ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27


Գլուխ 13

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին ու Ահարոնին՝ ըսելով.
2 «Եթէ մարդու մը մարմնին մորթին վրայ ուռեցք կամ քոս կամ պաղպաջ ըլլալով՝ անոր մարմնին մորթին վրայ բորոտութեան ախտին պէս նշան մը երեւնալու ըլլայ, այն ատեն անիկա Ահարոն քահանային կամ անոր որդիներէն՝ քահանաներէն՝ մէկուն պէտք է բերուի։
3 Եւ քահանան թող նայի մարմնին մորթին վրայ եղած ախտին նշաններուն ու եթէ ախտին մէջի մազերը ճերմակի դառնալով՝ ախտը մարմնին մորթէն խորունկ երեւնայ, բորոտութեան ախտ է այն։ Քահանան թող նայի անոր ու թող ծանուցանէ անոր անմաքուր ըլլալը՝ ՝։
4 Բայց եթէ անոր մարմնին մորթին վրայի պաղպաջը ճերմակ է ու մորթէն խորունկ չերեւնար եւ մազն ալ ճերմակի դարձած չէ, այն ատեն քահանան եօթը օր գոցուած թող պահէ ախտաւորը։
5 Եւ քահանան եօթներորդ օրը թող նայի անոր ու եթէ ախտը դեռ կը կենայ, բայց մորթին վրայ տարածուած չէ, այն ատեն քահանան եօթը օր ալ գոցուած թող պահէ զանիկա։
6 Եւ քահանան եօթներորդ օրը նորէն թող նայի անոր ու եթէ սպիացած ըլլայ ու մորթին մէջ տարածուած չըլլայ, քահանան թող ծանուցանէ անոր մաքուր ըլլալը՝ ՝։ Ասիկա միայն քոս մըն է եւ անիկա իր լաթերը թող լուայ ու մաքրուի։
7 Բայց եթէ իր մաքրուելուն համար քահանայէն քննուելէն ետքը՝ քոսը մորթին մէջ տարածուի, քահանան նորէն թող նայի անոր։
8 Եւ քահանային նայած ատենը եթէ քոսը մորթին մէջ տարածուած է, այն ատեն քահանան անոր անմաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։ Բորոտութիւն է ատիկա։
9 Եթէ մարդու մը վրայ բորոտութեան ախտը ըլլայ, անիկա քահանային պէտք է տարուի։
10 Եւ քահանան թող նայի եւ եթէ մորթին մէջ ճերմակ ուռեցք կայ ու ճերմակի դարձեր է մազը եւ ուռեցքին մէջ ողջ միսի նշան կայ,
11 Ասիկա անոր մարմնին մորթին վրայ հինցած բորոտութիւն է։ Քահանան անոր անմաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ եւ գոցուած չպահէ զանիկա, վասն զի անմաքուր է։
12 Եթէ բորոտութիւնը մորթին վրայ տարածուեր է ու ախտաւորին բոլոր մորթը գլխէն մինչեւ ոտքը, այսինքն քահանային աչքերուն բոլոր տեսած տեղերը, բորոտութիւնը պատեր է,
13 Եւ քահանան տեսնէ որ բորոտութիւնը անոր բոլոր մարմինը պատած է, այն ատեն ախտաւորին մաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ. քանզի բոլորովին ճերմակ դարձած է։ Անիկա մաքուր է։
14 Բայց երբ անոր վրայ ողջ միս տեսնուի, անիկա անմաքուր պիտի սեպուի։
15 Եթէ քահանան տեսնէ ողջ միսը, անոր անմաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։ Ողջ միսը անմաքուր է. բորոտութիւն է։
16 Իսկ եթէ ողջ միսը փոխուի նորէն ու ճերմակի դառնալու ըլլայ, այն ատեն քահանային թող գայ
17 Եւ քահանան քննէ զանիկա ու եթէ ախտը ճերմակի դարձեր է, այն ատեն քահանան ախտաւորին մաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։ Անիկա մաքուր է։
18 Եթէ մարմնին մորթին վրայ պալար ըլլայ ու առողջանայ
19 Եւ պալարին տեղը ճերմակ ուռեցք կամ քիչ մը կարմրած ճերմակ պաղպաջ մնայ, քահանային թող ցուցուի այն։
20 Եւ երբ քահանան տեսնէ թէ մորթէն ցած կ’երեւնայ եւ մազը ճերմակի դարձած է, քահանան անոր անմաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։ Անիկա պալարէ ելած բորոտութեան ախտ է։
21 Իսկ եթէ քահանան տեսնէ թէ ճերմակ մազ չկայ անոր մէջ ու մորթէն ցած չէ՝ բայց սպիացած է, այն ատեն քահանան եօթը օր գոցուած թող պահէ զանիկա։
22 Եթէ մորթին վրայ տարածուած ըլլայ, այն ատեն քահանան անոր անմաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։ Ախտ է այն։
23 Բայց եթէ պաղպաջը իր տեղը կը կենայ ու չէ տարածուեր, պալարին սպին է. քահանան անոր մաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։
24 Իսկ եթէ մարմնին մորթին վրայ կրակի այրած ըլլայ ու այրածին նշանը՝ ՝ քիչ մը կարմրած ճերմակ պաղպաջ ըլլայ,
25 Քահանան անոր նայած ատենը՝ եթէ պաղպաջին մէջ մազը ճերմակի դարձած է ու մորթէն խորունկ կ’երեւնայ, անիկա այրածէն առաջ եկած բորոտութիւն է։ Քահանան անոր անմաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։ Անիկա բորոտութեան ախտ է։
26 Բայց եթէ քահանային նայած ատենը, պաղպաջին մէջ մազը ճերմակ չէ ու մորթէն խորունկ չէ, հապա սպիացած է, այն ատեն քահանան եօթը օր գոցուած թող պահէ զանիկա։
27 Եօթներորդ օրը քահանան թող նայի անոր. եթէ մորթին մէջ տարածուած է, քահանան անոր անմաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։ Անիկա բորոտութեան ախտ է։
28 Եւ եթէ պաղպաջը իր տեղ կը կենայ ու մորթին վրայ տարածուած չէ, հապա աղօտացած է, անիկա այրածին ուռեցքն է։ Քահանան անոր մաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ. վասն զի այրածին սպին է։
29 Եւ եթէ մարդու մը կամ կնոջ մը գլուխը կամ կզակը ուխտ մը ըլլայ,
30 Քահանան թող քննէ ախտը եւ եթէ մորթէն խորունկ երեւնայ ու անոր մէջ բարակ դեղին մազ ըլլայ, այն ատեն քահանան անոր անմաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։ Անիկա գոնջութիւն է, գլուխի կամ կզակի բորոտութիւն է։
31 Եւ եթէ քահանան գոնջութեան ախտը տեսնէ որ մորթէն խորունկ չերեւնար ու անոր մէջ սեւ մազ չկայ, այն ատեն քահանան գոնջութեան ախտացածը եօթը օր գոցուած թող պահէ։
32 Եօթներորդ օրը քահանան ախտաւորին թող նայի ու եթէ գոնջութիւնը տարածուած չէ եւ անոր մէջ դեղին մազ չկայ ու գոնջութիւնը մորթէն խորունկ չերեւնար,
33 Անիկա թող ածիլուի, բայց գոնջութիւնը թող չածիլէ։ Քահանան եօթը օր ալ գոցուած թող պահէ գոնջութիւն ունեցողը։
34 Եօթներորդ օրը քահանան գոնջութիւն ունեցողը թող քննէ եւ եթէ գոնջութիւնը մորթին մէջ տարածուած չէ ու մորթէն խորունկ չերեւնար, այն ատեն քահանան անոր մաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ եւ անիկա իր լաթերը թող լուայ ու մաքրուի։
35 Բայց եթէ իր մաքրուելէն ետքը գոնջութիւնը մորթին վրայ տարածուի,
36 Այն ատեն քահանան թող նայի անոր եւ եթէ գոնջութիւնը մորթին վրայ տարածուած է, այն ատեն քահանան ա՛լ դեղին մազ թող չփնտռէ։ Անիկա անմաքուր է։
37 Բայց եթէ գոնջութիւնը եղածին պէս կը կենայ եւ անոր մէջ սեւ մազ բուսեր է, գոնջութիւնը բժշկուած է։ Անիկա մաքրուած է, ուստի քահանան անոր մաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։
38 Եթէ մարդ մը կամ կին մը իր մարմնին մորթին վրայ պաղպաջներ, այսինքն ճերմակ պաղպաջներ ունենայ,
39 Այն ատեն քահանան թող քննէ եւ եթէ անոնց մարմիններուն մորթին վրայի պաղպաջները սպիացած ճերմակ ըլլան, ըսել է թէ մորթին մէջ գոյացածը պիսակ է։ Անիկա մաքուր է։
40 Եթէ մարդու մը գլխուն մազը թափելու ըլլայ, անիկա կնտակ է, բայց մաքուր է։
41 Եւ եթէ անոր երեսին կողմէն գլխուն մազերը թափած ըլլան, անիկա ճեղ է, բայց մաքուր է։
42 Բայց եթէ կնտութեան կամ ճեղութեան մէջ քիչ մը կարմրած ճերմակ վէրք ըլլայ, ան, կնտութեանը կամ ճեղութեանը մէջ գոյացած բորոտութիւն է։
43 Այն ատեն քահանան թող նայի անոր եւ եթէ անոր կնտութեանը կամ ճեղութեանը մէջ, վէրքին ուռեցքը քիչ մը կարմրած ճերմակ ըլլայ, մարմնին մորթին վրայ եղած բորոտութեան երեւոյթին պէս,
44 Այն մարդը բորոտ է, անմաքուր է. քահանան անպատճառ անոր անմաքուր ըլլալը թող ծանուցանէ։ Անոր ախտը իր գլխուն վրայ է։
45 Ախտ ունեցող բորոտին հանդերձը թող պատռուի եւ անոր գլուխը մերկ ու անոր շրթունքները ծածկուին եւ ձայն թող տայ թէ՝ ‘Անմաքուր եմ, անմաքուր եմ’։
46 Ախտը իր վրայ եղած բոլոր օրերը անմաքուր պիտի սեպուի. անիկա անմաքուր է, մինակ պէտք է նստի. անոր բնակութիւնը բանակէն դուրս պէտք է ըլլայ։
47 Այն հանդերձը, որուն մէջ բորոտութեան ախտ կայ, բուրդէ հանդերձ ըլլայ, կամ քթանէ հանդերձ,
48 Քթանեղէնի կամ բրդեղէնի առէջի կամ թեզանի մէջ կամ մորթի մէջ եւ կամ մորթէ շինուած ոեւէ բանի մէջ,
49 Այսինքն՝ եթէ հանդերձի կամ մորթի մէջ, կամ առէջի կամ թեզանի մէջ, կամ մորթէ շինուած ոեւէ բանի մէջ քիչ մը կանանչ կամ կարմրած ախտի նշան ըլլայ, բորոտութեան ախտ է, ուստի քահանային թող ցուցուի։
50 Եւ քահանան պէտք է քննէ ախտը ու եօթը օր գոցուած պահէ ախտացեալ բանը։
51 Եօթներորդ օրը ախտացեալ բանին թող նայի. եթէ ախտին նշանը տարածուած է հանդերձի մը մէջ, կամ առէջի կամ թեզանի մէջ, կամ մորթի մէջ եւ կամ գործածուելու համար մորթէ շինուած ոեւէ բանի մէջ, այս ախտը բորբոքած բորոտութիւն է. անմաքուր է։
52 Ուստի անիկա պիտի այրէ բրդեղէն կամ քթանեղէն հանդերձը կամ առէջ կամ թեզանը կամ ոեւէ մորթէ շինուած բանը, որուն մէջ այն ախտը կայ. որովհետեւ բորբոքած բորոտութիւն է ան, կրակով պէտք է այրուի։
53 Եւ եթէ քահանան տեսնէ որ ախտին նշանը հանդերձին մէջ կամ առէջին կամ թեզանին մէջ կամ ոեւէ մորթէ շինուած բանի մէջ տարածուած չէ,
54 Այն ատեն քահանան թող հրամայէ, որ այն ախտացեալ բանը լուան ու նորէն եօթը օր գոցուած պահէ զայն։
55 Ախտացեալ բանին լուացուելէն ետքը եթէ քահանան տեսնէ, որ ախտին նշանը իր գոյնը չէ փոխեր ու ախտը տարածուած ալ չէ, անիկա անմաքուր է. կրակի մէջ պէտք է այրես զայն։ Անոր տակ կամ վրայ փտտութիւն կայ։
56 Եթէ քահանան տեսնէ թէ անոր լուացուելէն ետքը ախտին նշանը սպիացած է, այն ատեն ախտացեալ մասը հանդերձէն կամ առէջէն եւ կամ թեզանէն թող պատռէ։
57 Եւ եթէ հանդերձին մէջ կամ առէջին կամ թեզանին մէջ կամ ոեւէ մորթէ շինուած բանին մէջ նորէն երեւնալու ըլլայ, անիկա տարածուած բորոտութիւն է. վրան ախտ ունեցող բանը կրակի մէջ այրէ՛։
58 Եւ այն հանդերձը կամ առէջը կամ թեզանը, կամ ոեւէ մորթէ շինուած բան, որ լուացուելէն ետքը ախտը անկէ գացած է, նորէն թող լուացուի, որ մաքրուի»։
59 Բուրդէ կամ քթանէ հանդերձի մէջ կամ առէջի կամ թեզանի մէջ կամ մորթէ շինուած ոեւէ բանի մէջ երեւցած բորոտութեան ախտին օրէնքը այս է, անոր մաքուր կամ անմաքուր ըլլալը ծանուցանելու համար։