։
26 Եւ անոր բոլոր ճարպը խաղաղութեան զոհին ճարպին պէս սեղանին վրայ թող այրէ ու քահանան անոր մեղքին համար քաւութիւն ընէ, թողութիւն ըլլայ անոր։
27 Եւ եթէ երկրին ժողովուրդէն մէկը սխալմամբ մեղանչէ ու Տէրոջը արգիլած բաներէն մէկը ընելով յանցաւոր ըլլայ
28 Եւ եթէ իր ըրած մեղքը իրեն իմացուի, իր ըրած մեղքին համար իբր ընծայ այծերէն անարատ էգ այծ մը թող բերէ։
29 Եւ իր ձեռքը մեղքի պատարագին գլխուն վրայ դնէ ու մեղքի պատարագ եղած անասունը ողջակէզներուն մորթուելու տեղը մորթէ։
30 Եւ քահանան իր մատովը անոր արիւնէն թող առնէ ու ողջակէզի սեղանին եղջիւրներուն վրայ դնէ եւ մնացած բոլոր արիւնը սեղանին յատակը թափէ։
31 Անոր բոլոր ճարպը խաղաղութեան զոհին ճարպը փրցուելուն պէս թող փրցնէ ու քահանան այրէ զանիկա սեղանին վրայ անոյշ հոտի համար Տէրոջը առջեւ եւ քահանան անոր համար քաւութիւն ընէ, որ անոր թողութիւն ըլլայ։
32 Եւ եթէ մեղքի պատարագի համար գառ մատուցանելու ըլլայ, անարատ էգ մը թող բերէ
33 Եւ իր ձեռքը մեղքի պատարագին գլխուն վրայ դնէ ու ողջակէզներուն մորթուելու տեղը մեղքի պատարագի համար մորթէ զայն։
34 Եւ քահանան իր մատովը մեղքի պատարագին արիւնէն թող առնէ ու ողջակէզի սեղանին եղջիւրներուն վրայ դնէ եւ մնացած բոլոր արիւնը սեղանին յատակը թափէ։
35 Եւ խաղաղութեան զոհէն գառին ճարպը փրցուելուն պէս՝ ասոր բոլոր ճարպը թող փրցնէ ու քահանան սեղանին վրայ այրէ զայն՝ Տէրոջը պատարագներուն հետ եւ քահանան անոր ըրած մեղքին համար քաւութիւն ընէ, որ թողութիւն ըլլայ անոր։