ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27


Գլուխ 16

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ Ահարոնին երկու որդիներուն մեռնելէն ետքը, որոնք Տէրոջը առջեւ մօտեցան ու մեռան։
2 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Խօսէ՛ քու եղբօրդ Ահարոնին, որ ամէն ատեն սուրբ տեղը, վարագոյրին ներսիդին, տապանակին վրայ եղած քաւութեան առջեւ չմտնէ, որպէս զի չմեռնի. վասն զի ամպի մէջ պիտի երեւնամ քաւութեան վրայ։
3 Ահարոն այս բաներով պէտք է մտնէ սրբարանը. մեղքի պատարագի համար՝ զուարակով մը եւ ողջակէզի համար՝ խոյով մը։
4 Կտաւէ սուրբ շապիկ պիտի հագնի եւ իր մարմնին վրայէն՝ կտաւէ վարտիք ու իր մէջքը կտաւէ գօտի կապէ եւ իր գլուխը կտաւէ խոյր դնէ։ Ասոնք սուրբ զգեստներ են. ուստի իր մարմինը ջրով թող լուայ, ապա զանոնք հագնի։
5 Եւ Իսրայէլի որդիներուն ժողովուրդէն մեղքի պատարագի համար այծերէն երկու նոխազ ու ողջակէզի համար մէկ խոյ պէտք է առնէ։
6 Ահարոն իր մեղքի պատարագին զուարակը պէտք է մատուցանէ եւ իրեն համար ու իր տանը համար քաւութիւն ընէ։
7 Երկու նոխազ պիտի առնէ ու Տէրոջը առջեւ վկայութեան խորանին դուռը կեցնէ։
8 Ահարոն այդ երկու նոխազներուն վրայ վիճակ թող ձգէ. մէկ վիճակը՝ Տէրոջը համար ու միւս վիճակը՝ ազատ արձակուելիք նոխազին համար։
9 Ահարոն թող մօտեցնէ այն նոխազը, որուն վրայ Տէրոջը վիճակը ելաւ ու մեղքի պատարագ ընէ զանիկա։
10 Այն նոխազը, որուն վրայ ազատ արձակուելու վիճակը ելաւ, Տէրոջը առջեւ ողջ թող կեցնէ՝ որպէս զի անով քաւութիւն ընէ ու ազատ արձակելու համար դէպի անապատը ղրկէ։
11 Ահարոն իր մեղքի պատարագին զուարակը պէտք է մատուցանէ եւ իրեն համար ու իր տանը համար քաւութիւն ընէ եւ իր մեղքի պատարագին զուարակը մորթէ։
12 Եւ Տէրոջը առջեւ եղած սեղանին վրայէն բուրվառը լեցուն կրակի կայծեր թող առնէ ու բարակ ծեծուած անուշահոտ խունկէն իր ձեռքերը լեցնէ ու վարագոյրէն ներս բերէ։
13 Խունկը կրակին վրայ թող դնէ Տէրոջը առջեւ ու խունկին մուխը վկայութեան վրայի քաւութիւնը պէտք է ծածկէ, որպէս զի չմեռնի։
14 Եւ զուարակին արիւնէն թող առնէ ու իր մատով քաւութեան վրայ արեւելեան կողմը սրսկէ եւ իր մատով արիւնէն քաւութեան առջեւ եօթը անգամ սրսկէ։
15 Ապա ժողովուրդին համար մեղքի պատարագ ըլլալու նոխազը թող մորթէ ու անոր արիւնը վարագոյրէն ներս բերէ եւ ինչպէս զուարակի արիւնովը ըրաւ այնպէս ընէ ասոր արիւնովը, այսինքն քաւութեան վրայ ու քաւութեան առջեւ սրսկէ զայն։
16 Եւ սրբարանին համար քաւութիւն թող ընէ՝ Իսրայէլի որդիներուն անմաքրութիւններէն ու անոնց բոլոր մեղքերուն յանցանքներէն սրբելով զանիկա. այսպէս պէտք է ընէ վկայութեան խորանին համար ալ, որ անոնց հետ ու անոնց անմաքրութիւններուն մէջ կը կենայ։
17 Եւ սրբարանը քաւութիւն ընելու մտած ատեն, մինչեւ որ իրեն համար ու իր տանը համար եւ Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին համար քաւութիւն ընէ ու դուրս ելլէ, վկայութեան խորանին մէջ մարդ մը պէտք չէ ըլլայ։
18 Ետքը Տէրոջը առջեւ եղած խորանէն դուրս ելլէ ու անոր համար քաւութիւն ընէ եւ զուարակին արիւնէն ու նոխազին արիւնէն առնէ եւ սեղանին եղջիւրներուն վրայ շուրջանակի դնէ։
19 Եւ արիւնէն իր մատով եօթը անգամ անոր վրայ պէտք է սրսկէ ու Իսրայէլի որդիներուն անմաքրութիւններէն մաքրէ ու սուրբ ընէ զայն։
20 Եւ սրբարանին ու վկայութեան խորանին եւ սեղանին համար քաւութիւն ընելը լմնցնելէն ետքը, ողջ նոխազը պէտք է մօտեցնէ
21 Եւ Ահարոն իր երկու ձեռքերը ողջ նոխազին գլխուն վրա թող դնէ ու Իսրայէլի որդիներուն բոլոր անօրէնութիւնները եւ անոնց բոլոր յանցանքները եւ բոլոր մեղքերը թող խոստովանի անոր վրայ եւ զանոնք նոխազին գլխուն վրայ դնելով՝ յարմար մարդու մը ձեռքով անապատը ղրկէ։
22 Նոխազը անոնց բոլոր անօրէնութիւնները իր վրայ առած՝ անբնակ երկիր մը թող տարուի եւ մարդը անապատին մէջ թող արձակէ նոխազը։
23 Ահարոն վկայութեան խորանը թող մտնէ ու սրբարանը մտնելու ժամանակ հագած կտաւէ հանդերձները հանէ եւ զանոնք հոն դնէ։
24 Եւ սուրբ տեղը իր մարմինը ջրով թող լուայ ու իր հանդերձները հագնի ու ելլէ իր ողջակէզը ու ժողովուրդին ողջակէզը մատուցանէ ու իրեն համար եւ ժողովուրդին համար քաւութիւն ընէ։
25 Եւ մեղքին պատարագին ճարպը սեղանին վրայ թող այրէ։
26 Եւ ան որ նոխազը արձակելու տարաւ, իր հանդերձները թող լուայ ու իր մարմինը ջրով լուայ, ապա բանակը մտնէ։
27 Եւ այն մեղքին պատարագին զուարակը ու մեղքին պատարագին նոխազը, որոնց արիւնը քաւութիւն ընելու համար սուրբ տեղը բերուեցան, բանակէն դուրս թող հանեն եւ անոնց մորթերն ու անոնց միսերը եւ անոնց աղբը կրակով այրեն։
28 Զանոնք այրողը իր հանդերձները պէտք է լուայ ու մարմինը ջրով լուայ, ապա բանակը մտնէ։
29 Եւ այս ձեզի յաւիտենական կանոն ըլլայ, որ եօթներորդ ամսուն, ամսուան տասներորդ օրը ձեր անձերը պէտք է խոնարհեցնէք ու բնաւ գործ մը չգործէք, թէ՛ բնիկը եւ թէ՛ ձեր մէջ գտնուող օտարականը։
30 Քանզի այն օրը քահանան ձեզի քաւութիւն պիտի կատարէ ձեզ մաքրելու համար, որպէս զի ձեր բոլոր մեղքերէն մաքրուիք Տէրոջը առջեւ։
31 Այն՝ ձեզի հանգստութեան շաբաթ պիտի ըլլայ եւ յաւիտենական կանոնով մը պիտի խոնարհեցնէք ձեր անձերը։
32 Եւ իր հօրը տեղը քահանայութիւն ընելու համար օծուած ու օրհնուած քահանան քաւութիւն պիտի ընէ եւ հագնի կտաւէ հանդերձներ, այսինքն սուրբ հանդերձներ
33 Եւ սուրբ տեղին համար քաւութիւն պիտի ընէ եւ վկայութեան խորանին համար ու սեղանին համար քաւութիւն ընէ եւ քահանաներուն ու բոլոր ժողովուրդին համար քաւութիւն ընէ։
34 Եւ ասիկա ձեզի յաւիտենական կանոն ըլլայ Իսրայէլի որդիներուն համար իրենց բոլոր մեղքերուն քաւութիւն ընելու՝ տարին անգամ մը»։ Եւ Մովսէս Տէրոջը պատուիրածին պէս ըրաւ։